Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը՝ մեթոտիստ եւ վալտեզ եկեղեցիներու սիւնհոդոսի մասնակիցներուն

Նորին Սրբութեան պատգամը կարդացուած է Սիւնհոդոսի բացման ժամանակ, Էուճէնիօ Պերնարտինիի, Վալտեզ խմբակի վարիչին կողմէ։

Հայր Ներսէս Սագայեան - Վատիկան

L’Osservatore Romano պաշտօնաթերթը հրապարակած է Ֆրանչիսկոս Պապի 21 Օգոստոս 2018 թուակիր պատգամը՝ ուղղուած մեթոտիստ եւ վալտեզ եկեղեցիներու սիւնհոդոսի մասնակիցներուն։ Սիւնհոդոսի բացումը կատարուեցաւ կիրակի, 26 օգոստոսին Թորրէ Փելլիչէի մէջ, 180 մասնակիցներու ներկայութեամբ։
Սրբազան Հայրը կը գրէ՝ «կը ցանկամ սրտագին ողջոյն փոխանցել ձեզի՝ տարեկան Սիւնհոդոսի բացման առիթով։ Կʼուզեմ արտայայտել ձեզի կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ իմ անձնական եղբայրական մօտիկութիւնը։ Կʼապահովցնեմ ձեզի որ պիտի յիշեմ ձեզ աղօթքներուս մէջ, յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնելով Տիրոջ հաւատքի պարգեւին եւ փոխադարձ հասկացողութիւն համար, որ կʼաճի մեր միջեւ։ Կʼաղօթեմ ձեզի համար, եւ կը պատկերացնեմ նաեւ որ կʼաղօթեմ ձեզի հետ, միասնաբար խնդրելով Աստուծմէ, մեր Հօրմէ՝ որ բոլոր Քրիստոնեաները սրտի անկեղծութեամբ կարենան ընթանալ դէպի ամբողջական հաղորդակցութիւն։ Միայն այսպէս, շօշափելի կերպով պատասխանելով Տիրոջ կոչին՝ «ըլլալ մի» (Յովհ ԺԷ. 21), կրնանք աւելի լաւ կերպով հռչակել Աւետարանը։ Կոչուած ենք նուիրուելու Յիսուսի աւետումին, որ պիտի ըլլայ արժանահաւատ եթէ վկայուի կեանքով մը, որ ապրուած է սիրոյ մէջ՝ մասնաւորապէս բազմաթիւ Ղազարոսներու հանդէպ, որոնք այսօր կը բախեն մեր դուռը։ Արդարեւ, ծառայելով այսօրուան մարդուն, պաշտպանելով ամենէն տկարներու արժանապատուութիւնը եւ սատարելով արդարութեան եւ խաղաղութեան յառաջդիմութեան, միասնաբար կը վերածուինք գործաւորներու ա´յն խաղաղութեան, որ Տէրը հռչակեց Զատիկի ժամանակ (հմմտ Յովհ Ի. 19) եւ մեզի թողուց իբր ժառանգութիւն։
Հետեաբար ուրախ եմ ե´ս ալ ձեզի ըսելով՝ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, խաղաղութիւն ձեզի։ Մինչ երախտագիտութեամբ կը պահեմ Արկենթինայի, եւ վերջերս Թորինոյի եւ Հռոմի մէջ մեր հանդիպումներու յիշատակը, կʼարտայայտեմ ձեր սիւնհոդոսական հաւաքին եւ ձեզմէ իւրաքանչիւրին լաւագոյն մաղթանքներս՝ աղօթքի, բաժնեկցումի եւ աշխատանքի այս օրերուն համար։ Մինչ ձեզի համար կը հայցեմ Տիրոջ օրհնութիւնը, կը խնդրեմ ձեզմէ, որ չմոռնաք աղօթել ինծի եւ մեզի՝ ձեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար։»
Նորին Սրբութեան պատգամը կարդացուած է Սիւնհոդոսի բացման ժամանակ, Էուճէնիօ Պերնարտինիի, Վալտեզ խմբակի վարիչին կողմէ։ Սիւնհոդոսը իր աւարտին կը հասնի ուրբաթ, օգոստոս 31ին։ Այս առիթով քննարկուելիք նիւթերն են՝ Եկեղեցւոյ դերը հրապարակային ներկայութեան եւ հասարակական կեանքի մէջ, ծառայութիւն եւ քարոզութիւն, գաղթականութիւն եւ հիւրընկալում, եւ համամիութենականութիւն։ Զեկոյց պիտի ունենայ նաեւ Լոտիի եպիսկոպոս Գերապայծառ Մաուրիցիօ Մալվեսթիթի ընկերակցութեամբ Հայր Քրիսթիանօ Պեթթեկայի՝ տնօրէն իտալական եպիսկոպոսական Ժողովի համամիութենականութեան եւ միջկրօնական երկխօսութեան գրասենեակի։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/08/2018, 13:42