Տիար Փաոլօ Ռուֆինի նշանակուեցաւ Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի նոր կառավարիչ։
Ռոպէր Աթթարեան- Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հինգշաբթի 5 Յուլիս 2018-ին, լրագրող Փաօլօ Ռուֆինին նշանակեց Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի կառավարիչ։
Ռուֆինին մինչեւ օրս կը վարէր Իտալացի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի պատկան «TV2000» հեռուստակայանի տնօրէնի պաշտօնը։
Ան ծնած է Փալերմօ քաղաքին մէջ, 4 հոկտեմբեր 1956-ին, ու իրաւագիտութեան համալսարանական մասնագիտութիւնը աւարտած է Հռոմի Լա Սափիենցա համալսարանին մէջ։ 1979-էն ի վեր կը զբաղի լրագրութեամբ։
1979-1986 աշխատած է «Il Mattino di Napoli» օրաթերթին խմբագրութեան մէջ, ապա 1986-1996 «Il Messaggero» օրաթերթի խմբագրութեան մէջ։ 1996-2002 կը գործակցի իտալական ազգային «RAI» Ռատիովակայանի ինչպէս նաեւ հեռուստակայանի հետ, ապա կ՛անցնի «La 7» հեռուստակայան հուսկ Tv2000 հեռուստակայան։
Որպէս լրագրող արժանացած է լրագրութեան բազմաթիւ մրցանակներու։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ