Քարմելօ Տիրամօր փոքրիկ արձանը Քարմելօ Տիրամօր փոքրիկ արձանը 

Քարմինէ Տիրամօր տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը:

Մարեմեան բարեպաշտութեան աւանդութեան արմատները կը գտնենք Տիրամօր ծնունդէն ինը դար առաջ՝ Սուրբ Գիրքին մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Այսօր՝ 16 յուլիսին, Լատին եկեղեցւոյ ծէսին համաձայն տօնն է «Քարմինէի Տիրամօր»: Հնաւուրց բարեպաշտութիւնն մը, որուն արմատները կը գտնենք Սուրբ Գիրքի մարգարէներուն գիրքին մէջ:

Այս առիթով Ֆրանչիսկոս Պապ իր այսօրուան հրապարակած թութին մէջ կը գրէ.

«Սուրբ Կոյս Մարիամը, Քարմելոյի Թագուհին՝ ընկերանայ ձեր քայլերուն՝ դէպի Աստուծոյ լեռը առաջնորդող ամենօրեայ ուղեւորութեան»:

Մարեմեան բարեպաշտութեան աւանդութեան արմատները կը գտնենք Տիրամօր ծնունդէն ինը դար առաջ: Իսրայէլի առաջին մարգարէ՝ Եղիան, Քարմելօ անուան լերան վրայ բնակչութիւն հաստատած ժամանակ, տեսիլքի մը մէջ կը տեսնէ Սուրբ Կոյս Մարիամը, որ ամպերուն վրայէն բարձրանալով իր հետ կը բերէ նախախնամական անձրեւ մը, փրկելով Իսրայէլը՝ չորութեան աղէտէն :

Առաջին դարերուն Քարմթեիթեան վանականները լեռ բարձրանալով հոն կառուցած են Տիրամօր նուիրուած փոքրիկ մատուռ մը:

Քարմելօ Տիրամօր փոքրիկ արձան մը այժմ պահպանուած է նաեւ Հռոմի «Թրասթեւերէ շրջանի Սրբուհի Ակաթա անուան եկեղեցւոյ մէջ: Աւանդութեան համաձայն Տիրամայրը իր բազուկներուն մէջ չի կրեր փոքրի մանուկ մը այլ անոր ձեռքերը ուղղուած են դէպի վար եւ հագած Քարմելիթեան ուխտի զգեստները:

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապ մեծ բարեպաշտութիւն ունէր Տիրամօր հանդէպ : Ան Քարմելօ Տիրամօր արտասանած աղօթքին մէջ ըսած է «Հաշտեցուր եղբայրները եղբայրական ողջագուրումով մը , թող անհետանան ատելութիւններն ու սրտնեղութիւնները, թող վերացուին բաժանումներն ու պատնէշները, թող անհետանան հակամարտութիւնները եւ ամոքուին վէրքերը»:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/07/2018, 13:30