Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 15 Յուլիսի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Ոչ մէկ քրիստոնեայ Աւետարանը կը քարոզէ «անձնական» ձեռնարկով, այլ միայն որպէս ուղարկուած Եկեղեցիէն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի՝ 15 Յուլիս 2018-ի կէսօրին, Ֆրանչիսոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գտնուող 15 հազարէ աւելի հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Աղօթքի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը սովորութեան համաձայն մեկնաբանեց օրուան աւետարանական ընթերցումը՝ քաղուած Մարկոս Աւետարանիչէն  (գլ. 6, 7-12) ուր կը խօսուի  տասներկու առաքեալներու առաքելութեան մասին։

Ունկնդրէ լուրը

Յիսուս կոչելէ ետք իր մօտ Տասներկուքը, զանոնք առաքելութեան կ՛ուղարկէ երկո՝ երկու։«Փորձառութեան շրջան մըն է այս, ի տես այն առաքելութեան որուն կոչուած էին առաքեալները Տիրոջ Յարութենէն ետք» դիտել տուաւ Քահանայապետը մատնանշելով Աւետարանի մէջ նշուած «առաքելութեան տիպարին» որ կարելի է եզրակացնել, ըսաւ Ան, երկու կէտերու մէջ. Առաքելութեան  կեդրոնը եւ առաքելութեան դիմագիծը։   

Առաքեալ աշակերտը նախ եւ առաջ ունի կեդրոն մը որ է Յիսուսի անձը։ Ան է որ իրեն կը կոչէ առաքեալը, զայն կ՛առաքէ, անոր կու տայ իշխանութիւն… այնպէս որ Տասներկուքի գործը ծնունդ կ՛առնէ կեդրոնէ մը՝ ու այս կը նշանակէ թէ առաքեալները կը քարոզեն ու կը գործեն, ոչ իրենց սեփական ուժերով այլ որպէս Յիսուսի պատգամաւորներ։

«Աւետարանական այս հատուածը կը հայի նաեւ մեզի» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը, «ոչ միայն քահանաներուս այլ բոլոր մկրտուածներուն որ կոչուած են վկայելու Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ։  Մեզի համար եւս այդ առաքելութիւնը կը դառնայ իսկական՝ միայն երբ ան կը մեկնարկէ կեդրոնէն որ է Յիսուս։ Ոչ մէկ քրիստոնեայ Աւետարանը կը քարոզէ «անձնական» ձեռնարկով, այլ միայն որպէս ուղարկուած Եկեղեցիէն որ իր կարգին այդ պարտականութիւնը ստանձնեց Քրիստոսի կողմէ» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով թէ Մկրտութիւնն է որ մեզ միսիոնար կը դարձնէ ու այն մկրտուած անձը որ կարիքը չի զգար Աւետարանը հռչակելու ու հռչակելու Յիսուսը՝ բարի քրիստոնեայ մը չէ։

Անդրադառնալով երկրորդ կէտին որ է առաքելութեան դիմագիծը եւ որ կը կայանայ «աղքատ միջոցներ» ունենալու մէջ,  Քահանայապետը շեշտը դրաւ Յիսուսի խօսքերուն վրայ երբ իր աշակերտներուն պատուիրեց ճամբորդութեան համար բան չի տանիլ իրենց հետ, այլ միայն գաւազանն ու հողաթափը, ոչ հաց, ոչ դրամ, ոչ ալ գօտի։

Տէրը կ՛ուզէ որ անոնք ըլլան ազատ ու վստահ միայն այն սիրով որով Տէրը զանոնք կ՛առաքէ։ «Գաւազանն ու հողաթափը ուխտաւորներու պիտոյքներն են ու այդպէս են նաեւ Աստուծոյ  պատուիրակները» ըսաւ Սրբազան Պապը ու ակնարկեց Հռոմի Թեմին սուրբերուն որոնք գործակալներ չէին, ըսաւ Ան, այլ Աստուծոյ Արքայութեան մէջ հլու աշխատաւորներ, ապա հաստատեց  թէ  «այս է առաքութեան ու պատգամին դիմագիծը, ուր կայ նաեւ ձախողութեան փորձառութիւն» ինչպէս պատահեցաւ Յիսուսին երբ մերժուեցաւ ու խաչուեցաւ։

«Միայն Անոր հետ միութեամբ է որ մենք կրնանք գտնել աւետարանութեան քաջութիւնը» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզ օգնէ աշխարհին մէջ տարածելու համար Աւետարանին պատգամը՝ խոնարհ ու պայծառ ուրախութեամբ, մերժումներէն, անհասկացողութիւններէն ու բոլոր նեղութիւններէն անդին»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/07/2018, 18:06