Ֆրանչիսկոս Պապը Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը «Թանկարժէք Արեան» միաբանութեան անդամներուն։

Քրիստոնէական վկայութեան իսկական ուժը կու գայ նոյնինքն Աւետարանէն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 30 Յունիս 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց «Թանկարժէք Արեան» միաբանութեան Ընտանիքներու կողմէ կազմակերպուած հաւաքի 3000 հազար մասնակիցներուն ու այս առթիւ անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ, Ան շեշտը դրաւ «Քրիստոսի Արեան» ժողովրդային բարեպաշտութեան ու անոր վերապահուած սիրոյն վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

«Քրիստոնէութեան սկիզբէն ի վեր, Քրիստոսի Արեան սիրոյ խորհուրդը հրապուրեց բազմաթիւ անձեր» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ու «նոյնը ըրին նաեւ ձեր միաբանութիւններու հիմնադիրները, որոնք այս մէկը վերածեցին սահմանադրութեան հիմք, որովհետեւ հաւատքի լոյսով՝ հասկացան թէ՝  Քրիստոսի Արիւնը աղբիւր է աշխարհի  փրկութեան»։

«Աստուած ընտրեց արեան նշանը որովհետեւ չկայ աւելի խօսուն նշան արտայայտելու համար ուրիշներու նուիրուած  կեանքի գերագոյն սէրը» յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը, դիտել տալով թէ «Քրիստոսի զոհաբերումի մասին խոկումը, մեզ կը մղէ կատարելու ողորմութեան գործեր, մեր կեանքը նուիրելով Աստուծոյ ու մեր եղբայրներուն»։ Ան ապա այս ծիրէն ներս ընդգծեց ներկաներուն՝ եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան ի սպաս ծառայութեան կարեւորութիւնը եւ ասկէ մեկնելով առաջարկեց երեք իրողութիւններ. ճշմարտութեան քաջութիւնը, բոլորին հանդէպ ուշադրութիւն, յատկապէս հեռաւորներուն, ապա հրապուրելու ու հաղորդելու կարողութիւնը։

«Հարկաւոր է ըլլալ արի մարդիկ, կառուցել քաջ հասարակութիւններ, որոնք վախ չունին հաստատելու Աւետարանի արժէքներու՝ աշխարհի եւ մարդուն նկատմամբ ճշմարտութիւնը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, հաստատելով թէ «Յիսուսի աշակերտներուն վկայութիւնը կանչուած է ըլլալու ազդեցիկ ու փոխելու մարդոց կեանքն ու սրտերը»։

Անդրադառնալով ապա երկրորդ երեւոյթին՝ «ուշադրութիւն վերապահել բոլորին ու յատկապէս հեռաւորներուն» Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց թէ բոլորն ալ Յիսուսին բարութեան հասցէատէրեր են, մօտիկները ու  մասնաւորապէս հեռաւորները, եւ ասոր համար հարկաւոր է գտնել պատշաճ ձեւեր՝ այդ մարդիկը մօտեցնելու Քրիստոսին, հետեւելով Յիսուսի օրինակին երբ կը քալեր Պաղեստինի ճանապարհներուն վրայ, հռչակելով Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։

«Ջանք դափեցէք ըլլալու ճամբաներու վրայ քալող Եկեղեցի մը, որ կը գտնուի մարդոց միջեւ, կիսելով անոնց ուրախութիւններն ու յոգնութիւնները» թելադրեց Սրբազան Պապը ու ակնարկեց երրորդ երեւոյթին. «կարողութիւն ունենալ հաղորդելու ու հրապուրելու», քարոզութեան ու վկայութեան միջոցաւ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ Աւետարանն ու Սուրբ Հոգին կը յառաջացնեն խօսքեր եւ արարքներ, որոնք սրտերը կը բոցավառեն ու զանոնք կ՛օգնեն բացուելու Աստուծոյ եւ մերձաւորուին։ Ան ապա հրաւիրեց այս ծիրէն ներս եւս հետեւելու Յիսուսի օրինակին ու անոր ողորմած հայեացքին՝ ուղղուած բոլորին անխտիր։

«Սակայն չի մոռնանք որ քրիստոնէական վկայութեան իսկական ուժը կու գայ նոյնինքն  Աւետարանէն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ «Քրիստոսի մէջ է որ մենք կը գտնենք  մեր էութեան հաստատ սկզբունքը, Ան է մեր հիմնական ու վերջնական յոյսը»։

Քահանայապետը խրախուսեց ներկաները առաջնութիւն տալու աղօթքին, Աստուծոյ Խօսքին ունկնդրութեան ու խորհրդածութեան ինչպէս նաեւ հնազանդելու Սուրբ Հոգւոյն ձայնին։

«Թող ձեր մէջ աճի հաղորդութիւնն ու համագործակցութիւնը որպէսզի Տիրոջմէ ընդունած առաքելական հրահանգը կարողանայ հոգեւոր արատ պտուղներ պարգեւէ՝ ի նպաստ Աստուծոյ համայն ժողովուրդին» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը ու խօսքը եզրափակեց ներկաներէն խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար ապա բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/06/2018, 12:00