Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Գերմանիոյ Լուտերական Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Գերմանիոյ Լուտերական Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Գերմանիոյ Լուտերական Եկեղեցւոյ մէկ պատուիրակութիւնը:

Որպէս քրիստոսներ, կաթողիկէ կամ լուտերական, կանչուած ենք ամենէ առաջ իրար սիրելու՝անկեղծ սիրով։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 4 Յունիս 2018-ի առաւօտեան, ի շարս պաշտօնական այլ հանդիպումներու, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց  Գերմանիոյ Լուտերական Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէկ պատուիրակութիւնը եւ այս առթիւ ներկաներուն արտասանած իր ողջոյնի խօսքին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը վերյիշեց Լուտերական Բարեկարգումի 500-րդ տարեդարձին առթիւ կայացած միասնական տօնախմբութիւնները, «եղբայրական հաղորդութեան մթնոլորտի մէջ , հակառակ պատմութեան հոլովոյթին տեղի ունեցող հակառակութիւններուն», ըսաւ Ան, մատնանշելով թէ վերջին 50 տարիներուն երկու եկեղեցիներու միջեւ հաղորդութիւնը աճ արձանագրեց, շնորհիւ նաեւ Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեան, եղբայրական հանդիպումներուն, ու Աւետարանի տրամաբանութեամբ ապրուած իրողութիւններուն, որոնց միջոցաւ յաղթահարուեցան անցեալի նախապաշարումները։

«Աստուծոյ օգնութեամբ կը մաղթենք տարբերութիւնները շրջանցող ապագայ մը» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը նշելով թէ «Լուտերական Բարեկարգումը կը հաստատէ թէ համամիութիւնը պիտի շարունակէ յատկանշել մեր ընթացքը» ու թէ այդ ընթացքը միշտ աւելիով դարձած է պահանջ եւ իղձ։ Այս ուղղութեամբ Սրբազան Հայրը մատնանշեց աղօթքի կարեւորութեան, որպէսզի անոր միջոցաւ «Սուրբ Հոգին լուսաւորէ մեր ճանապարհն ու քայլերը»։

Այդ Սիրոյ Հոգին որ մեզ կը մղէ սիրոյ ճանապարհին վրայ որովհետեւ, որպէս քրիստոսներ, կաթողիկէ կամ լուտերական,  կանչուած ենք ամենէ առաջ իրար սիրելու, անկեղծ սիրով, ու կանչուած ենք միասին սփոփելու կարիքաւորներու ու հարստահարուածներու ցաւերը։ «Թիկունք կանգնինք մէկը միւսին, յառաջ տանելով նաեւ աստուածաբանական երկխօսութիւնը» կոչ ուղղեց Սրբազան Պապը  հրաւիրելով շարունակել ընթացքը միշտ հայեացքը սեւեռելով Աստուծոյ վրայ։

Թող որ Տէրը մեզ առաջնորդէ, որպէսզի մեր քրիստոնեայ ըլլալը միշտ աւելիով կեդրոնացած ըլլայ Անոր վրայ» ըսաւ հուսկ Սրբազան Հայրը ու խօսքը աւարտեց ներկաներուն վրայ հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրբ Հոգւոյն գալուստը՝ որպէսզի «միացնէ այն ինչ որ տակաւին բաժնուած է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրելով ներկաները միասին աղօթել Հայր Մեր Տէրունական աղօթքը

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/06/2018, 11:00