Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Նախագահ Մաքրոն Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Նախագահ Մաքրոն 

Ֆրանսայի նախագահ՝ Էմմանուել Մաքրոնը Վատիկանի մէջ։

Նախագահ Մաքրոն Սրբազան Պապին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք հանդիպեցաւ Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փարոլինի հետ

 Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

26 յունիս 2018-ի առաւօտեան 10.30 անց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդուեց Ֆրանսայի նախագահ՝ Տիար Էմմանուէլ Մաքրոնը, անոր կողակիցը եւ իրենց ընկերացող պատուիրակութիւնը։

Նախագահը հուսկ 14.30-ին պիտի այցելէ Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Տաճարը, ստանձնելու համար Ֆրանսայի նախագահներուն վերապահուած «Լատերանի կանոնիկոսի» պատուոյ տիտղոսը։

Նախագահ Մաքրոն Սրբազան Պապին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք, հանդիպեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ։

Քահանայապետին ու Կարդինալ Փարոլինի հետ ունեցած հանդիպումներու ընթացքին քննարկումներու ու բանակցութիւնները նիւթ հանդիսացան երկու երկիներու միջեւ տիրող բարի յարաբերութիւնները ու եկեղեցւոյ յանձնառումը ի նպաստ Երկրի հասարակաց բարիքին։ Խօսուեցաւ ապա բնապահպանութեան, գաղթականութեան ու հակամարտութիւնները կանխարգիլելու ու զանոնք լուծելու հարցերու մասին, ինչպէս նաեւ զինաթափումի հարցի մասին։

Զրոյցներու նիւթ հանդիսացաւ նաեւ Միջին Արեւելիքի ու Ափրիկէի որոշ շրջաններու մէջ հակամարտութեան իրավիճակները, ինչպէս նաեւ միասնական խորհրդածութիւն կատարուեցաւ Եւրոպայի ծրագրին հենակներու շուրջ։

Լատերանեան Պազիլիքայի մէջ նախատեսուած արարողութիւնը  սկիզբ կ՛առնէ Հռոմի Թեմի Քահանայապետական տեղակալ՝ Կարդինալ Տէ Տոնաթիսի ողջոյնի խօսքով, որուն կը յաջորդէ աղօթք մը, ապա սուրբ գրային ընթերցումը։ Նախագահ Մաքրոն հուսկ կ՛ուղղուի Պազիլիքայի  «Քոլոննա» մատուր, ուր կը ստորագրէ տիտղոսին հայող փաստաթուղթերը։

Նշենք թէ սոյն պատուոյ տիտղոսը վերապահուած է բոլոր Ֆրանսայի նախագահներուն ու սկիզբ առած է Հենրիկոս Դ թագաւորի օրով, տրուած ըլլալով որ թագաւորը մեծաքանակ նուէրներ տրամադրած էր Պազիլիքային ու Պազիլիքայի կանոնիկաժողովը Թագաւորին պարգեւած էր «Կանոնիկոսի» պատուոյ տիտղոսը, անոր իրաւունք տալով նոյնիսկ որ  ձիով մուտք գործէր եկեղեցի։  Սոյն առանձնաշնորհումը ապա փոխանցուեցաւ Ֆրանսայի բոլոր կառավարիչներուն։

Նշենք թէ ամէն տարուայ դեկտեմբեր 13-ին, Սուրբ Հենրիկոսի տօնին օրը, Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի պազիլիքային մէջ պատարագ կը մատուցի Ֆրանսայի համար։ Յայտնենք նաեւ թէ սոյն պատուոյ տուչութեան արարողութիւնը մոռացութեան մատուեցաւ Ֆրանսայի Գ հանրապետութեան շրջանին ապա Դ հանրապետութեան ընթացքին դարձեալ ի գործ դրուեցաւ Ռընէ Քոթիի նախագահութեան օրով 1957-ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2018, 11:41