Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը:

«Ո՞վ կը կարծեն մարդիկ թէ ըլլայ Մարդու Որդին եւ դուք ո՞վ կը կարծէք որ ես ըլլամ»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 29 յունիս 2018-ին, Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերուն տօնին առիթով, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ մատուցած Սուրբ Պատարագի աւարտին ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետ Վատիկանի Առաքելական պալատին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն առթիւ ներկայացուցած խորհդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան տօնին ու աւետարանական ընթերցումին վրայ ըսելով. «Այսօր Հռոմի եւ համայն աշխարհի մէջ ուխտաւոր եկեղեցին կ՝ուղղուի դէպի Իր հաւատքի արմատները եւ կը նշէ Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնը»։ «Այդ առաքեալներուն աճիւնները պահպանուած են Անոնց նուիրուած երկու տաճարներուն մէջ, որոնք շատ սիրելի են Հռոմէացիներեուն եւ անթիւ ուխտաւորներուն,որոնք ամէն վայրերէն եկած են զիրենք մեծարելու» յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու մատնանշեց այսօրուան աեւտարանին քաղուած Մատթէոս աեւտարանիչէն, ուր Յիսուս առաքեալներուն կ՝ուղղէ երկու հարցումներ«Ո՞վ կը կարծեն մարդիկ թէ ըլլայ Մարդու որդին եւ դուք ո՞վ կը կարծէք որ ես ըլլամ»։ Այս հարցումներէն մեկնելով Սրբազան Հայրը վերյիշեց Սուրբ Պետրոսի պատասխանը հաստատելով թէ « այսօր եւս կ՝արձագանգէ պարզ եւ յստակ Սուրբ Պետրոսի խոստովանանքը՝ «դուն ես Քրիստոսը Աստուծոյ կենդանի Որդին»։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ Յիսուսի Սուրբ Պետրոսի տուած պատասխանին «դուն ես Պետրոսը եւ այս ժայռին վրայ պիտի կառուցեմ իմ եկեղեցիս» ու այս առնչութեամբ նշեց թէ այս առաջին անգամն է, որ Յիսուս կ՝արտասանէ եկեղեցի բառը եւ զայն կը կատարէ արտայայտելով իր ամբողջ սէրը անոր նկատամամբ, զայն սահամանելով որպէս «իմ եկեղեցիս»- նոր ուխտի հասարակութիւնը մը որ այլեւս չէ հիմնուած օրէնքի վրայ այլ Իրեն հանդէպ հաւատքի վրայ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հայցեց Տիրամօր բարեխօսութիւն որպէսզի մեզ օգնէ միշտ հաւատարիմ մնալու Աւետարանին։ Խորհրդածութեան աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ արտասանեց Մարեմեան Աղօթքը ապա ողջողնի խօսք ուղեղով հրապարակը համախմբուած հաւատացեաներուն ըսաւ. «Այսօր առաւօտուն, Հոս Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Սուրբ Պատարագ մատուցեցի նորանշանակ կարդինալներուն հետ միասին եւ եմիփորոններ օրհնեցի ու զանոնք յանձնեցի վերջերս անուանուած Մետրպոլիտ արքեպիսկոպոսներուն:

«Թող անոնք միշտ խանդավառութեամբ ու վեհանձնութեամբ ապրին իրենց Աւետարանի եւ Եկեղեցւոյ ծառայութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ Կ .Պոլոս Տիեզերական պատրիարքութեան պատուիրակութեան անդամներուն որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին հոգեւոր արարողութեան այս մէկը նկատելով նշան հաղորդութեան եւ եղբայրութեան ուղեւորութեան, որ Փառք Աստուծոյ կը յատկանշէ երկու եկեղեցիները» ըսաւ Ան,  հուսկ ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը գտնուող օտարերկեայ եւ Իտալացի ուխտաւորները յատուկէն Հռոմի հաւատացեալները, անոնց Պաշտպան Սուրբերուն Տօնին առիթով ու բոլորին մաղթեց բարի տօնակատարութիւն խնդրելով, որ չի մոռնան աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/06/2018, 11:57