Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին Եմենի ու Փախստականներու Օրուան հայող կոչերը։

Մեզմէ իւրաքանչիւրս եւս կանչուած է մօտիկ ըլլալու փախստականներուն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 17 յունիս 2018-ին,  իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները, անդրադարձ կատարեց  Եմենի մէջ տեղի ունեցող բախումներուն, ու այս ուղղութեամբ կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան, ամէն ջանք դափելու՝ կողմերը մղելու բանակցային սեղան, խուսափելով իրավիճակի վատթարացումէն։  Նորին Սրբութիւն ապա հրաւէր ուղղեց հաւատացեալներուն միասին աղօթելու «Ողջոյն քեզ Մարիամ» աղօթքը՝ Եմենի դիտաւորութեամբ։

Ան ապա վերյիշեց որ յառաջիկայ չորեքշաբթի օր պիտի նշուի ՄԱԿԻ կողմէ հաստատուած փախստականներու միջազգային օրը, որով հրաւէր կ՛ուղղուի յատուկ ուշադրութիւն մատուցելու մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, որոնք ստիպուած են փախուստ տալ իրենց քաղաքներէն՝ հակամարտութիւններու եւ հալածանքներու  բերումով, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու ակնարկեց այս ուղղութեամբ Պետութիւններու միջեւ ընթացք առած  բանակցութիւններուն, ի նպաստ «փախստականներու հայող միջազգային դաշինքի մը»,  եւ այս առընչութեամբ մաղթեց որ բոլոր դերակատար կողմերը յանգին պատասխանատու եւ մարդկային որոշումի մը, իրենց երկիրը ստիպողական կերպով թողած անձերուն ապահովելու համար խնամք ու պաշտպանութիւն։

«Մեզմէ իւրաքանչիւրս եւս կանչուած է մօտիկ ըլլալ փախստականներուն», ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը, խրատելով «անոնց հետ շփուիլ, արժեւորել անոնց նպաստը ու այնպէս ընել որ անոնք աւելի հեշտ կերպով ներառուին ընկերութեան մէջ»։

«Այս հանդիպումի ու փոխադարձ հասկացողութեան ու յարգանքի մէջ կը կայանայ բազմաթիւ հարցերու լուծումը» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ։

 

Ունկնդրէ լուրը

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/06/2018, 12:30