Զուիցերական դրօշը Զուիցերական դրօշը 

Համամիութիւնը առանցքը կը կազմէ Պապին Ժընեւ կատարելիք այցելութեան:

Քահանայապետը կ՛այցելէ Եկեղեցիներու համաշխարհային Խորհուրդի կեդրոնատեղիին, հիմնադրութեան 70-րդ տարեդարձին առիթով։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յառաջիկայ 21 յունիսին Ժընեւ կատարելիք միօրեայ ուխտագնացութեան յայտագիրը, որուն առթիւ Ան յատուկ այցելութիւն պիտի կատարէ Եկեղեցիներու համաշխարհային Խորհուրդի կեդրոնատեղիին, անոր հիմնադրութեան 70-րդ տարեդարձին առիթով։

Ըստ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան, Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանէն կը մեկնի առաւօտեան կանուխ՝ ուղղուելով Ֆիումիչինօ օդակայան որտեղէն օդանաւով կը փոխադրուի Ժընեւ ուր ժամանումը նախատեսուած է առաւօտեան 10.10 անց։

Ժընեւի միջազգային օդակայանին մէջ կայացած բարի գալուստի պաշտօնական արարողութենէն ետք, Նորին Սրբութիւնը առանձնական հանդիպում կ՛ոտնեայ Զուիցերիոյ Դաշնութեան նախագահ՝ Տիար Ալէն Պերսեթի հետ, ապա կ՛ուղղուի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի համամիութենական կեդրոն, ուր ժամը 11.15-ին տեղի կ՛ունենայ համամիութենական աղօթք, որուն ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը կը ներկայացնէ աւուր պատշաճի քարոզը, որմէ ետք  վերոնշեալ Խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ միասին կը բաժնեկցի եղբայրական ճաշը, հուսկ յետմիջօրէին՝ իր մասնակցութիւնը կը բերէ այլ համամիութենական հանդիպումի մը, որուն առթիւ Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամը կ՛ուղղէ ներկաներուն եւ որուն աւարտին Ան «Palaxpo» համալիրին մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, եզրափակելով իր այդ միօրեայ ուխտագնացութեան օրակարգը, ու երեկոյեան 8-ին՝ Ժընեւի օդակայանէն մեկնելով կը վերադառնայ Հռոմ ուր ժամանումը նախատեսուած է երեկոյեան 21.40-ին՝ Չամփինօ օդակայան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2018, 12:06