Ֆրանչիսկոս Պապ բացումը կատարեց Պուէնըս Այրէսի «Սքոլասի» նոր կեդրոնին Ֆրանչիսկոս Պապ բացումը կատարեց Պուէնըս Այրէսի «Սքոլասի» նոր կեդրոնին 

Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Վատիկանի մէջ «Աքոլաս Օքուրենթէս»ի կեդրոնին։

«Երազելու եւ յուսալու կարողութիւնը երբեք յուսալքումի չի մատներ, այլ կը մղէ յառաջ ընթանալ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 11 մայիս 2018-ի յետմիջօրէի 4-ին, Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց Սան Քալիսթօ Պալատին մէջ կեդրոն հաստատած՝  «Աքոլաս Օքուրենթէս»  ցանցային քահանայապետական հիմնարկը, ուր նախ հանդիպում ունեցաւ հաստատութեան «կազմաւորիչ» մարմնի նոր ու երիտասարդ անդամներուն հետ, ապա տեսաժողովի միջոցաւ բացումը կատարեց հիմնարկի երկու նոր կեդրոններու՝  մէկը Արժանթինի մէջ, իսկ միւսը Ափրիկէի մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր այս այցելութեամբ փակումը  կատարեց նաեւ  «Սքոլաս Օքուրենթէս»ի նախաձեռնութեամբ  անցեալ երկուշաբթի օր սկիզբ առած երիտասարդութեան միջազգային հաւաքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի զանազան երկիներէ ժամանած 100 երիտասարդներ։

Երիտասարդներուն ուղղած իր սրտաբուխ խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց զանոնք «երազելու» արթուն վիճակի մէջ ու խրախուսեց միշտ կառչած մնալ իրենց արմատներուն։

Ունկնդրէ լուրը

«Երազելու եւ յուսալու կարողութիւնը երբեք յուսալքումի չի մատներ, այլ կը մղէ յառաջ ընթանալ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով թէ «կեանքի համար հարկաւոր է միշտ պայքար մղել, արկածախնդիր ըլլալ՝ սակայն խոհեմութեամբ»։ Խոհեմութիւն որ ըլլայ ուղեցոյց մը՝ ուղիղ ճանապարհը չի կորսնցնելու համար։

Ակնարկելով արմատներուն Սրբազան Պապը հաստատեց թէ «աշխարհը, պատմութիւն, երիտասարդներուն ծնունդին հետ չեն սկսած, ու թէ կան արմատներ, որոնք կերտեցին անոնց ժողովուրդներուն ինքնութիւնը, եւ զգուշացուց ներկաները ոտնակոխ չընելու այդ արմատները, «ապա թէ ոչ կարող էք տապալիլ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ յանձնարարելով նաեւ՝ նայելու օգնութեան կարիք ունեցող անձերու աչքերուն մէջ, նախ քան անոնց օգնութիւն մատուցելը, ապա հրաւիրեց վհատութեան չի մատնուիլ ու իրենք զիրենք յաղթահարուած չի նկատել նախ քան փորձառութիւնը ապրիլը, «աւելի լաւ է վիրաւոր երիտասարդութիւն մը, քան անփորձ երիտասարդութիւն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ,  յորդորելով Սքոլաս Օքուրենթէսի անդամներուն կրկնապատկուելու այն բոլոր բարի բաները որ ընդունեցան, մնալով միշտ միացած, որովհետեւ, ըսաւ Սրբազան Պապը, նոյնիսկ ցաւերը եթէ ապրուին միացած ու բաժնեկցութեամբ, նուազ ծանրաբեռ կը դառնան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2018, 08:50