Տուպլինի մէջ ընտանիքներու համաշխարհային հաւաք Տուպլինի մէջ ընտանիքներու համաշխարհային հաւաք 

Ֆրանչիսկոս Պապ լիակատար ներում շնորհեց ընտանիքներու համաշխարհային հաւաքին առիթով:

Ֆրանչիսկոս Պապ լիակատար ներում կը շնորհէ ընտանիքներու համաշխարհային հաւաքի իրենց մասնակցութիւնը բերող հաւատացեալներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ լիակատար ներում կը շնորհէ յառաջիկայ 21- 26 օգոստոս 2018-ին, Տուպլինի մէջ ընտանիքներուն համաշխարհային հաւաքի իրենց մասնակցութիւնը բերող բոլոր հաւատացեալներուն:
Այս մասին յայտնած է Առաքելական ատեանը յատուկ հրամանագիրի մը որդեգրումով «Եկեղեցւոյ Մայր» Աստուածամօր Սուրբ Կոյս Մարիամի ծիսական տօնին առիթով:

Առաքելական հրամանագիրին մէջ նշուած է ֆրանչիսկոս Պապ լիակատար ներում կը շնորհէ այն հաւատացեալներուն, որոնք իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն համաշխարհային ընտանիքի հաւաքի արարողութիւններու մէկուն՝ կամ ալ համաշխարհային հաւաքի եզրափակիչ արարողութեան, պայմանով որ հաւատացեալը խոստովանած ըլլայ իր մեղքերը, ստացած ըլլայ Սուրբ Հաղորդութիւն եւ ի վերջոյ աղօթէ ֆրանչիսկոս Պապի դիտաւորութեան:

Ֆրանչիսկոս Պապ լիակատար ներում կը շնորհէ նաեւ այն հաւատացեալներուն, որոնք կարողութիւն չունին ֆիզքապէս ներկայ գտնուելու Տուպլինի արարողութիւններուն պայմանով որ այդ հաւացեալները հեռատեսիլէն կամ Ռատիոյէն հոգեպէս միանան Տուպլինի արարողութիւններուն եւ իրենց ընտանիքներուն մէջ աղօթեն Տէրունական հայր մեր աղօթքը, հաւատամքը եւ այլ աղօթքներ՝  հայցելով Աստուածային ողորմութենէն մեղքի քաւութիւն, յատուկէն՝ հեռատեսիլէն կամ Ռատիոէն ՝ ֆրանչիսկոս Պապի պատգամի սփռումի ժամանակ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2018, 11:32