Միսիոներական համաշխարհային օր Միսիոներական համաշխարհային օր 

Միսիոներական համաշխարհային օրուայ Քահանայապետական պատգամ։

«Երիտասարդներուն հետ միասին Աւետարանը տանինք բոլորին»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սիրելի երիտասարդներ, ձեր հետ միասին կ՛ուզեմ խորհրդածել Յիսուսին մեզի յանձնած առաքելութեան մասին։ Ձեզի դիմելով կ՛ուզեմ ներգրաւել բոլոր քրիստոնեաները որոնք Եկեղեցւոյ մէջ կ՛ապրին իրենց Աստուծոյ զաւկի գոյութեան արկածախնդրութիւնը։ Այն ինչ որ զիս կը մղէ խօսելու բոլորին, ձեր հետ զրուցելով, այն վստահութիւնն է թէ՝ քրիստոնէական հաւատքը կը մնայ միշտ երիտասարդ, երբ կը բացուի Քրիստոսի մեզի յանձնած առաքելութեան։

«Առաքելութիւնը երիտասարդ կը դարձնէ հաւատքը» կը գրէր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ, Քահանայապետ մը որ շատ կը սիրէր երիտասարդները ու նուիրուեցաւ անոնց»։ Այս տողերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը սկսի, 20 մայիս 2018 թուակիր եւ 21 հոկտեմբերին նշուող Միսիոներական համաշխարհային օրուան առթիւ հրապարակած պատգամը, որ լոյս տեսաւ Շաբաթ 19 մայիս 2018-ին, Հոգեգալստեան տօնին նախօրեակին, որպէս բնաբանն ունենալով «Երիտասարդներուն հետ միասին Աւետարանը տանինք բոլորին»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով յառաջիկայ Հոկտեմբեր ամսոյն ընթացքին Հռոմի մէջ նշուելիք երիտասարդներուն նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին, կը քննարկէ Յիսուսին մեզի յանձնած առաքելութեան իմաստն ու նշանակութիւնը, յատկապէս խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն։

Կեանքը առաքելութիւն է։

«Ամէն մէկ այր ու կին առաքելութիւն մըն են եւ ասոր համար է որ կ՛ապրին այս աշխարհին վրայ» կը հաստատէ Սրբազան Քահանայապետը, հրաւիրելով երիտասարդները ուրախութեամբ ապրիլ իրենց՝ աշխարհին նկատմամբ պատասխանատուութիւնը, այս մէկը որակելով նաեւ մարտահրաւէր ու ընդգծելով թէ բոլորս հրաւիրուած ենք խորհրդածելու մեր՝ այս աշխարհին մէջ առաքելութեան մասին, որուն նպատակն է Յիսուս Քրիստոսը հռչակել։
«Եկեղեցին հռչակելով այն ինչ որ ձրի կերպով ընդունեց, կարող է երիտասարդներուդ հետ կիսել ճանապարհն ու ճշմարտութիւնը, որոնք կը մղեն այս աշխարհի կեանքի իմաստին» կը գրէ Քահանայապետը ապա կոչ կ՛ուղղէ երիտասարդներուն՝ վախ չունենալու Քրիստոսէն ու Անոր Եկեղեցիէն։ «Անոնց մէջ կը գտնուի կեանքի ուրախութեան գանձը։ Այս կը հաղորդեմ անձնական փորձառութեամբ. Հաւատքին շնորհիւ գտայ իմ երազներուս հիմքը ու զանոնք իրականացնելու ուժը։ Յիսուսին կից ապրողին համար չարը թելադրանք է աւելիով սիրելու։ Շատ մարդիկ ու կիներ ու բազմաթիւ երիտասարդներ իրենք զիրենք նուիրեցին վեհանձնութեամբ ու նոյնիսկ մարտիրոսութեան ուղիով, Աւետարանի սիրոյն ու եղբայրներու ծառայութեան համար» կը գրէ Սրբազան Պապը հրաւէր ուղղելով «Յիսուսի խաչէն սորվիլ աստուածային նուիրումի տրամաբանութիւնը. ու միշտ հարց տալ «ի՞նչ պիտի ընէր Յիսուս իմ տեղս»։

Հաւատքը փոխանցել մինչեւ երկրի ծայրամասերը։

«Դուք՝ երիտասարդներ, Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդին շնորհիւ, անդամ էք եկեղեցւոյ ու մենք բոլորս միասին առաքելութիւն մը ունինք Աւետարանը տանելու բոլորին» կը գրէ ապա Քահանայապետը, դիտել տալով թէ «Կեանքի տարբեր տարիքներու համակեցութեան մէջ, Եկեղեցին՝ միջ-սերունդային կամուրջներ կը կառուցէ, ուր Աստուծոյ վրայ հաւատքը ու մերձաւորին նկատմամբ սէրը կը կազմեն խոր միութեան գործօններ»։

«Եկեղեցւոյ առաքելութեան սիրտը հանդիսացող հաւատքի փոխանցումը տեղի կ՛ունենայ սիրոյ «վարակումով» ուր ուրախութիւնն ու խանդավառութիւնը կ՛արտայայտեն կեանքի լիութիւնն ու անոր իմաստը» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապ ու կ՛ընդգծէ թէ «այդ փոխանցումը կը պահանջէ բաց սրտեր, որովհետեւ սիրոյ համար կարելի չէ սահմաններ դնել» ու թէ «անոր տարածումէն ծնունդ կ՛առնէ հանդիպումը, վկայութիւնը ու հռչակումը, ինչպէս նաեւ սիրոյ բաժնեկցութիւնը. բոլոր անոնց հետ որոնք հեռու են  հաւատքէն՝ «յատկապէս անոնք որոնք կ՛ապրին կեանքի արուարձաններուն մէջ եւ որ կարիքն ունին Քրիստոսի»։
«Իւրաքանչիւր նիւթական եւ հոգեւոր աղքատութիւն, ամէն մէկ եղբօր կամ քրոջ դէմ գործադրուած խտրականութիւն, հետեւանք է միշտ Աստուծոյ ու Անոր սիրոյն մերժումին» կը հաստատէ Սրբազան Պապը որ պատգամին մէջ կ՛ակնարկէ նաեւ «Թուային» աշխարհին ու այդ աշխարհին շնորհիւ վերացուած սահմաններուն։
«Կարծես թէ ամէն ինչ ձեռք կը բերուի դիւրութեամբ, ամէն ինչ մօտ է ու անմիջական, սակայն առանց կեանքի նուիրումին, մենք մի գուցէ ունենանք միլիոնաւոր «կապեր», սակայն երբեք կարող պիտի չըլլանք ապրիլ կեանքի իսկական հաղորդութիւն մը» կը շեշտէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ «մինչեւ աշխարհի ծայրերը առաքելութիւնը կը պահանջէ անձնուիրում»։

Վկայել սէրը

Միսիոներական համաշխարհային օրուան հրապարակած պատգամին վերջին հատուածին մէջ Սրբազան Քահանայապետը շեշտը կը դնէ սիրոյ վկայութեան վրայ ու այս առընչութեամբ շնորհակալութիւն կը յայտնէ եկեղեցական բոլոր այն կառոյցներուն որոնք առիթ կու տան՝ Քրիստոսին հանդիպելու Անոր Եկեղեցւոյ մէջ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ երիտասարդներուն որոնք կամաւորական աշխատանքի միջոցաւ կը ծառայեն իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն, «վկայելով՝ քրիստոնեաներ ըլլալու ու սիրելու ուրախութիւնը»։

«Ոչ մէկը այնքան ալ աղքատ է որ կարող չ՛ըլլայ նուիրել բան մը» կը գրէ ապա Սրբազան Քահանայապետը պատգամին աւարտին, դիտել տալով թէ յառաջիկայ Հոկտեմբեր ամսուայ ընթացքին կազմակերպուած սիւնհոդոսը, որ նուիրուած է երիտասարդներուն պիտի ըլլայ նոր առիթ՝ դառնալու աշակերտ միսիոնարներ, որոնք միշտ աւելիով ոգեւորուած են Յիսուսով ու անոր առաքելութեամբ՝ մինչեւ աշխարհիս չորս ծագերը։

Սրբազան Պապը պատգամը կ՛եզրափակէ գրելով. «Մարիամէն՝ առաքեալներու Թագուհի, ու Սուրբ Ֆրանչիսկոս Սավերիոյէն եւ Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերազայէն ինչպէս նաեւ Երանելի Փաոլօ Մաննայէն կը խնդրեմ որ բարեխօսեն մեզի համար ու միշտ մեզի ընկերանան»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2018, 17:00