Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Ոչ մէկը անձնական շահի համար շահագործէ այս ցաւի պահը»:

Աղօթենք այսօր՝ որպէսզի Տէրը մեզի պարգեւէ մաքուր եւ թափանցիկ խիղճ մը, որ Տիրոջ կը ներկայանայ առանց ամչնալու»

Շաբաթ 4 ապրիլ 2020, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան՝ 7-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագին սկիզբը հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու եւ Աստուծմէ հայցելու ուղղամիտ խիղճ մը որպէսզի՝ համաճարակի այս դժուար օրերուն խուսափինք  չարէն եւ բարին գործենք։

Ունկնդրէ լուրը

«Այս խռովութեան, դժուար ու ցաւի օրերուն, շատ անգամ մարդոց միտքը կու գայ բաներ կատարել, բազմաթիւ բարի բաներ։ Սակայն պակաս չէ նաեւ, որ որոշ մարդոց միտքը գայ սեփական շահի գաղափարը։ Աղօթենք այսօր՝ որպէսզի Տէրը մեզի պարգեւէ մաքուր եւ թափանցիկ խիղճ մը, որ  Տիրոջ կը ներկայանայ առանց ամչնալու» ըսաւ Քահանայապետը։

Քարոզ

Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը քաղուած Յովհաննէսի Աւետարանէն (Գլուխ 11, 45-56) ուր կը խօսուի Յիսուսի դէմ մահավճիռին մասին. Կայիափա քահանայապետը կը վճռէ Յիսուսը սպաննել Ղազարոսի Յարութեան նշանէն ետք։

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել կու տայ, որ հրեաներու քահանայապետի որոշումը արդիւնքն է աստիճանական գործընթացի մը. անիկա փորձութեան ուղի է,  որ  սկիզբ կ՝առնէ քիչ բանէ մը ապա  յառաջանալով մեղքին մէջ, ինքզինք կ՝արդարացնէ  ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով , որ փորձութիւնը կամաց կամաց կ՝աճի, ան կը վարակէ ուրիշները՝ փոխելով սիրտը։ « Այս փորձութեան ետին գոյութիւն ունի սատանայի խորամանկութիւնը որ կ՝ուզէ Յիսուսը կործանել։ ըսաւ Սրբազան Հայրը ան ապա անդրադառնալով Յիսուսի դէմ մահավճիռին , նշեց «այդ մահավճիռը գործընթաց մըն է, որ սկիզբ առաւ փոքրիկ անձկութիւններէ՝ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի ժամանակ, ապա վերջ գտաւ դպիրներու եւ քահանաներուն ժողովով։ Գործընթաց մը որ կամաց կամաց աճեցաւ։ Դպիրներու այդ գործընթացը պատկերն է թէ ինչպէս փորձութիւնը կամաց կամաց կը ներգործէ մեր մէջ, փորձութիւն մը որ քիչ բանէ կը սկսի ապա  կ՝աճի եւ  կը վարակեց ուրիշները՝ ինչպէս պատահեցաւ դպիրներուն հետ, որոնք  ինքզինքին արդարացուցին ըսելով «անհրաժեշտ է որ մէկ մը մեռնի ժողովուրդին համար։ » Մենք եւս ըսաւ Սրբազան հայրը երբ, որ յաղթահարուած ենք փորձութենէն, կը հանդարտիք, որովհետեւ մեր գործած մեղքին արդարացումը գտած կ՝ըլլանք։

Ան  յորդորեց, որ ամէն անգամ մեղք մը  կը գործենք նախ պէտք է  փնտռել մեղքին պատճառները ապա Յիսուսին դիմել ներում հայցելու համար։ Յիսուսի կեանքը միշտ մեզի համար օրինակ է, որովհետեւ այն ինչ որ պատահեցաւ Յիսուսի հետ մեր հետն ալ պիտի պատահի։»ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապ։

Սուբր Պատարագի աւարտին, Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութենէ ու օրհնութենէ ետք Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց հոգեւորական հաղորդութիւն կատարելու՝ արտասանելով հետեւեալ աղօթքը

Ով իմ Յիսուս կը հաւատամ, որ իսապէս ներկայ ես Խորանի Սուրբ հաղորդութեան մէջ։ Քեզ կը սիրեմ ամէն բանէ աւելի եւ քեզ իմ հոգիիս մէջ կը փափաքիմ։ Որովհետեւ հիմա  չեմ կրնար քեզ ընդունիլ սուրբ հաղորդութեան մէջ, գէթ ՝հոգեպէս եկուր սիրտիս մէջ։  Ամէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/04/2020, 07:21
Կարդալ բոլորը >