Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագ 

«Քահանայապետը աղօթեց արուեստագէտներուն համար». Աստուած մեզի պարգեւէ ստեղծագործութեան շնորհքը։

Աղօթենք արուեստագէտներուն համար որոնք կարողութիւնն ունին մեծ ստեղծագործութեան մը ու գեղեցկութեան ճանապարհով մեզի ցոյց կու տան ուղին որուն պէտք է հետեւիլ

«Այսօր աղօթենք արուեստագէտներուն համար։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրը երկուշաբթի՝ 27 ապրիլ 2020-ի առաւօտեան 7-ին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած եւ ուղիղ եթերով սփռուած պատարագին սկիզբը։

«Աղօթենք արուեստագէտներուն համար որոնք կարողութիւնն ունին մեծ ստեղծագործութեան մը ու գեղեցկութեան ճանապարհով մեզի ցոյց կու տան ուղին որուն պէտք է հետեւիլ։ Թող որ Տէրը այս պահուս մեզի բոլորիս պարգեւէ ստեղծագործութեան շնորհքը»,  յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Քարոզ

Այս առթիւ ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ երկնաւոր հացին մասին, քաջալերելով միշտ փնտռել Տիրոջ շնորհած յաւիտենական կեանքի հացը եւ վերադառնալ ու յիշել Յիսուսի հետ ունեցած  մեր առաջին հանդիպումի փորձառութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը։

Օրուան աւետարանին մէջ քաղուած՝ Յովհաննէսի աւետարանէն Յիսուս կ՝ըսէ «ճշմարիտ, ճշմարիտ կ՝ըսեմ ձեզի, դուք զիս կը փնտռէք՝ ոչ անոր համար որ հրաշք տեսաք, այլ որովհետեւ կերաք հացէն ու կշտացաք։ Յիսուս կը յորդորէ աշխատիլ ոչ կորստական կերակուրին համար, այլ այն կերակուրին՝ որ կը մնայ յաւիտենական կեանքին մէջ եւ զոր Մարդու Որդին պիտի ղրկէ։  Ժողովուրդը Յիսուսի հարցուցին ի՞նչ ընելու ենք, որպէսզի Աստուծոյ գործերը կատարենք։ Յիսուս պատասխանեց« Աստուծոյ գործը այս է՝ որ հաւատաք անոր, զոր ինքը ղրկած է։(Յովհ 6, 22-29)։

Ֆրանչիսկոս Պապ  քարոզին մէջ նշեց, թէ Ժողովուրդը առանց յոգնելու կ՝ունկընդրէին Յիսուսի խօսքերը։ Անոնք կը մտածէին Յիսուսը թագաւոր հռչակել՝  կերակուր ուտելէ եւ կշտանալէ անմիջապէս ետք։ Ժողովուրդը մոռցած էր իրենց առաջին խանդավառութիւնը Յիսուսի խօսքերուն համար։ Սակայն  Յիսուս կը սրբագրէ  ժողովուրդին ուղեւորութիւնը, որ աւելի աշխարհիկ է քան՝  աւետարանական։  Ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ սա կը պատահի նաեւ մեր հետ երբ՝ կը հեռանանք Աւետարանի ուղիէն  եւ կը կորսնցնենք առաջին խանդավառութիւնը Յիսուսի  խօսքերուն համար։ Յիսուս սակայն մեզ բոլորս կը վերադարձնէ առաջին հանդիպումին, որ մեծ շնորհքն մըն է  նամանաւանդ երբ կը գտնուինք   Յիսուսէն  մեզ հեռացնող փորձութիւններուն դիմաց։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ իւրաքանչիւր անձ ունի Յիսուսի հետ առաջին հանդիպումի փորձառութիւնը, երբ՝ Յիսուս ըսաւ  հետեւէ ինծի։ Սակայն մեր կեանքին ուղեւորութեան ընթացքին կը հեռանանք եւ կը կորսնցնենք առաջին կոչին թարմութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց քարոզը հրաւիրելով Տիրոջմէ հայցել, որ մեզի շնորհէ Յիսուսի հետ առաջին հանդիպումին փորձառութեան վերադառնալու շնորհքը։ 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/04/2020, 07:32
Կարդալ բոլորը >