Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Քահանայապետը աղօթեց անոնց համար որոնք կը մտածեն համաճարակէն ետք աղքատութեան եւ անօթութեան հարցերը լուծելու։

Տիրամօր գովքը հիւսենք ըսելով, այս է իմ Մայրս, որովհետեւ Ան Մայր է։ Այս է տիտղոսը զոր ստացաւ Յիսուսէն, խաչի վրայ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ 3 ապրիլ 2020ի առաւօտեան 7-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթա Մատրան մէջ մատոյց ամենօրեայ սուրբ պատարագը, որ համաճարակի տարածման այս արտակարգ շրջանի բերումով, կը շարունակուի սփռուիլ Վատիկան Նիուզ կայքէջի ու այլ հեռարձակումներու միջոցաւ։

Սրբազան Հայրը այսօրուայ պատարագին սկիզբը հրաւիրեց աղօթել  բոլոր անոնց համար՝ որոնք այսօր կը ջանան մեզ օգնել, յաղթահարելու համար համաճարակը, ապա կը մտածեն նաեւ ապագայի հարցերուն ՝ համաճարակէն ետք եկող հարցերուն, դարձեալ մեզի օգնելու համար։

Ունկնդրէ լուրը

«Մարդիկ կան որոնք այսօր սկսած են մտածել վաղուան՝ համաճարակէն ետք պատահածին։ Բոլոր հարցերուն, որոնք պիտի ծագին. աղքատութեան, աշխատանքի, անօթութեան…. Աղօթենք բոլոր այս անձերուն համար, որոնք այսօր օգնութիւն կը մատուցեն, սակայն կը մտածեն նաեւ վաղուան, որպէսզի մեզ օգնեն բոլորիս», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տալով Սուրբ Զոհին, որուն ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց Սուրբ Կոյսի խոնարհութեան ու հեզութեան տիպարին վրայ, անոր կրած չարչարանքնեըուն ու անոր մայրական սրտին սրտին վրայ։

Քարոզը

Ծաղկազարդի կիրակին կանխող ուրբաթ օրը, եկեղեցին կը յիշէ Տիրամօր ցաւերը։ Աստուծոյ ժողովուրդին այս պաշտամունքը մեզի հասած է  դարերու հոլովոյթին։ Ցաւագին Տիրամօր ի պատիւ շարականներ հիւսուած են։

Քրիստոնէական գթութիւնը Տիրամօր ցաւերը ամփոփած ու  խօսած է Անոր եօթը ցաւերու մասին։ Առաջինը,  Յիսուսը ծնելէ հազիւ 40 օր ետք, Սիմէոնի մարգարէութիւնը որ կը խօսի  սուրի մասին ։ Երկրորդը, Տիրամայրը կը մտածէ Եգիպտոս փախչիլ՝ Իր որդին ազատելու համար։ Երրորդը՝ անձկութեան երեք օրերը, երբ Յիսուս տաճար գնաց եւ հոն երեք օր մնաց։ Չորրորդը, երբ Տիրամայրը Յիսուսի կը հանդիպի Գողգոթային ճամբուն վրայ։ Վեցերորդ՝ երբ Յիսուսը վար կ՝առնեն  խաչէն եւ Տիրամայրը Զայն իր ձեռքերուն մէջ կառնէ։ Եօթներորդ, Յիսուսի թաղումը։

Ես  ինքզինքս լաւ կը զգամ, երբ ուշ երեկոյ, հրեշտակ տեառն աղօթքէն ետք կ՝աղօթեմ տիրամօր եօթը ցաւերը որպէս յիշատակ Մայր եկեղեցւոյ, թէ  Ինչպէս մայր եկեղեցին մեզի ծնաւ տառապանքներուն մէջ։

Տիրամայրը երբեք  իրեն համար  բան մը  չխնդրեց, այլ  ուրիշներու համար՝ այո։ Մտածենք Կայանէի հարսանիքին մասին։  Ան ընդունեց միայն Մայր ըլլալ։ Իբրեւ աշակերտուհի Յիսուսին հետեւեցաւ։ Այսպէս կը պատմէ Աւետարանը։ Ան Հետեւեցաւ մինչեւ գողգոթայ՝ ուր Յիսուս խաչին վրայ տառապեցաւ, եւ մարդիկ կ՝ըսէին, խեղճ կին նայեցէք ինչպէս կը տառապի, մինչ այլ քէշ մարդիկ կ՝ըսէին, Ան  յանցաւոր էր, որովհետեւ եթէ  իր զաւակը լաւ դաստիարակած ըլլար զաւակը հոս չէր հասներ։ Տիրամայրը ինք եւս խոնարհութեան մէջ հոն կը գտնուէր իր զաւկին մօտ։

Տիրամօր գովքը հիւսենք ըսելով , այս է  իմ մայրս, որովհետեւ Ան Մայր է։ Այս է տիտղոսը զոր ստացաւ Յիսուսէն, խաչի վրայ։ Գործ առաքելոցի  գիրքը  ցոյց կու տայ Տիրամայրը առաքեալներու հետ աղօթքի մէջ է։ Տիրամայրը, Յիսուսէն ոչ մէկ տիտղոս խլեց։ Ան ստացաւ մայր ըլլալու պարգեւը եւ պարտականութիւնը՝ իբրեւ մայր մեզի ընկերանալու։ Լոկ աշակերտուհի եւ Մայր է։

Արդ՝պէտք է մտածել Տիրամօր մասին իբրեւ մայր եւ զայն պէտք ենք որոնել իբրեւ Մայր։ Ան Մայր է ։Տիրամօր մայրութեան մէջ կը տեսնենք եկեղեցւոյ մայրութիւն, որ բոլորս կ՝ընդունի՝ բարիներն ու չարերը։ Այսօր մենք մեզի լաւ պիտի զգանք  եթէ պահ մը կանգ առնենք  եւ խոկանք  Տիրամօր ցաւերու մասին։

Տիրամայրը մեր Մայրն է։ Շնորհակալութիւն յայտնենք  Տիրամօր  որ ընդունեց մայր ըլլալ, ընդառաջելով հրեշտակի խօսքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/04/2020, 07:19
Կարդալ բոլորը >