Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (AFP or licensors)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «շնորհակալ եմ բոլոր անոնց որոնք հոգ կը տանին դժուարութեան մէջ գտնուող անձերուն։»

Ով իմ Յիսուս կը հաւատամ, որ իսկապէս ներկայ ես Սուրբ Հաղորդութեան մէջ։ Քեզ կը սիրեմ ամէն բանէ աւելի եւ քեզ կը փափաքիմ իմ հոգիիս մէջ։ Քանի որ չեմ կրնար հիմա խորհրդաւոր մարմինդ ընդունիլ , հոգեպէս եկուր իմ սիրտիս մէջ։ Կ՛ ողջագուրեմ քեզ եւ ամբողջութեամբ կը միանամ քեզի։ Երբեք թոյլ մի տար, որ ես հեռանամ քեզմէ։

Ուրբաթ, մարտ 27-ին, առաւօտեան Տումուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագը ՖրանչիսկոսՊապ դարձեալ նուիրեց հիւանդներուն, մեկուսացումի մէջ գտնուողներուն ինչպէս նաեւ իրենց օրուան հացը ճառելու դժուարութիւն ունեցող ընտանիքներուն, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց որոնք օգնութեան կը հասնին կարօտեալներուն՝ հիւանդներուն, ընտանիքներուն։

Ունկնդրէ լուրը

«Այս վերջին օրերուն իմացայ, թէ ինչպէս բազմաթիւ մարդիկ սկսան հոգ տանիլ համաճարկի տագնապի պատճառով օրուան հացի կարօտ ունեցող մարդոց՝ հիւանդներուն, տարեցներուն» ։Ասիկա բարի նշան է , շնորհակալ եմ  Աստուծոյ հաւատացեալներուն սիրտերուն մէջ  այսպիսի զգացումներ հրահրելուն համար։ ըսաւ Սրբազան Հայրը պատարագին սկիզբը։

Քարոզ

Ապա մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը քաղուած Յովհաննէսի Աւետարանէն, (Յովհ 7, 1-2). Հրէաները Յիսուսը կը փնտռէին, զինք սպաննելու համար, Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ սատանայէն հրահրուած որեւէ քայքայումի կատաղութեան եւ զայրոյթի ընդեմ  անհրաժեշտ է  քաջութիւն ունենալ լուռ մնալու։

Քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւն նկատել տուաւ, որ բոլոր անոնք որոնք զայրացած էին եւ կ՝ուզէին Յիսուսը սպաննել, անոնց մէջ կատաղութեան զցացումը սատանան է, որ հրահրած է , որովհետեւ  ըսաւ Ան , որեւէ  կատաղութեան եւ զայրոյթի արարքի  ներքեւ ստանան  է որ միշտ ներկայ է։»  ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, թէ չէ կարելի վիճաբանիլ զայրացողի մը հետ, այլ միայն պէտք է  լռել, ինչպէս Յիսուս կատարեց, ընտրելով  լռութիւնն ու չարչարանքը։  

Սա է վարուելակերպը, զոր պէտք է որդեգրել երբ՝ առօրեայի մէջ դէմ յանդիման զայրոյթի արարքներուն ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ան ապա  աղօթք բարձրացուց առ  Ատուած խնդրելով Տիրոջմէ, որ բոլորիս շնորհէ չար հոգիին ընդեմ պայքարելու շնորհքը , շնորհքը  գիտնալ վիճելու՝ երբ պէտք է վիճել, սակայն  միշտ լուռ մնալով զայրոյթի հոգիին դիմաց։    

Սուրբ Պատարագի աւարտին ֆրանչիսկոս ՊապՍուրբՀաղորդութեան երկրպագութենէ վերջ արտասանեց հետեւեալ աղօթքը.

«Ով իմ Յիսուս կը հաւատամ, որ իսկապէս ներկայ ես Սուրբ Հաղորդութեան մէջ։ Քեզ կը սիրեմ ամէն բանէ աւելի եւ քեզ կը փափաքիm իմ հոգիիս մէջ։ Քանի որ  չեմ կրնար հիմա  խորհրդաւոր մարմինդ ընդունիլ , հոգեպէս եկուր իմ սիրտիս  մէջ։ կը ողջագուրեմ քեզ  եւ ամբողջութեամբ կը միանամ քեզի։  Երբեք Թոյլ մի տար,  որ ես  հեռանամ քեզմէ։» 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/03/2020, 09:40
Կարդալ բոլորը >