Ֆրանչիսոկս Պապ Ֆրանչիսոկս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ աղօթեց հիւանդները բուժելու համար իրենց կեանքը վտանգող մայրապետներուն համար։

Նորին Սրբութիւնը կարդալով Յիսուսի Ծնունդի աւետումին օրուան սուրբ գրային հատուածը հրաւիրեց վերստին կարդալ սոյն հատուածը մտածելով որ պատմողը Տիրամայրն է ընդծելով թէ խորհուրդի մը դիմաց կը գտնուինք։

Չորեքշաբթի, 25 մարտին, Աստուածածնայ աւետման տօնին օրը, Ֆրանչիսկոս Պապ սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ։
Պատարագէն առաջ ֆրանչիսկոս Պապ,  նշեց թէ այսօր Աստուածածնայ աւետման տօնն է, «Սան Վինչէնցօ Տէ Փաուլիին եղբայրսիրութեան դուստրեր» միաբանութեան մայրապետները, որոնք 98 տարիէ է վեր ծառայութիւն կը մատուցանեն Սանթա Մարթայի բուժարանին մէջ, այսօր հոս ներկայ են՝ վերանորոգելու համար իրենց ուխտը աշխարհի ամէն վայրերու մէջ գտնուող մայրապետներուն հետ միասին։։Այսօր սուրբ պատարագը կը նուիրեմ իրենց եւ բոլոր միաբանութեան մայրապետներուն դիտաւորութեան, որոնք միշտ կը ծառայեն աղքատներուն, հիւանդներուն։ Պատարագը կը նուիրեմ նաեւ  բոլոր մայրապետներուն, որոնք խնամք կը տանին հիւանդներուն, նոյնիսկ վտանգելով իրենց կեանքը։ Ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ունկնդրէ լուրը

Քարոզը


Ապա Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին սկիզբը,  ֆրանչիսկոս Պապ ընթերցեց Ղուկասի աւետարանէն քաղուած, օրուան սուրբ գրայի ընթերցումը՝ Աւետման մասին։ (Ղուկաս 1, 26-38)

ԱՒԵՏՈՒՄՆ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԾՆՈՒՆԴԻՆ

26 Վեցերորդ ամսուն մէջ Գաբրիէլ հրեշտակը Աստուծմէ ղրկուեցաւ Գալիլիայի մէկ քաղաքը՝ որուն անունը Նազարէթ էր, 27 Կոյսի մը՝ մարդու մը նշանուած, որուն անունը Յովսէփ էր, Դաւիթին տունէն։ Այն կոյսին անունը Մարիամ էր։ 28 Հրեշտակը անոր երթալով՝ ըսաւ. «Ողջոյն քեզ, ո՛վ շնորհընկալ կոյս, Տէրը քեզի հետ է։ Դուն կիներուն մէջ օրհնեալ ես»։ 29 Մարիամ զանիկա տեսնելով, անոր խօսքին վրայ շփոթեցաւ ու ինքնիրեն կը մտածէր թէ ի՞նչպէս բան պիտի ըլլայ այս ողջոյնը։ 30 Հրեշտակը անոր ըսաւ. «Մի՛ վախնար, Մա՛րիամ, վասն զի Աստուծմէ շնորհք գտար։ 31 Ահա պիտի յղանաս ու որդի մը պիտի ծնանիս եւ անոր անունը Յիսուս պիտի դնես։ 32 Անիկա մեծ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալին Որդի պիտի կոչուի։ Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը Դաւիթին աթոռը ու Յակոբին տանը վրայ յաւիտեան պիտի թագաւորէ։ 33 Անոր թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենայ»։ 34 Մարիամ ըսաւ հրեշտակին. «Ի՞նչպէս պիտի ըլլայ այդ բանը, որովհետեւ ես այր մարդ չեմ գիտեր»։ 35 Հրեշտակը պատասխան տալով՝ ըսաւ անոր. «Սուրբ Հոգին պիտի գայ քեզի ու Բարձրեալին զօրութիւնը քու վրադ հովանի պիտի ըլլայ. ուստի այն քեզմէ ծնանելու սուրբը Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի։ 36 Ահա քու ազգականդ Եղիսաբէթ՝ անիկա ալ իր պառաւութեան ատենը արու զաւակով մը յղի է։ Ասիկա այն ամուլ ըսուածին վեցերորդ ամիսն է, 37 Վասն զի Աստուծոյ քով բնաւ անհնարին բան մը չկայ»։ 38 Մարիամ ըսաւ. «Ահա ես Տէրոջը աղախինն եմ, քու ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի»։ Ու հրեշտակը անոր քովէն գնաց։

Աւետարանը կարդալէ ետք ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ Ղուկաս Աւետարանիչը աւետման դրուագը իմացած է լոկ Տիրամայրէն։ Ունկնդրելով Ղուկաս աւետարանիչը, ունկնդրած կ՝ըլլանք Տիրամայրը, որ մեզի կը փոխանցէ այդ խորհուրդը։ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ աւեցնելով, որ Խորհուրդի մը դիմաց կը գտնուինք։ Ան ապա  հրաւրիեց վերստին  կարդալ Աւետարանի վերոնշեալ հատուածը՝ որ պատմողը Տիրամայրն է։ Ըսաւ Ան

Սուրբ Պատարագին աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ  Սուրբ Հաղորդութեամբ օրհնեց բոլորը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2020, 09:30
Կարդալ բոլորը >