Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ.«Հոն ուր կատաղութիւն, ատելութիւն կը տիրէ հոն կայ յաղթահարուած ստանային վրէժխնդրութիւնը:

Ֆրանչիսկոս Պապ կը շարունակէ աղօթել պսակաձեւ «Քորոնա» ժահրէն վարակուած հիւանդներուն համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 11 մարտին, Վատիկան Նիւզի միջոցաւ ուղիղ եթերով սփռուած Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին սկիզբը Սրբազան Հայրը նշեց, թէ կը շարունակէ աղօթել պսակաձեւ «Քորոնա ժահրէ» վարակուած հիւանդներուն՝ յատուկէն բանտարկեալներուն համար:

«Շարունակենք աղօթել ժահրէ վարակուած հիւանդներուն համար: Այսօր յատուկէն պիտի աղօթեմ բանտարկեալներուն՝ բանտի մէջ գտնուող մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար: Անոնք կը տառապին եւ պէտք է, որ  աղօթքով նեցուկ կանգնինք անոնց, որպէսզի Տէրը այս դժուար պահուն օգնէ եւ մխիթարէ զանոնք:» ըսաւ Սրբազան Հայրը Պատարագի սկիզբը:   

Մինչ Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը, ուր կը խօսուի Յիսուսի չարչարանքներուն մասին խօսքը կեդրոնացուց սատանային կատաղային գործելաոճին վրայ նշելով, որ ստանային իւրայատկութիւնն է կատաղութեամբ քանդել, ոչնչացնել ամէն բան:

Սնապարծութիւնը՝ աշխարհի հոգին, սատանային յատուկ ուղին է: Սատանան այդ աշխարհի հոգիով փորձեց Քրիստոսը խաչէն հեռացնել, յատուկ ուղիներ՝ ծածկերու համար Յիսուս Քրիստոսը,  ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով, որ սատանան կատաղութեամբ կը գործէ:

Նորին Սրբութիւնը եզրափակեց քարոզը հայցելով Աստուծմէ, որ բոլորիս շնորհէ զատորոշելու շնորհքը երբ՝ մեր մէջ կ՝իշխէ կատաղութեան հոգին, երբ միեւնոյն այդ հոգին աշխարհի երեւոյթներով կը փորձէ մեզ մխիթարել::

«Հոն ուր կատաղութիւն, ատելութիւն կը տիրէ հոն կայ յաղթահարուած ստանային վրէժխնդրութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հայցելով Աստուծմէ, որ մեզի  զատորոշելու շնորհքը, ընտրելու համար  Տիրոջ ուղին, որ է խաչը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/03/2020, 10:03
Կարդալ բոլորը >