Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (AFP or licensors)

Ֆրանչիսկոս Պապ քահանաները թող քաջութիւնը ունենան հիւանդներուն Սուրբ Հաղորդութիւնը տանելու :

Սնապարծութիւնը Յիսուսի «ինծի եկուր» հրաւէրին դիմաց փակուելու ճիշդ վայրն է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 10 մարտ, երկրորդ օրն ըլլալով, Ֆրանչիսկոս Պապին Տոմուս Սանթա մարթա տան մէջ մատուցած սուրբ պատարագը Վատիկանի Նիւզի միջոցաւ ուղիղ եթերով սփռուեցաւ համայն աշխարհի կողմերը:

Ունկնդրէ լուրը

Յիշենք, թէ Սրբազան Հայր երէկ՝ արտասանած քարոզին մէջ խնդրեց,  որ աղօթենք առողջապահական գործիչներուն ,  Քորոնա ժահրէ վարակուած հիւանդներուն համար  մինչ այսօր՝  քահանաներէն կը  խնդրէ, որ քաջութիւնը ունենան Սուրբ Հաղորդութիւնը տանելու հիւանդներու ինչպէս նաեւ ընկերանալու առողջապահական գործիչներուն:

Նորին Սրբութեան այսօրուան քարոզին նիւթը եղաւ մեղքը: Ան նշեց, թէ այսօր Տէրը մեզ կը հրաւիրէ իր հետ երկխօսութիւն հաստատելու, որովհետեւ մենք՝ մեղաւորներս մեղքի պատճառաւ մենք մեզ ամօթ զգալովմեր մէջ կը ներփակուինք ու կը մեկուսանանք: «Մեղքը ճշմարտութիւնը կը թաքցնէ: Մեղաւորը երբ ամօթ կը զգայ ՝թաքնուելու փորձութիւնը կ՝ունենայ» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ այսպէս պատահեցաւ Ադամ եւ Եւային հետ:

«Մինչ՝ Յիսուս մեզ կը քաջալերէ չվախենալու ըսելով. ինծի եկէք քաջ եղէք՝ նաեւ ձեր թշուառութիւններով» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մատնանշեց թէ սնապարծութիւնը Յիսուսի «ինծի ըկուր» հրաւէրին դիմաց փակուելու ճիշդ վայրն է: «Յիսուսի հրաւէրը՝ ինծի եկուր հօր մը եղբօր մը հրաւէր է: Թող այս Տիրոջ հրաւէրը մեզի քաջալերանք հանդիսանայ եւ թող որ մեր աղօթքը ըլլայ իսական աղօթք:» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը աւարտելով:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/03/2020, 10:52
Կարդալ բոլորը >