Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Աղօթենք տնանկներուն համար»։ Ֆրանչիսկոս Պապ

«Թող որ ընկերութիւնը՝անդրադառնայ անոնց իրականութեան եւ օգնութէ անոնց եւ Եկեղեցին զանոնք հիւրընկալէ»
Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքի դիտաւորութիւնը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Այսօր աղօթենք անոնց համար որոնք անտուն են։ Այս  պահուն երբ կացութիւնը մեզմէ կը պահանջէ տուներուն մէջ մնալ, թող որ ընկերութիւնը՝ մարդիկ ու կիներ,  անդրադառնան այդ իրականութեան եւ օգնութեան հասնին անոնց ու Եկեղեցին զանոնք հիւրընկալէ»։

Այս աղօթքի դիտաւորութեամբ է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը սկիզբ տուաւ 31 մարտի առաւօտեան 7-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած եւ ուղիղ եթերով հեռարձակուած առօրեայի Սուրբ Պատարագին, հրաւիրելով հաւատացեալները, այս արտակարգ տագնապի պահուն, աղօթելու տնանկ ու թափառական մարդոց համար, ապա անոնց համար հացեց օգնութիւն եւ հիւրընկալութիւն։

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած սրտաբուխ իր քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները խօսքը կեդրոնացուց մեղքի վրայ՝ ու այդ մեղքին առաջնորդող «օձին» վրայ, որ հին ու նոր կտակարաններուն մէջ նմանեցուած է չարին՝ սատանային։

Քահանայապետը յիշեցուց՝ որ Յիսուս աշխարհ եկաւ մեր մեղքերը իր վրայ առնելու համար։ «Ան Խաչին վրայ ինքզինք տառապող ու մեռնող չի ձեւացուց. Ան եկաւ մեզ փրկելու համար։  Խոկանք Յիսուսի մասին խաչին վրայ ու գոհութիւն յայտնենք» ըսաւ Ֆրանչսիկոս Պապ։

Ունկնդրէ լուրը

Քարոզ

Օձը համակրելի անասուն մը չէ. միշտ առընչուած է չարին հետ։ Նաեւ յայտնութեան մէջ օձը այն անասունն է զոր սատանան կʼօգտագործէ մէղքը բերելու։ Յովհաննու Յայտնութեան մէջ սատանան կʼանուանուի «հին օձը», այն որ կը խայթէ, կը թունաւորէ, կը կործանէ, կը սպանէ։ Այս կերպով չէ կարելի յաջողիլ ինչպէս պիտի յաջողէիր՝ բարի բաներ առաջարկելով։ Այսպէս պատահեցաւ իսրայէլի ժողովուրդին, որ չէին դիմանար ճամաբուն վրայ, հոգնած էին, եւ կʼելլեն Աստուծոյ եւ Մովսէսի դէմ՝ միշտ նոյն յանկերգով. «Ինչու՞ մեզ Եգիպտոսէն հանեցիք։ Մեզ այս անապատին մէջ սպանելու՞ համար։ Չկայ ո՛չ հաց եւ ո՛չ ալ ջուր, զզուած ենք այս թեթեւ կերակուրէն, մանանայէն» (հմմտ Թիւք ԻԱ. 4-5)։
Անոնց երեւակայութիւնը միշտ կʼերթայ դէպի Եգիպտոս «Այնտեղ լաւ կʼապրէինք, լաւ կʼուտէինք»։ Կը թուի թէ Աստուած իր ժողովուրդին չէր օգներ այդ պայմաններուն մէջ։ Ան կը բարկանայ ... Տիրոջ զայրոթը կարելի է տեսնել երբեմն։ Աստուած օձեր կը ղրկէ. անոնք կը խայթէին, կը թունաւորէին եւ կը սպանէին ժողովուրդը։ «Մեծ թիւով Իսրայէլացիներ կը մահանային» (Թիւք ԻԱ. 5)։ Այդ դէպքին մէջ օձը կրկին չարի պատկերն է. ժողովուրդը օձին մէջ կը տեսնէ մեղքը, չարը. եւ գալով Մովսէսին կʼըսէ. «Մեղանչեցինք, որովհետեւ Տիրոջ եւ քեզի հակառակ խօսեցանք։ Խնդրէ Տիրոջմէ որ մեզմէ հեռացնէ այս օձերը» (Թիւք ԻԱ. 77)։ Ժողովուրդը կը զղջայ։ Ահա այս է անապատի պատմութիւնը։ Մովսէս կʼաղօթէ ժողովուրդին համար եւ Աստուած կը պատասխանէ. «Մետաղեայ օձ մը պատրաստէ եւ դիր զայն ձողի մը վրայ։ Ան որ օձէն խայթուած է եւ նայի այդ օձին, պիտի ապրի» (Թիւք ԻԱ. 8)։ Պիտի մտածէինք. արդեօք սա կռապաշտութիւն չէ՞. օձ մը, կուռք մը, որ ինծի առողջութիւն կու տայ։ Տրամաբանօրէն չէ կարելի հասկնալ, որովհետեւ մարգարէութիւն մըն է այդ, աւետիս մըն է պատահելիքին։ Լսեցինք նաեւ Աւետարանի այն մարգարէութիւնը. «Երբ տեսնէք Մարդու Որդին բարձրացած, պիտի ճանչնաք թէ ես ով եմ, եւ թէ ես ինծմէ բան չեմ ըներ» (Յովհ Ը. 28)։ Յիսուս բարձրացած՝ խաչին վրայ։ Մովսէս կը պատրաստէ օձ մը եւ կը բարձրացնէ զայն։ Յիսուս պիտի բարձրանայ, օձին նման, փրկութիւն տալու համար։ Սակայն մարգարէութեան կորիզը այն է, թէ Յիսուս ինքզինք մեղքի վերածեց՝ մեզի համար։ Ան չմեղանչեց, այլ ինքզինք մեղքի վերածեց. Ինչպէս կʼըսէ Պետրոս Առաքեալ իր նամակին մէջ. «Ան մեր մեղքերը իր վրայ առաւ» (հմմտ Ա. Պետր Բ. 24)։

Եւ երբ մենք կը նայինք խաչին, կը մտածենք Տիրոջ մասին որ ինքզինք կը զոհէ. դա իրականութիւն է։ Սակայն պահ մը կանգ առնենք այդ ճշմարտութեան հասնելէ առաջ. Յիսուս, այս պահուն կը թուի թէ Դուն մեծագոյն մեղաւորն ես, Դուն ինքզինքդ մեղքի վերածեցիր։ Ան իր վրայ առաւ բոլոր մեր մեղքերը, ինքզինք ոչնչացուց մինչեւ այսօր։
Խաչը, ճիշտ է թէ չարչարանք մըն է, Օրէնքի վարդապետներու վրէժն է, անոնք որոնք չէին ուզեր Յիսուսը. այս բոլորը իրականութիւն է։ Սակայն այն ճշմարտութիւնը որ Աստուծմէ կու գայ, եւ թէ Ան եկաւ աշխարհ իր վրայ առնելու մեր մեղքերը, ինքզինք մեղքի վերածելու աստիճան։ Մեր բոլոր մեղքերը այնտեղ են։ Պէտք է սորվինք դիտել խաչը այս լոյսին տակ, որ ճշմարտագոյնն է, եւ փրկութեան լոյսը։ Յիսուսի մէջ, որ ինքզինք մեղքի վերածեց, կը տեսնենք Քրիստոսի ամբողջական պարտութիւնը։ Ան ոչ թէ երեւութապէս կը մեռնի, կը չարչարուրուի, առանձին եւ լքուած ... «Հայր, ինչու լքեցիր զիս» (հմմտ Մտթ ԻԷ. 46։ Մրկ ԻԵ. 34)։ Օձ մը. ես օձի մը նման բարձրացայ, նման անոր, որ ամբողջութեամբ մեղք է։

Դիւրին չէ հասկնալ այս, եթէ մտածենք, երբեք եզրակացութեան մը պիտի չհասնինք։ Միայն խոկալ, աղօթել եւ շնորհակալ ըլլալ։ Ըսաւ ֆրանչիսկոս քարոզին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/03/2020, 07:20
Կարդալ բոլորը >