Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Աղօթենք ընտանիքներուն համար». Ֆրանչիսկոս Պապին 21 Մարտին ուղիղ եթերով պատարագը։

«Հայցենք ընտանիքներուն խաղաղութիւնը այսօր, այս տագնապի ընթացքին, ու հայցենք նաեւ ստեղծագործութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր 21 Մարտ 2020-ի առաւօտուն եւս Նորին Սրբութիւնը Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատոյց իր Սուրբ Պատարագը զոր ուղիղ եթերով սփռուեցաւ «vaticannews.va» կայքէջի միջոցաւ, որուն սկիզբը Քահանայապետը յատուկ աղօթք խնդրեց ընտանիքներուն համար։

Ունկնդրէ լուրը

«Այսօր կ՛ուզեմ յիշել ընտանիքները, որոնք չեն կրնար տուներէն դուրս գալ։ Եւ մի գուցէ անոնց որպէս միակ հորիզոն մնացած է պատշգամը։ Այդ տուներուն մէջ ընտանիքը, մանուկներ, զաւակներ ու ծնողներ։ Աղօթենք որպէսզի գիտնան գտնել լաւապէս հաղորդակցելու ձեւը, կառուցելու սիրոյ յարաբերութիւն ընտանիքի մէջ ու գիտնան նաեւ յաղթահարել այս պահին անձկութիւնները, ընտանիքին ներքոյ։ Հայցենք ընտանիքներուն խաղաղութիւնը, այսօր՝ այս տագնապի ընթացքին, ու հայցենք նաեւ ստեղծագործութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Քարոզը

Ապա Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը յորդոր ուղղեց դիմելու ու վերադառնալու աղօթքին, խոնարհ ու հեզ աղօթքին, առանց որ մենք մեզ աւելի արդար զգանք ուրիշներէն։

Մեկնաբանելով Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած օրուան աւետարանական հատուածը ուր կը խօսուի Փարիսեցիի ու Մաքսաւորի առակի մասին Նորին Սրբուիւնը նախ մատնանշեց երեկուայ սուրբ գրային ընթերցումներուն ու շեշտը դրաւ Տիրոջ՝ հօրենական տուն վերադառնալու հրաւէրին վրայ, հաստատելով որ  Տէրը գտնելու միջոցներէն մին ալ աղօթքն է։ «Աղօթենք ուրեմն Տիրոջ ու վերադառնանք Անոր» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով որ այսօրուան առակին մէջ Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ ինչպէս աղօթել։

«Սա՛ առակն ալ ըսաւ ոմանց, որոնք իրենք իրենց վրայ կը վստահէին թէ արդար են, եւ կ՚անարգէին ուրիշները. «Երկու մարդ տաճարը բարձրացաւ աղօթելու, մէկը՝ Փարիսեցի, ու միւսը՝ մաքսաւոր: Փարիսեցին կայնած էր եւ սա՛պէս կ՚աղօթէր ինքնիրեն. “Ո՛վ Աստուած, շնորհակալ եմ քեզմէ՝ որ ուրիշ մարդոց պէս չեմ, յափշտակող, անիրաւ, շնացող, կամ ալ այս մաքսաւորին պէս. հապա շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ, եւ ամբողջ եկամուտիս տասանորդը կու տամ”: Իսկ մաքսաւորը հեռուն կայնած էր, ու չէր ուզեր աչքն ալ բարձրացնել երկինք, հապա՝ ծեծելով իր կուրծքը՝ կ՚ըսէր. “Աստուա՛ծ, ներէ՛ ինծի՝ մեղաւորիս”: Կը յայտարարեմ ձեզի թէ ասիկա այն միւսէն աւելի արդարացած իջաւ իր տունը. որովհետեւ ո՛վ որ կը բարձրացնէ ինքզինք՝ պիտի խոնարհի, իսկ ո՛վ որ կը խոնարհեցնէ ինքզինք՝ պիտի բարձրանայ»:

Փարիսեցիի ու մաքսաւորի առակով Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ ինչպէս աղօթել, ինչպէս մօտենալ Տիրոջ՝ խոնարհութեամբ, հեզութեամբ։

Աղօթել դէմք դէմքի, մերկացած հոգիով։  Անոր չի մօտենալ մենք մեր վրայ վստահելով, հպարտութեամբ։  Տիրոջ ուղին նուաստացումն է։ Իրականութիւնն է։ Եւ առակին մէջ միակը որ հասկցած էր իրականութիւնը՝ մաքսաւորն է. «Դուն Աստուած ես ու ես մեղաւոր»։ «Այս է իրականութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Հարկաւոր է մենք մեզ ճանչնալ մեղաւոր ոչ թէ խօսքերով այլ սրտով։ Մենք մեզ մեղաւոր զգանք ։

Տէրը մեզի այս մէկը թող սորվեցնէ. Մենք մեզ արդարացնելը սնապարծութիւն է, հպարտութիւն է, մենք մեզ մեծարել է։ Մենք մեզ քօղարկել է այն բաներով որ մերը չեն մինչ ներքնապէս թշուառութիւնները կը շարունակուին։

Փարիսեցին ինքզինք կ՛ադարացնէր։ Ան կը կրկնէր  «ես այս մէկը կամ միւս բանը  չեմ ըրած, յանցանք չունիմ…»։ Երբ մենք աղօթքը կը սկսինք մենք մեզ արդարացնելով, մեր վստահութիւններով, այդ մէկը աղօթք ըլլալէ կը դադրի ու դառնայ հայելիի հետ խօսակցութիւն։ Մինչ երբ սկսինք աղօթել իրականութիւնը տեսնելով, ըսելով մեղաւոր եմ, մեղաւոր եմ, այդ մէկը առաջին լաւ քայլ մըն է յառաջ ընթանալու ու թոյլ տալու որ Տէրը առաջնորդէ մեզ։ «Թող որ Տէրը մեզի սորվեցնէ այս մէկը» ըսաւ Քահանայապետ աւարտելով քարոզը։

 

Պատարագի աւարտին Նորին Սրբութիւնը գլխաւորեց Սուրբ Հաղորդութեան Օրհնութեան արարողութիւնը ու հաւատացեալները հրաւիրեց կատարելու հոգեւոր հաղորդութիւնը։ 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/03/2020, 08:37
Կարդալ բոլորը >