Սանթա Մարթայի Մատրան մէջ Սուրբ Պատարագ Սանթա Մարթայի Մատրան մէջ Սուրբ Պատարագ 

Ուղիղ եթերով Սանթա Մարթայի Քահանայապետին պատարագը մատուցուեցաւ Բժիշկներու դիտաւորութեան։

Սուրբ Զոհին ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը խօսեցաւ ապաշխարութեան մասին ու դէպի Հօրենական տուն դարձի մասին, հրաւիրելով սոյն քառասնորդացի շրջանին, խղճի քննութիւն կատարել ու մեր մեղքերու համար թողութիւն հայցել Ամենակալ Աստուծմէ։

Վատիկան Նիուզ

Ուրբաթ 20 մարտ 2020ի առաւօտեան Նորին Սրբութիւնը Տոմուս Սանթա Մարթայի մատուրին մէջ մատուցած առօրեայի սուրբ պատարագը. որ ուղիղ եթերով հեռարձակուեցաւ  Վատիկան Նիուզի կայքէջի միջոցաւ, նուիրեց բժիշկներուն ու առողջապահական մարզի պատասխանատուներուն։

Ունկնդրէ լուրը

«Երէկ Պերկամօ քաղաքէն մէկ քահանայի մը նամակը ստացայ, որուն մէջ ան կը խնդրէ որ աղօթենք Պերկամօ, Թրեվիլիօ, Պրէշա եւ Քրէմոնա քաղաքներու բժիշկներուն համար, որոնք սպառած են, անոնք իրենց կեանքը կը նուիրեն օգնելու համար հիւանդներուն, ու փրկելու համար ուրիշներու կեանքը։ Աղօթենք նաեւ պատասխանատու իշխանութիւններուն համար. անոնց  համար դիւրին չէ սոյն կացութիւնը դիմագրաւելը,  ու շատ անգամ կը տառապին անհասկացողութիւններու պատճառաւ։ Ըլլան անոնք առողջապահական մարզի պատասխանատուներ, հիւանդանոցի անձնակազմ, կամաւորներ ու իշխանութիւններ, այս պահուն անոնք սիւներն են որ մեզ կ՛օգնեն յառաջ ընթանալու համար ու մեզ կը պաշտպանեն այս տագնապէն» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով աղօթել անոնց համար։

Քարոզը

Նորին Սրբութեան օրուան քարոզին նիւթը եղաւ խոստովանանքի խորհուրդը, բացատրելով թէ ինչպէս կարելի է խոստովանիլ առանց քահանայի մը ներկայութեան, նամանաւանդ համաճարակի տագնապի օրերուն, ուր դիւրին չէ քահանայի մը դիմել մեր մեղքերը խոստովանելու համար։  

Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը քաղուած Ովսեայ մարգարէի գիրքէն՝ ուր Մարգարէն կը յորդորէ Աստուծոյ հետ խօսիլ, ոչ թէ իբրեւ դատաւոր այլ իբրեւ Հայր, որ միշտ կը ներէ, Ֆրանչիսկոս Պապ  ընդգծեց որ Աստուած քնքշութիւն է, Ան մեր հետ անուշութեամբ կը խօսի մասնաւորապէս քառասնորդաց շրջանին, որ ժամանակն է ամփոփուելու եւ Աստուծոյ մօտ երթալու ։

«Աստուած կարող է մեզ կերպարանափոխել  ինչպէս նեաւ մեր սիրտը։ Սակայն՝ առաջին քայլը մենք ենք որ պէտք է կատարել։ Աստուծոյ մօտ երթալ կը նշանակէ վերադառնալ մեր տուները։
Քառասնորդաց մեծ պահքը՝ սիրտի դարձի գալու շրջան է- թոյլ տալով որ Աստուած մեզ բիւրեղացնէ եւ ողջագուրէ» ըսաւ Սրբազան Հայրը ան ապա անդրադառնալով, թէ ինչպէս կարելի առանց քահանայի ներկայութեան մեր մեղքերը  խոստովանելու կարելիութեան ըսաւ «պէտք է  ընել այն ինչ որ գրուած է Քրիստոնէական վարդապետութեան մէջ։ Երբ մեղքերդ խոստովանելու համար անկարող ես քահանայի մօտ երթալ, գնա եւ Աստուծոյ հետ խօսիր, Ան քու Հայրդ է եւ ճշմարտութիւնը ըսէ, խոստովանիր քու մեղքերդ, զղջումի աղօթքը կատարէ ապա Աստուծմէ խնդրէ որ մեղքերդ ներէ  խոստանալով, որ երբ հնարաւորութիւն ունենաս քահանայի քով պիտի երթաս՝ խոտովանանքի խորհուրդի համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ  եզրփակացեց քարոզը նկատել տալով որ զղջումին ներգործութիւնը արտասանելով  մեր հոգիները սպիտակ պիտի դառնան ձիւնի նման։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2020, 07:17
Կարդալ բոլորը >