Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապը աղօթեց հիմնական ծառայութիւնները ապահովեցնող աշխատաւորներուն համար։

Նորին Սրբութիւնը այսօրուան պատարագը մատոյց ժահրէն վարակուածներուն համար յատուկէն յիշելով նաեւ բոլոր անոնք որոնք այս արտակարգ իրավիճակի ընթացքին, իրենց աշխատանքով թոյլ կու տան որ հասարակութիւնը յառաջ ընթանայ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 15 մարտ 2020-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած պատարագը շարունակուեցաւ հեռարձակուիլ Վատիկան Նիուզ կայքի միջոցաւ ու Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքով այդպէս պիտի պատահի նաեւ յաջորդ օրերուն, ի տես Իտալիան ու աշխարհի տարբեր երկիները հարուածող Քովիտ19 համաճարակին, որ շատերը կը ստիպէ փակուած մնալ իրենց տուներուն մէջ, որպէս ժահրի տարածման կանխարգիլման միջոց։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը այսօրուան պատարագը մատոյց ժահրէն վարակուածներուն համար, յատուկէն յիշելով նաեւ բոլոր անոնք՝ որոնք այս արտակարգ իրավիճակի ընթացքին, իրենց աշխատանքով թոյլ կու տան որ հասարակութիւնը յառաջ ընթանայ։

«Այս քառասնորդացի կիրակիին առթիւ բոլորս աղօթենք հիւանդներուն համար ու տառապող անձերուն  համար» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը պատարագին սկիզբը յատուկ աղօթք խնդրելով նաեւ բոլոր այն անհատներուն, որոնք իրենց աշխատանքով կ՛երաշխաւորեն ընկերութեան յառաջ ընթացքը. Դեղարաններու աշխատաւորները, ուտեստեղէնի, փոխադրական միջոցներու եւ ոստիկանութեան մարմնի անդամները։ «Աղօթենք բոլոր անոնց որոնք կ՛աշխատին որպէսզի ընկերային կեանքի այս պահը, քաղաքի կեանքը, կարողանայ յառաջ ընթանալ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը

Քարոզը

Ան ապա Սուրբ Զոհի ընթացքին  արտասանած քարոզին մէջ մեկնաբանեց օրուան աւետարանը քաղուած Յովհաննէսի աւետարանէն (Յովհ. 4, 5-42) ուր կը ներկայացուի Յիսուսին սամարացի կնոջ հետ հանդիպումի ու զրոյցի  դրուագը։

Յիսուս կը հանդիպի մեղաւոր կնոջ մը՝  որուն կը յայտնէ իր ինքնութիւնը։ Առաջին անգման է որ Աւետարանին մէջ Յիսուս իր ինքնութիւնը կը յայտնէ ու զայն կ՛ընէ մեղաւոր կնոջ մը դիմաց,  որ ապա կ՛երթայ իր քաղաքի մարդոց աւետելու Յիսուսը ըսելով. Եկէք տեսէք. մարդ մը կայ, որ իմ բոլոր ըրածներս ըսաւ ինծի։ Արդեօք ա՞ն է Քրիստոսը։

«Ան այդ աւետիսը կու տայ ոչ թէ աստուածաբանական մեկնաբանութիւններով այլ իր պարզ ճշմարտութեամբ ու այդ ճշմարտութիւնն է որ զայն կը սրբացնէ եւ կ՛արդարացնէ» յարեց Սրբազան Պապը դիտել տալով որ «կարելի չէ Յիսուսին աշակերտը ըլլալ առանց ճշմարտութեան»։

Այդ կինը քաջութիւնը ունեցաւ երկխօսելու Յիսուսին հետ, թէեւ այդ երկու ազգերը, հրեաներն ու սամարացիները, իրար հետ չէին խօսէր. Ան քաջութիւնը ունեցաւ հետաքրքրուելու Յիսուսին առաջարկով, քաջութիւնը ունեցաւ խոստովանելու իր մեղքերն ու տկարութիւնները ու զանոնք գործածեց որպէս երաշխիք ճշմարտութեան։

Տէրը միշտ կ՛ուզէ որ երկխօսութիւնը ըլլայ թափանցիկ ու սամարացի կնոջ հետ այդ անկեղծ խօսակցութիւնը կինը կը մղէ խոստովանելու Յիսուսին մեսիական իրականութիւնը ու առիթ կ՛ըլլայ այդ ժողովուրդի դարձի գալուն։

Թող որ Տէրը մեզի շնորհքը պարգեւէ աղօթելու միշտ ճշմարտութեան մէջ ու Տիրոջ դիմելու մեր ճշմարտութեամբ ու ոչ թէ փաստարկներով զտուած ճշմարտութիւններով.... ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/03/2020, 09:00
Կարդալ բոլորը >