Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (@Vatican Media)

Սանթա Մարթայի պատարագը Քորոնա Ժահրի հիւանդներու դիտաւորութեան։

Սուրբ Զոհին սկիզբը Քահանայապետը հաստատեց թէ «այս օրերուն մատուցած պատարագները պիտի նուիրէ Քորոնա ժահրի համաճարակի հիւանդներուն, բժիշկներուն, բուժ օգնութիւն մատուցողներու, կամաւորներուն, ընտանիքներուն, տարեցներուն ու բանտարկեալներուն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 9 մարտ 2020-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած պատարագը նուիրեց Քորոնա Ժահրի հիւանդներուն եւ նոյնը պիտի ընէ յաջորդ օրերուն, ի ցոյց իր մօտիկութեան, բոլոր անոնց որոնք թիրախ են քորոնա ժահրի համաճարակին։

Ունկնդրէ լուրը

Երէկ՝ բացառիկ կիրակնօրեայ  Մարեմեան  Աղօթքի աւարտին զոր, յարգելով  վերոնշեալ համաճարակի բերումով առնուած որոշումները, Ֆրանչիսկոս Պապը  արտասանեց առաքելական պալատի մատենադարանէն, Ան հրաւիրած էր հաւատացեալները «Սոյն դժուար պահը ապրելու հաւատքի զօրութեամբ, յոյսի վստահութեամբ ու սիրոյ գորովով», ու «այս դժուար ու ցաւալի պահին համար եւս՝ փնտռելու աւետարանական իմաստ մը»։

Ի տես այս բացառիկ իրավիճակին Նորին Սրբութիւնը անձամբ պահանջած է որ առաւօտեան Սուրբ պատարագները ուղիղ եթերով սփռուին Վատիկանի Նիուզի ու Վատիկան Մետիայի միջոցաւ։

Եւ այսօրուայ  մատուցած Սուրբ Զոհին  սկիզբը ան հաստատեց թէ «այս օրերուն մատուցած պատարագները պիտի նուիրէ Քորոնա ժահրի համաճարակի հիւանդներուն, բժիշկներուն, բուժ օգնութիւն մատուցողներու,  կամաւորներուն, ընտանիքներուն, տարեցներուն ու բանտարկեալներուն։

Իսկ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանեց օրուան ընթերցուածը՝ քաղուած Դանիէլ մարգարէի գիրքէն, յիշեցնելով՝ մենք զմեզ մեղաւոր ճանչնալու հարկաւորութիւնը։

«Դանիէլ մարգարէի գիրքէն առնուած հատուածը  (Դանիէլ 9) մեղքերու խոստովանութիւն է. Ժողովուրդը ինքզինք կը ճանչնայ որպէս մեղաւոր», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, հրաւիրելով հասարակութիւնը նախ քան Սուրբ Հաղորդութեան մօտենալը «խղճի քննութիւն կատարել» ու ճանչնալ մեր մեղաւորի իրավիճակը։

Բայց այս չի նշանակեր միայն մեղքերու ցանկ մը շարադրել։ Այդ մէկը բաւարար չէ։ Իսկական մեղքերու խոստովանութիւն մը պէտք է սրտէն բխի։ Չի բաւեր խոստովանահօր ըսել՝ այս կամ այն ինչ մեղքը գործեցի ու ապա մեկնիլ ներում ստանալով։ Պէտք է քայլ մը կատարել ու այդ քայլը մեր թշուառութիւններուն խոստովանութիւնն է, որ պէտք է բխի սրտէն ու Դանիէլ մարգարէի հետ միասին կրկնել «Քեզի Տէր կը վայելէ արդարութիւնը՝ իսկ մեզի համար, ամօթը ծածկած է մեր երեսը»։  

«Ամօթ զգալը մեր մեղքերուն համար շնորհք է» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով այդ շնորհքը հայցել Տիրոջմէն։

«Երբ մենք մեղքերը յիշելէ անդին ամօթ կը զգանք անոնց համար, այդ մէկը կը դպչի Աստուծոյ սրտին եւ Ան մեզի կը պատասխանէ ողորմութեամբ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։  

«Դէպի Աստուծոյ ողորմութիւնը ընթացող ուղեւորութիւնը կը սկսի ամօթ զգալէն՝ մեր գործած  գէշ բաներուն համար, ու երբ  խոստովանանքի երթանք,  չի բաւարարուինք մեղքերու  ցանկի շարադրումով, այլ ամօթ զգանք ՝ Բարի, ողորմութեամբ լի ու արդար Աստուծոյ նկատմամբ գործած մեր մեղքերուն համար», յարեց Սրբազան Քահանայապետը ու քարոզը աւարտեց դարձեալ հրաւիրելով հաւատացեալները՝ Տիրոջմէ հայցելու ամօթ  զգալու շնորհքը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/03/2020, 09:50
Կարդալ բոլորը >