Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (@VaticanMedia)

Ֆրանչիսկոս Պապ «Քրիստոնեայ դառնալու համար բան մը չենք վճարած : Դա Աստուծոյ պարգեւն է:»

Ֆրանչիսկոս Պապին 21 յունուարի քարոզը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 21 յունուարին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած Քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը, ուր կը խօսուի Դաւիթ՝ Իսրայէլի թագաւոր ընտրուելու մասին,  ֆրանչիսկոս Պապ յիշել տուաւ, որ քրիստոնեայ ըլլալը, Տիրոջ անշահախնդիր եւ անվճար պարգեւն է եւ սրբութիւնը կը կայանայ այդ անվճար պարգեւը պաշտպանելու մէջ:  

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ մեզմէ ոչ մէկը  բան մը վճարած է Քրիստոնեայ դառնալու համար, ընդգծելով, որ Տիրոջ  պարգեւները չէ կարելի գնել աւելցնելով թէ Քրիստոնէական սրբութիւնը կը կայանայ այդ պարգեւը պահպանելու մէջ եւ այնպէս մը ընել, որ Տէրը միշտ հանդիսանայ պարգեւող անձը՝ առանց իմ արժանիքներուս  :

Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ, որ Աստուծոյ ամենամեծ պարգեւը Սուրբ Հոգին է, Աստուած  մեզի Սուրբ Հոգին պարգեւեց եւ սա իսկական մեծ շնորհք մըն է :

«Երբ  Աստուծոյ ժողովուրդը  կը մոռնանք, երբ քահանաները,  եպիսկոպոսները իրենց հօտը կը մոռնան եւ ինքզինքնին աւելի կարեւոր կը զգան, այն ժամանակ  մերժած կ՝ըլլանք Աստուծոյ պարգեւը:» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ:  Ան ապա քարոզը աւարտեց  հայցելով Տիրոջմէ, որ մեզի պարգեւէ շնորհակալութիւն յայտնելու շնորհքը եւ գիտակցելու, որ այդ մեծ պարգեւը պէտք ենք պահպանել հաւատարմութեամբ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2020, 12:52
Կարդալ բոլորը >