Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ «Ոչ ձեւականութեան բանտարկեալ եւ ուրախութենէ զուրկ քրիստոնեաներուն:»

Ֆրանչիսկոս Պապի 28 յունուարի քարոզ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 28 յունուարին, առաւօտեան, ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պատարագ  մատուցեց եւ քարոզեց, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ ներկայացուցած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը, քաղուած Թագաւորաց գիրքէն ուր կը խօսուի Աստուծոյ ժողովուրդի ուրախութեան մասին երբ՝ Տիրոջ տապանակը Դաւիթի քաղաք  բերուեցաւ:

ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացուց Աստուծոյ ժողովուրդին ուրախութեան վրայ ՝ ուրախութիւն բխած Աստուծոյ հետ հանդիպումէն:

Ան նշեց, թէ ժողովուրդը ուրախ էր ու կը տօնախմբէր,  որովհետեւ Աստուծոյ մօտիկութիւնը զգաց:Նմանապէս Դաւիթ ուրախ էր եւ առանց ամչնալու պարեց ու տօնախմբեց արտայայտելով Տիրոջ հետ հանդիպումէն բխած իր հոգեւոր ուրախութիւնը՝:

Ան առանց ամօթխածութեան կը պարէր:Դաւիթ Տէրը կը սիրէր եւ երջանիկ էր՝ Տիրոջ տապանակը քաղաք փոխադրելուն համար:

Ֆրանչիսոկս Պապ շարունակելով մեկնաբանել օրուան սուրբ գրային այն հատուածը ուր Դաւիթ տուն վերադառնալու ժամանակ,Սաւուղին աղջիկը Մեղքող Դաւիթը դիմաւորելու  ելաւ ու ըսաւ, «Իսրայէլի թագաւորը այսօր ինչ փառաւոր էր երբ իր ծառաներուն եւ աղախիններուն առջեւ ինքզինք մերկացուց ինչպէս սրիկաներէն մէկը ինքզինք կը մերկացնէ»

Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ «դա կրօնի հանդէպ  իսկական արհամարհանք է, արհամարհանք՝ Տիրոջ հետ հանդիպումի ինքնաբուխ ուրախութեան:»

Դաւիթ Մեղքողին պատասխանեց ըսելով, որ իր ուրախութեան պատճառը, Տիրոջ տապանակը տուն վերադարձնելն է:

Սուրբ Գիրքը կը պատմէ, թէ Մեղքող զաւակ չ՝ունեցաւ այս պատճառաւ, Տէրը պատժեց զինք:  ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով, որ Երբ քրիստոնեայի մը մէջ ուրախութիւնը պակաս կու գայ ,այդ քրիստոնեան անբերրի կը դառնայ: Երբ մեր սիրտին մէջ ուրախութիւն չկայ անբերրի սիրտ կ՝ունենանք: :

Ան նկատել տուաւ, որ Եկեղեցին յառաջ պիտի չկարենայ երթալ. Աւետարանը յառաջ պիտի չընթանայ՝ տխուր, ձանձրացուցիչ աւետարանողներու միջոցաւ:Աւետարանը յառաջ պիտի ընթանայ, լոկ ուրախ աւետարանողներու հետ, կեանքով լեցուած աւետարանողներ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ըդնգծեց, ուրախութիւնը կը բխի Աստուծոյ Խօսքը ընկալումէն, քրիստոնեաներ ըլլալու ընդմէջէն: Ան յորդորեց ուրախ ըլլալ, ընթանալ ու կարողութիւնը ունենալ տօնախմբելու՝ առանց ամչնալու եւ չնմանելու Մեղքողին, որպէսզի պաշտօնական  քրիստոնեաներ չդառնանք որոնք ձեւակերպութեան մէջ բանտարկուած քրիստոնեաներ են: Ըսաւ Նորին Սրբութիւնը: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/01/2020, 11:10
Կարդալ բոլորը >