Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապի 3 հոկտեմբերի քարոզը. «Աստուծոյ խօսքը մեզ ուրախութեամբ կը լիացնէ:»

Աստուծոյ խօսքին հետ հանդիպումէն կը բխի մեր սրտի ուրախութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 3 հոկտեմբերին, առաւօտեան, Վատիկանի Տումուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ Աստուծոյ խօսքին ուրախութեան մասին:

Ունկնդրէ լուրը

«Աստուծոյ խօսքին հետ հանդիպումը մեզ կը լիացնէ ուրախութեամբ եւ սա է մեր ուժը »: ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծելով «առանց Աստուծոյ խօսքին՝ կարելի չէ  ըմբռնել կիրակի օրուան տօնակատարութիւնը:»

Նորին Սրբութիւնը յորդորեց, մեր սիրտը բանալ Աստուծոյ խօսքին դիմաց, որովհետեւ Աստուծոյ խօսքը մեզ ուրախութեամբ կը լիացնէ:  Հրաւիրեց ուշադրութեամբ անսալ Աստուծոյ խօսքին եւ զգուշ ըլլալ, որ Աստուծոյ խօսքը մէկ ականջէն չմտնէ եւ միւս ականջէն դուրս չգայ:

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր քարոզը նշելով, որ Քրիստոնեաները ուրախ հաւատացեալներ են, որովհետեւ իրենց սրտերուն մէջ Աստուծոյ խօսքը ընկալեցին  եւ շարունակ Աստուծոյ խօսքին հետ կ՝ուզեն հանդիպիլ: Ան ապա յորդորեց, որ խղճի քննութիւն կատարենք հասկնալու համար եթէ իսկապէս Աստուծոյ խօսքին ուշադրութեամբ մտիկ կ՝ընենք  եւ եթէ համոզուած ենք թէ Տէրը մեր ուժն է:  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/10/2019, 12:27
Կարդալ բոլորը >