Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

ֆրանչիսկոս Պապ .«ձրի ստացանք, ձրի տանք»:

Անշահախնդրութենէն դուրս, չկայ Աստուծոյ հետ յարաբերութիւն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 11 յունիսին, առաւօտեան, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա Մատրան մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մատուցանեց Սուրբ Պատարագ եւ որուն ընթացքին ներկայացուցած քարոզին առանցքը եղաւ Աստուծոյ անշահախնդիր սէրը,  ընդգծելով,  որ պէտք է անվճար պարգեւել, այն ինչ Աստուծմէ ձրի ստացանք եւ պէտք  է ընդլայնել մեր սիրտերը՝ շնորհքը ընկալելու համար.  ստացուած շնորհք եւ ոչ թէ վաճառուած: 

Ունկնդրէ լուրը

Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը՝ քաղուած Մատթէոսի աւետարանէն եւ  ուր կը խօսուի աշակերտներուն առաքելութեան մասին, Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ այդ առաքելութիւնը բոլոր քրիստոնեաներուն առաքելութիւնն է:

«Քրիստոնեայ մը չկրնար անշարժ մնալ: Քրիստոնեայի կեանքը  ուղեւորութիւն է եւ որուն ընթացքին պէտք է քարոզել ըսելով, Աստուծոյ արքայութիւնը մօտ է: Սա է առաքելութիւնը, որ է կեանքի ծառայութիւն եւ ոչ թէ ծառայութիւն ստանալ: ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ տխուր  երեւոյթ նկատելով Աստուծոյ ժողովուրդէն ծառայութիւն ստանալը:

Սրբազան Պապը  ապա շեշտը դնելով Աստուծոյ պարգեւած անշահախնդիր շնորհքներուն վրայ յարեց,  թէ Քրիստոնեային կեանքը ձրի կեանք է աւելցնելով որ այսօրուան աւետարանին մէջ Յիսուս կը խօսի փրկութեան մասին,  որ ձրիաբար ստացուած շնորք է եւ պէտք է զայն անվճառ պարգեւել: Ան  ընդգծեց, որ չէ կարելիէ փրկութիւնը գնել, որովհետեւ զայն անշահախնդրութեամբ ստացանք: 

Ինչպէս Ատուած մեր հետ կատարեց, նոյնպէս մենք ուրիշներուն հետ պէտք ենք կատարել: ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ շեշտելով որ  սա է Աստուծոյ անշահախնդրութիւնը,  Աստուծոյ ամենէն գեղեցիկ բաներուն ամենէն գեղեցիկը:

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր քարոզը շեշտելով  «չկայ անշահախնդրութենէն դուրս Աստուծոյ հետ յարաբերութիւն»: 
Ան  ապա նախ քրիստոնեաները հրաւիրեց որ ձրի պարգեւեն,  ապա եկեղեցւոյ հովիները յորդորեց,  որ շնորհքը չվաճառեն, ինչ որ շատ տխուր երեւոյթ մըն է:  ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը :
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/06/2019, 12:54
Կարդալ բոլորը >