Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (ANSA)

«Աստուծոյ խօսքը գաղափարախօսութիւն չէ, այլ աճեցնող կեանք է». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Զգուշացէ՛ք, եղբայրնե՛ր, որպէսզի ձեզմէ ո՛չ մէկուն ներսը անհաւատութեան չար սիրտ մը ըլլայ՝ հեռանալով ապրող Աստուծմէն:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

 «Զգուշացէ՛ք, եղբայրնե՛ր, որպէսզի ձեզմէ ո՛չ մէկուն ներսը անհաւատութեան չար սիրտ մը ըլլայ՝ հեռանալով ապրող Աստուծմէն: Հապա ամէն օր յորդորեցէ՛ք զիրար, քանի «այսօր» կ՚ըսուի, որպէսզի ձեզմէ ո՛չ մէկը խստանայ մեղքին խաբէութեամբ»։

Ունկնդրէ լուրը

Պօղոս Առաքեալի եբրայեցիներուն ուղղած նամակէն քաղուած վերոնշեալ հատուածը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, 17 Յունուար 2019-ի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ  մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին։

Այդ խօսքերէն մեկնելով Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրաւ երեք բառերու վրայ «խստութիւն, համառութիւն, խաբէութիւն»։

«Խիստ սիրտ մը փակ սիրտ է» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, «սիրտ մը որ չուզէր աճիլ ու ինքնիր մէջ կը փակուի»։ Այսպիսի սիրտ մը անշնորհք է» յարեց Ան, հրաւիրելով հարց տալ թէ ի՞նչպիսի իրավիճակի մէջ կը գտնուի մեր սիրտը, եթէ վախի մէջ է կամ եթէ բաց  եւ հիւրընկալ է»։

«Սիրտը կ՛աճի դժուարութիւններու ընդմէջէն» աւելցուց Սրբազան Հայրը, ան կ՛աճի ինչպէս մենք կ՛աճինք կեանքին մէջ, երբ մանկութեան ընթացքին քալել կը սորվինք։ Քալել կը սորվինք, գետին իյնալով, դժուարութեան մէջ։ «Ասոր համար բաց ըլլալու ենք նորութիւններուն ու դժուարութիւններուն» յորդորեց  Քահանայապետը ակնարկելով երկրորդ բառին «համառութիւն – գաղափարախօսութիւն» ու դարձեալ մէջբերելով Սուրբ Պօղոսին խօսքերը «Հապա ամէն օր յորդորեցէ՛ք զիրար,  որպէսզի ձեզմէ ո՛չ մէկը խստանայ մեղքին խաբէութեամբ»։

Գաղափարախօսութիւնը՝ համառութիւն է ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ «Աստուծոյ խօսքը, Սուրբ Հոգւոյն շնորհքը, գաղափարախօսութիւն չէ. Ան կեանք է որ քեզ կ՛աճեցնէ, միշտ։ Կը մղէ քալելու դէպի յառաջ ու սիրտը բանալու Սուրբ Հոգիին նշաններուն դիմաց»։

«Համառութիւնը, հպարտութիւն է, սնապարծութիւն է ու դարձեալ կը մղէ փակումի ու կղզիացումի» դիտել տուաւ Նորին Սրբութիւնը ու մատնանշելով երրորդ բառին «խաբէութեան - գայթակղութեան» հաստատեց թէ «այլանդակ սիրտ մը դիւրաւ կը  հետեւի հրապոյրներուն, ու հրապոյրը կը մղէ համառութեան, փակումին»,  ըսաւ Ան, զգուշացնելով այդպիսի վարմունքէն ու յատկապէս երկու ուղիներու վրայ քալելու վտանգէն,  որոնք ապա մեզ կը մղեն անհաստատ ու կաղ կերպով քալելու, ըսաւ Քահանայապետը, ու քարոզը աւարտեց հայցելով Սուրբ Հոգւոյն բարեխօսութիւնը. «Թող որ Սուրբ Հոգին մեզ լուսաւորէ որպէսզի մեզմէ եւ ոչ մէկը  այլանդակ սիրտ ունենայ. Խիստ սիրտ մը որ մեզ կը մղէ ըմբոստութեան, գաղափարախօսութեան, խաբուած սիրտ մը, հրապոյրի ստրուկ սիրտ մը, որ մեզ կը մղէ փոխզիջումի քրիստոնէութեան մը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2019, 11:43
Կարդալ բոլորը >