Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ սուրբ պատարագ Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ սուրբ պատարագ  (Vatican Media)

«Եկեղեցիները թող ըլլան Աստուծոյ Տուն» Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը։

«Դրամը կուռք մըն է ու կուռքերը ընդհանրապէս կը ստրկացնեն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրել մտածել թէ ինչպէս մենք կը վերաբերուինք մեր տաճարներու նկատմամբ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Եկեղեցիները թող ըլլան Աստուծոյ տուն եւ ոչ թէ «շուկայ» կամ ընկերային զրոյցներու սրահներ ուր կը գերիշխէ աշխարհականութիւնը»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին՝ 9 նոյեմբեր 2018-ին,  Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը։

Ունկնդրէ լուրը

Մեկնաբանելով Յովհաննէս Աւետարանիչէն քաղուած օրուան Աւետարանական ընթերցումը ՝ուր կը պատմուի Յիսուսին տաճար այցելութեան մասին ու տաճարէն վաճառականներուն վտարումի մասին, Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց բիւրեղացնել նաեւ մեր տաճարներն ու եկեղեցիները, ակնարկելով  Յիսուսին զայրոյթի պատճառներուն ու հաստատելով թէ Յիսուս այդ մէկը կ՛ընէ մղուած նախանձախնդրութիւնէն ու սերէն ։

Յիսուս տաճար մտնելով տեսաւ  որ  այդ վայրը դարձած էր դրամապաշտութեան վայր մը ու մարդիկ փոխանակ Աստուծոյ ծառայելու դարձած էին դրամին ծառայ։  «Դրամը կուռք մըն է ու կուռքերը ընդհանրապէս կը ստրկացնեն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը  հրաւիրելով մտածել թէ ինչպէս մենք կը վերաբերուինք մեր տաճարներու նկատմամբ, եթէ զանոնք իսկապէս Աստուծոյ տուն  կը նկատենք, եթէ այդ վայրը Տիրոջ հետ հանդիպման վայր  է ու կամ եթէ կը նմանինք այդ վճարականներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց ապա որոշ ժողովրդապետութիւններու մէջ պատին կախուած  խորհուրդներու մատակարարումի գիներու ցուցակին, դատապարտելով այդ եղելութիւնը ու յանձնարարելով որ խորհուրդները գին չունին ու թէ հաւատացեալը ազատ նուիրատուութիւն ընելու է։

Քահանայապետը զգուշացուց հուսկ  եկեղեցւոյ մէջ «աշխարհիկութեան» երեւոյթէն ապա Սուրբ Պօղոսի Կորընթացներու նամակէն ներշնչուելով նշեց թէ ամէն մէկ անձ տաճար մըն է Աստուծոյ ու թէ ամէնքս ալ մեղաւոր ըլլալով պէտք է հարց տանք եթէ այդ տաճարը՝ այսինքն սիրտը մաքուր է եւ ազատ է կուռքերէն։

«Եթէ մեղքը կայ Տէրը որ անսահման օրէն ողորմած է կը ներէ մեզի, բայց եթէ Տիրոջ համար տեղ չկայ ու մենք  կռապաշտ դարձած ենք  կը դառնանք կաշառակերներ ու մեր հոգին կը վաճառենք դրամ աստուածին» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը եզրափակելով քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2018, 11:12
Կարդալ բոլորը >