Սանթա Մարթայի մատրան մէջ Սուրբ Պատարագ Սանթա Մարթայի մատրան մէջ Սուրբ Պատարագ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին 5 նոյեմբերի քարոզը՝ «մրցակցութիւնն ու ինքնահաւանութիւնը» կործանիչ են։

«Ինքնահաճութիւնը եւ մրցակցութիւնը կը քանդեն հասարակութիւնը սերմանելով բաժանում ու հակառակութիւն»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 5 նոյեմբեր 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց օրուան աւետարանական ընթերցումին վրայ որ քաղուած էր Ղուկաս Աւետարանիչէն ուր Յիսուս կը խրատէ հեռու մնալ ինքնահաճութենէն ու «շահի եսասիրութենէն» յանձնարարելով լայնածաւալ բանալ հորիզոնները ու դիմել Յիսուսին մեզի սորվեցուցած «ձրիութեան»։

Ունկնդրէ լուրը

«Ինքնահաճութիւնը եւ մրցակցութիւնը կը քանդեն հասարակութիւնը սերմանելով բաժանում ու հակառակութիւն» ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով Աւետարանի Յիսուսի ուսուցումին երբ Ան զինք հրաւիրողին կ՛ըսէ. «Երբ ճաշ կամ ընթրիք սարքես, մի հրաւիրեր ո՛չ բարեկամներդ, ո՛չ եղբայրներդ եւ ո՛չ ալ հարուստ դրացիներդ, որպէսզի փոխարէն անոնք ալ քեզ չի հրաւիրեն ու հատուցում ըլլայ քեզի։ Ընդհակառակն, երբ խնջոյք սարքես, հրաւիրէ աղքատները, հաշմանդամները, կաղերը, կոյրերը եւ երջանիկ պիտի ըլլաս, որովհետեւ անկարող են քեզի փոխադարձելու եւ փոխարէնը քեզի պիտի տրուի արդարներու յարութեան օրը»։

Յիսուսին ուսուցումը յստակ է ըսաւ Քահանայապետը «գործերը չի կատարել անձնական շահի համար, չ՛ընտրել բարեկամութիւնները յարմարաւէտութեան հիման վրայ, հեռու մնալ անձնասիրութենէն ու դիմել ձրիութեան։ Ձրիութիւնը կը լայնեցնէ կեանքի հորիզոնը որովհետեւ ձրիութիւնը տիեզերական է ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ անոնք որոնք «ընտրողական» են կը դառնան «բաժանումի գործօններ»։

Սրբազան Հայրը ապա նկատել տուաւ թէ չարախօսութիւնն ալ կը բխի մրցակցութենէն։ Աւելի մեծ ու աւելի կարեւոր դիրքեր գրաւելու համար ուրիշը կը նախատենք չարախօսութեամբ։ Կը քանդենք անոր անձնաւորութիւնը։ Սուրբ Պօղոս կը զգուշացնէ հասարակութիւնները «մրցակցութեան» հոգիէն եւ ուրիշը քանդող ներքին «պայքարներէն»։ Մրցակցութիւնը արդարեւ կը գործէ անձնական շահի համար, յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը  հաստատելով թէ «Քրիստոնեան պէտք է հետեւի Աստուծոյ Որդւոյն օրինակին» մշակելով «ձրիութիւնը» այսինքն բարիք ընել առանց մտահոգուելու եթէ բարիք ընդունողը նոյնը պիտի ընէ մեզի։ «Մարդկայնութիւն սերմանել» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ապա նշեց թէ «խաղաղութիւնը կերտել առօրեայի փոքրիկ արարքներով կը նշանակէ  պատրաստել ու ձեռք բերել համերաշխութեան ընթացք մը  համայն աշխարհին մէջ» Ան ապա քարոզը եզրափակեց յիշելով Եմենի մէջ անօթութենէ մահացած մանուկները դատապարտելով պատերազմը որ այդ սովամահի պատճառն է ապա հաստատեց թէ հարկաւոր է խաղաղութիւնը կառուցել՝ ընտանիքի. ժողովրդապետութեան ու կառավարական կառոյցներու ներքոյ, ինչպէս նաեւ աշխատանքի վայրերուն մէջ, փնտռելով միշտ հաշտութիւնն ու համաձայնութիւնը եւ ոչ թէ սեփական շահերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/11/2018, 10:50
Կարդալ բոլորը >