Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

ֆրանչիսկոս Պապին 6 նոյեմբերի քարոզը:

Մտածենք մեր կեանքի մէջ քանի անգամ մերժած ենք Յիսուսին հանդիպելու եւ իր մօտ գտնուելու հրաւէրը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Քանի անգամ Յիսուս մեզ հրաւիրած է իր մօտ երթալու, իրեն մօտիկ գտնուելու եւ իր հետ տօնակատարութիւն կատարելու, սակայն մենք մերժած ենք Անոր հրաւէրը: Այս մերժումի մասին է, որ պէտք ենք մտածել» : Այս եղաւ ֆրանչիսկոս Պապին յորդորը, երեքշաբաթի, նոյեմբեր 6-ին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ:

Մեկնաբանելով օրուան Աւետարանը քաղուած Ղուկասի աւետարանիչէն, ուր Յիսուս կը պատմէ մարդու մը պատմութիւնը որ կը սարքէ մեզ ընթրիք մը եւ կը հրաւիրէ բոլորին մասնակցելու այդ ընթրիքին սակայն շատեր կը մերժեն այդ հրաւէրը, Սրբազան հայրը յարեց

Քանի անգամ մենք լսած ենք Յիսուսի կոչը՝ իր մօտ երթալու, բարի գործ մը կատարելու, աղօթելու ինչպէս նաեւ իրեն հանդիպելու, սակայն մենք պատասխանած ենք Անոր ըսելով, Տէր ներէ ինծի, շատ զբաղած եմ ժամանակ չունիմ:Վաղը կու գամ: Մինչ՝ Յիսուս հոն կը մնայ ՝սպասելով մեզի: Ըսաւ Սրբազան Հայրը Ան ապա ընդծելով, որ մենք եւս կը մերժենք Յիսուսի հրաւէրը, հրաւիրեց մտածելու, որ մեր կեանքի ընթացքին ՝ ներշնչուած Սուրբ Հոգիէն, քանի անգամ կանչուած ենք բարի գործ մը կատարելու, կանչուած ենք Յիսուսին հանդիպելու, աղօթելու եւ այլազան պատճառներով մերժած ենք այդ բոլոր հրաւէրները:

Յիսուսի բարի եւ ողորմած է, Ան արդար է : Յիսուս ամէն բան կը ներէ: Սակայն , երբ՝ ներքնապէս մեր սիրտին դուռը կը փակենք, ինչպէ՞ս կարելի է որ Յիսուս այդ դուռը բանայ՝ ներս մտնելու համար: Յիսուս այդ դուռը չի բանար որովհետեւ Ան յարգալից կը գտնուի մեր սիրտին նկատմամբ յարեց Սրբազան Պապը ու հաստատեց թէ «Մերժել Յիսուսը, համազօր է , ներքնապէս մեր սիրտի դուռը փակելու, արգելք հանդիսանալով. որ Յիսուս մտնէ մեր սրտէն ներս»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նկատել տուաւ, որ Աստուծոյ արքայութեան մէջ պիտի մտնեն լոկ անոնք, որ Յիսուսը չեն մերժեր, աւելցնելով որ

Յիսուս խնճոյքին գինը վճարեց ինքզինք, խոնարհեցնելով եւ ծառայելով մինչեւ մահ՝ խաչին վրայ:

Թող Տէրը պարգեւէ մեզի սիրտի խստութիւնը հասկնալու շնորհքը, ինչպէս նաեւ ողբալու շնորհքը ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը եզրափակելով քարոզը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2018, 11:36
Կարդալ բոլորը >