Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապի 29 նոյեմբերի քարոզը:

Պապիլոն քաղաքի աւերակներու ընդմէջէն պիտի յայտաբերուի սատանաներու բոյնը՝ ապաստանը սուտ հոգիներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 29 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապին Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթային մատրան մէջ մատուցած Սուրբ պատարագին ընթացքին ներկայացուցած քարոզին նիւթը եղաւ վերջին դատաստանը:

Մեկնաբանելով օրուան Սուրբ գրային ընթերցումները քաղուած Յովհաննէս առաքեալի յայտնութեան գիրքէն, ուր կը խօսուի, աշխարհականութեան , ինքնաբաւութեան, աշխարհի զօրութեան խորհրդանիշ նկատուող Պապիլոն գեղեցիկ քաղաքի կործանման մասին,Նորին Սրբութիւնը նկատել կու տայ որ վերջին դատաստանի օրը Պապիլոն քաղաքը պիտի կործանուի յաղթանակի աղաղակով: Պապիլոն քաղաքի աւերակներու ընդմէջէն պիտի յայտաբերուի սատանաներու բոյնը՝ ապաստանը սուտ հոգիներուն:

Պապիլոն հրաշալի քաղաքէն պիտի յայտնաբերուի կաշառակերութիւնը: Անոր խնճոյքներէն ի յայտ պիտի գան կեղծ երջանկութիւնը : Ան պիտի կործանուի եւ ոչ ոք պիտի գտնէ զայն ըսաւ սրբազան հայրը մատնանշելով որ սա է տագնապը ու վերջը այն քաղաքացիութեան որ ինքզինք հպարտ, ինքնաբաւ եւ բռնակալ կը զգայ:

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ նաեւ երուսաղեմ քաղաքի կործանման մանիս նշելով որ անոր կործանումը կաշառակերութեան տարբեր կործանում պիտի ըլլայ . սիրոյ անհաւատարմութեան կաշառակերութիւնը ,որ չկարողացաւ Աստուծոյ սէրը ճանչնալ իր Որդւոյն մէջ:

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ դիտել տուաւ որ յիշեալ երկու քաղաքներուն կործանումէն ետք լսելի պիտի դառնայ Տիրոջ ձայնը՝ Փրկութիւնը : Հրեշտակը պիտի բացականչէ ըսելով երանի Գառն Աստուծոյ զոհի մասնակիցներուն:

Ի վերջոյ ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց մտածելու մեր ժամանակներուն Պապիլ ոն քաղաքներուն մասին- այն հզօր կայսրութիւններուն մասին որոնք տապալեցան նախորդ դարերուն ընթացքին, դիտել տալով որ այսպէս ւ վերջ պիտի գտնեն այսօրուան մեծ քաղաքները, այսպէս վերջ պիտի գտնեն նաեւ մեր կեանքը եթէ շարունակենք ընթանալ հեթանոսութեան ուղիին վրայէն:

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը աւարտեց նշելով որ պիտի մնան լոկ անոնք որոնք վստահեցան Տիրոջ ու հրաւիրեց մեր սրտերը յոյսով բանալ եւ հեռանալ հեթանոսական կեանքէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/11/2018, 13:28
Կարդալ բոլորը >