Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

«Զգուշացէք քաղաքավար սատանաներէն». Ֆրանչիսկոս Պապ

Սատանային էական բնոյթը հիմնուած է կործանումի վրայ՝ Աստուծոյ գործը կործանել ու այդ կը կատարէ նաեւ խորամանկութեամբ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սատանային էական բնոյթը կործանել է, կամ անմիջական կերպով՝ պատերազմներու եւ մոլութիւններու միջոցաւ եւ կամ «քաղաքավար» կերպով, մեզ մղելով ապրիլ աշխարհիկ հոգիով կեանք մը»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ուրբաթ 12 հոկտեմբերի առաւօտեան Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին առանցքը։

Ունկնդրէ լուրը

Մեկնաբանելով Ղուկաս աւետարանիչէն քաղուած օրուան աւետարանական ընթերցումը որ կը պատմէ Յիսուսի դեւերու վրայ ունեցած իշխանութեան մասին Սրբազան Քահանայպետը դիտել տուաւ  թէ «երբ սատանան բնակութիւն կը հաստատէ անձի մը սրտին մէջ, այնտեղ կը մնայ եւ այլեւս չուզէր դուրս գալ»։ Յիսուս շատ անգամ վտարեց դեւերը որոնք Իր ու մեր իսկական թշնամիներն են եւ որոնց դէմ պայքար մղուելու է ամէն օր։

Սատանային էական բնոյթը հիմնուած է կործանումի վրայ՝  Աստուծոյ գործը կործանել ու այդ կը կատարէ նաեւ խորամանկութեամբ։ Ան շատ անգամ կը ներկայանայ քաղաքավար կերպով դիտել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը ըսելով «Մենք ամէնքս քրիստոնեայ ենք, կաթողիկէ ենք Եկեղեցի կը յաճախենք ու կ՛աղօթենք ու այս մէկը կը թուի կանոնաւոր։ Շիտակ է ունինք մեր տկարութիւններն ու թերութիւնները սակայն կ՛ապրինք կանոնաւոր կերպով։ Սատանան դուռը կը բախէ ու քաղաքավարութեամբ կը խնդրէ եթէ կարելի է ներս մտնել, այնպէս որ մենք չենք անդրադառնար թէ ան բնակութիւն հաստատեց մեր տան մէջ։ «Այս տեսակ դեւերը ամենագէշ սատանաներէն են, որովհետեւ կը կործանեն անձայն կերպով, որպէս բարեկամ ներկայացնելով իրենք զիրենք ու մեզ կը տանին աշխրահիկութեան ճանապարհին վրայ՝ հոգեւոր աշխարհիկութիւնը որ ներքնապէս կը կաշառէ մեզ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը աշխարհիկութեան հոգին նկատելով ծանր մեղք մը։

«Այդ հոգին յառաջ կու գայ քաղաքավար սատանաներէն» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ու վերյիշեց Յիսուսին աղօթքը՝ վերջին ընթրիքի պահուն. «պաշտպանէ զանոնք աշխարհիկ հոգիէն» հրաւիրելով «միշտ հսկել եւ արթուն ըլլալ»։ «Այս է Յիսուսին պատգամը ի դէմ այդ քաղաքավար սատանաներուն» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւէր ուղղելով միշտ հարց տալ թէ ի՞նչ կը պատահի մեր սրտին մէջ ու հարց տալ նաեւ եթէ քաղաքավար սատանաներ այնտեղ բնակութիւն հաստատած են։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/10/2018, 12:23
Կարդալ բոլորը >