Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Խաղաղութիւնը՝ հեզութեան, քնքշութեան վեհանձնութեան ուղեւորութիւն է:

«Մեր այսօրուան աշխարհը պէտք ունի խաղաղութեան, մենք եւս՝ մեր ընտանիքները, ընկերութիւնը պէտք ունին խաղաղութեան:

Ուրբաթ, 26 հոկտեմբերին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մատուցեց Սուրբ պատարագ, որուն առթիւ ներկայացուցած քարոզին մէջ մեկնաբանեց օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումները որոնցմէ առաջինը քաղուած էր Պօղոս առաքեալի Եփեսացիներուն ուղղած նամակէն որուն մէջ առաքեալը կը յորդորէ, պահպանել միութեան հոգին, եւ իրար զիրար հանդուրժել փոխադարձաբար: Մինչ օրուան աւետարանին մէջ Յիսուս կը յորդորէ համաձայնիլ թշնամիին հետ, ըլլալ հեզ ու խոնարհ ու ներել բոլորին:

Սրբազան Հայրը քարոզին սկիզբը դիտել տուաւ, որ հակառակ՝ միջազգային հաստատութիւններուն բարի կամքին՝ մարդկութեան միջեւ միութիւն ստեղծելու եւ խաղաղութիւն կերտելու, անոնք անկարող են համաձայնութեան մը հանգելու՝ «որովհետեւ իւրաքանչիւրը իր շահը կը փնտռէ» ըսաւ Սրբազան հայրը դիտել տալով թէ «մինչ այդ՝ մանուկները կը շարունակեն անօթի մնալ եւ դպրոց չերթալ ու մարկդութիւնը իր մէջ կրէ քանդումի, պատերազմի, անմիութեան ձգտումը. ձգտում մը որ մեր սիրտերուն մէջ կը զետեղէ թշնամին՝ մարդկութիւնը քանդող սատանան, յարեց Նորին Սրբութիւնը ապա նկատել տուաւ, որ խաղաղութիւնը եւ մեր միջեւ միութիւնը կերտելու համար պէտք ենք հեզ եւ քնքուշ ըլլայ եւ վեհանձն հոգի ունենալ, հետեւիլ Սուրբ Պօղոսի յորդորին, «մէկը միւսին հանդուրժել սիրոյ մէջ»- ինչ որ դիւրին չէ ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով , բոլորս թերութիւններ ունինք եւ մեղաւորներ ենք, ուստի՝ մեր միջեւ դիւրին է որ վէճեր ծագին եւ դատապարտումի արարքներ կատարուին, որ պատճառ կը դառնան բաժանումին եւ կ՝ուրախացնէ սատանան:

Այս է պատերազմի մը սկիզբը, ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ ասոր համար Յիսուս կը թելադրէ սկիզբէն հաշտուիլ եւ խաղաղութիւն կերտել եւ այս կատարելու համար պէտք ենք հեզ, անուշ եւ վեհձանձն հոգին ունենալ, հաստատեց Քահանայապետը դիտելով տալով որ համայն աշխարհի մէջ կարելի է  խաղաղութիւն կերտել այս փոքրիկ բաներով, որովհետեւ այս կեցուածքները, Յիսուսին կեցուածքն է՝  հեզ բարի եւ ներող։

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզի աւարտին ըսաւ «Մեր այսօրուան աշխարհը պէտք ունի խաղաղութեան, մենք եւս՝ մեր ընտանիքները, ընկերութիւնը պէտք ունին խաղաղութեան: Մեր բնակավայրերուն մէջ սկսինք վերաբերիլ այս գեղեցիկ յատկութիւններով հեզութեամբ, ուրախութեամբ եւ վեհանձնութեամբ։ Թող Տէրը օգնէ մեզի այս ուղեւորութեան մէջ, յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով իր խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/10/2018, 12:13
Կարդալ բոլորը >