Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. Ըլլանք Աստուծոյ անակնկալներու դիմաց բաց քրիստոնեաներ»։

Քրիստոնեայ ըլլալ չի նշանակէր միայն կիրակի օրերը պատարագի երթալ, հաղորդուիլ- խոստովանիլ ու մենք մեզ զգալ ճշգրիտ ուղիին վրայ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 8 հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց աւետարանական ընթերցումին վրայ որ քաղուած էր Ղուկաս աւետարանիչէն, ուր օրէնքի վարդապետ մը Յիսուսին հարց կու տայ «Ո՞վ է իմ ընկերս» եւ հարցումին որպէս պատասխան Յիսուս անոր կը պատմէ բարի սամարացիին առակը։Ասկէ մեկնելով Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց ըլլալ իսկական քրիստոնեաներ, քրիստոնեաներ որոնք վախ չունին իրենց ձեռքերը, հագուստները աղտոտելու՝ մօտիկ ըլլալու համար մերձաւորին։ Քրիստոնեաներ որոնք միշտ բաց են Աստուծոյ անակնկալներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց առակին դերակատարներուն, աւազակները որոնք կիսամեռ թողուցին օտարականը, Քահանան որ տեսաւ այդ վիրաւոր մարդը ու անցաւ գնաց, առանց նկատի առնելու իր առաքելութիւնը, ապա նոյնը ըրաւ Ղեւտացին, որ մշակոյթի եւ օրէնքի մարդ էր։  Սրբազան Քահանայապետը քահանան ու Ղեւտացին որակեց պարզ «պաշտօնեաներ» որոնք միայն իրենց պաշտօնը կը կատարեն եւ ասոր համար մտածեցին թէ իրենց չիյնար վիրաւորին օգնութեան հասնիլ։ Մինչ Սամարացին որ մեղաւոր նկատուած էր ու Իսրայէլի ժողովրդին կողմէն նզովուած, գթաց այդ մարդուն վրայ ու կանգ առաւ։ «Մէկդի դրաւ ժամացոյցը, չի մտածեց արիւնին, վար իջաւ զինք փոխադրող իշուկէն, մօտեցաւ, իւղով եւ գինիով խնամեց ու փաթթեց մարդուն վէրքերը, ապա իր գրաստին վրայ դնելով՝ տարաւ զանիկա պանդոկ մը եւ անոր հոգ տարաւ»։

«Սամարացին պաշտօնեայ մը չէր, սրտով մարդ մըն էր, մարդ մը որ ունէր բաց սիրտ մը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  ակնարկելով ապա պանդոկապետին  որ «զարմանքի մատնուեցաւ» տեսնելով անհաւատ մը որ օգնութիւն մատուցեց օտարականի մը,  որուն համար ապա  երկու դահեկան վաճառելէ ետք յանձն առաւ նաեւ այլ ծախսերն ալ վճարել։

Քրիստոնեայ ըլլալ չի նշանակէր միայն  կիրակի օրերը պատարագի երթալ, հաղորդուիլ, խոստովանիլ ու մենք մեզ զգալ ճշգրիտ ուղիին վրայ։ «Այս մէկը պաշտօնեայ քրիստոնեայ ըլլալ է» ըսաւ Սրբազան Պապը որովհետեւ «անոնք բաց չեն Աստուծոյ անակնկալներուն, անոնք երբեք զարմանքի չեն մատնուիր վկայութեան մը առջեւ եւ ոչ ալ կարողութիւնը ունին վկայութիւն մը տալու» աւելցուց Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորելով բոլորին՝ աշխարհական եւ հովիւներ, հարց տալու եթէ մենք բաց քրիստոնեաներ ենք Աստուծոյ անակնկալներուն դիմաց, որոնք դժուարակրութեան կը մատնեն մեզ ինչպէս Սամարացին դժուարութեան մատնեց պանդոկապետը։ «Հարց տանք եթէ պաշտօնեայ քրիստոնեաներ ենք ու կը հետեւինք միայն կանոններուն» նշեց Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ »մեզմէ իւրաքանչիւրը կը նմանի վիրաւոր մարդուն, մինչ Սամարացին Յիսուսն է։ Ան է որ դարմանեց մեր վէրքերը։ Մօտիկ եղաւ մեզի։ Խնամք տարաւ ու մեզի համար սուղ գին վճարեց։ Ապա իր եկեղեցիին ըսաւ «եթէ աւելորդ ծախսեր կան դուն յանձն առ զանոնք եւ իմ վերադարձիս քեզի կը վճարեմ ամէն ինչ»։

«Լաւապէս խոկացէք այս աւետարանական հատուածին վրայ» յանձնարարեց Սրբազան Քահանայապետը քարոզի աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/10/2018, 11:57
Կարդալ բոլորը >