Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին 7 յունիսի քարոզը

«Քրիստոնէական յիշողութիւնը կեանքի աղն է»:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 7 յունիս 2018-ին, առաւօտեան Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մատուցեց Սուրբ Պատարագ, որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ ընդգծեց, որ Քրիստոնէական կեանքի մէջ յառաջ ընթանալու համար պէտք է յիշել Յիսուսի հետ առաջին հանդիպումները, յիշել նաեւ անոնք որոնք մեզի փոխանցեցին հաւատքն ու սիրոյ օրէնքը, դիտել տալով որ քրիստոնէական յիշողութիւնը կեանքի աղն է:

Մեկնաբանելով օրուան Սուրբ գրային ընթերցումը քաղուած Սուրբ Պօղոսի Տիմոթէոսի ուղղուած թուղթէն ուր կ՝ըսուի «յիշէ քու Յիսուս Քրիստոսդ» ֆրանչիսկոս Պապ կը յայտնէ, թէ քրիստոնէական յիշողութիւնը միշտ հանդիպում կը նկատուի Յիսուս Քրիստոսի հետ եւ առանց այս յիշողութեան կարելի չէ յառաջ ընթանալ: Ան ապա կը թուէ այն երեք կացութիւնները՝ որոնց միջոցաւ կարելի է Քրիստոսին հանդիպիլ. յիշել Յիսուսի հետ հանդիպումի առաջին պահը, յիշել մեր նախահայրերը եւ ի վերջոյ յիշել պատուիրանները:

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել կու տայ, որ մեր կեանքի ընթացքին նուազագոյնը երկու կամ երեք անգամ Յիսուս մեզի հանդիպած եւ յայտնաբերուած է եւ պէտք է ետ երթալ՝ յիշելու համար այդ պահերը, որպէսզի կարենանք յառաջ ընթանալ, նկատել տալով, որ Յիսուսի հետ հանդիպումի այդ պահերը, ներշնչումի եւ զօրութեան ակնաղբիւր է՝ քրիստոնէական ուղեւորութեան համար:

Երկրորդ՝ յիշել մեր նախահայրերը: Այս առնչութեամբ ֆրանչիսկոս Պապ նկատել կու տայ, որ հաւատքը չստացանք «նամակաբերի» միջոցաւ, այլ զայն ընդունեցանք այր մարդոց եւ կիներուն միջոցաւ, անհրաժեշտ նկատելով յիշել մեր նախահայրերուն բազմաթիւ վկայութիւնները ու անոնց մարտիրոսութեան տառապանքը, որպէսզի կարենանք ուժ քաղել անոնցմէ յառաջ ընթանալու համար:

Ի վերջոյ օրէնքի յիշողութիւնը : Օրէնքը ըսաւ Սրբազան Հայրը Աստուծոյ սիրոյ ժէսթն է, որուն միջոցաւ Աստուած մեզի ցոյց կու տայ սխալ չգործելու ուղին, այն օրէնքը որ Յիսուս զետեղեց մեր ստերուն մէջ, որ է Աստուծոյ պատուիրաններուն առաջինը:

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզի աւարտին նկատել տալով, որ յիշել Յիսուս Քրիստոսը կը նշանակէ մեր հայեացքը սեւեռել Տիրոջ վրայ՝ Յիսուսի հետ առաջին հանդիպումին յիշողութեան վրայ ինչպէս նաեւ զայն սեւեռել մեր նախահայրերուն եւ օրէնքի վրայ, հաստատեց թէ «յիշել չի նշանակեր լոկ ետ երթալ այլ կը նշանակէ ետ երթալ՝ յառաջ ընթանալու համար» ընդգծելով, որ յիշողութիւնն ու յոյսը միասին կ՝ընթանան, իրար զիրար ամբողջացնող իրողութիւն մըն է:

Քահանայապետը հրաւիրեց հուսկ հարց տալ ինչպէս կ՛ընթանայ յիշողութիւնս՝ այսօր, ինչպէս կ՛ընթանայ յոյսս, ապա հայցեց Տիրոջմէ որ մեզի օգնէ ու թիկունք կանգնի այս յիղողութեան եւ յոյսի գործընթացին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2018, 12:35
Կարդալ բոլորը >