Հալէպի մէջ ձեռնարկ նուիրուած Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեանի երանացման դատին ու ծննդեան 128 ամեակին
Հայ ժողովուրդի ազգային, մշակութային եւ եկեղեցական արժէքներուն տէր կանգնած եւ անոնց պահպանման համար ամէն ջանք ի գործ դրած մեծանուն անձնաւորութիւններուն յիշատակը վառ կը մնայ յուշ երեկոներու ընդմէջէն լուսարձակի տակ առնելով անոնց կեանքն ու ազգանուէր գործունէութիւնը:
Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհիապատիւ Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, կազմակերպութեամբ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Մշակութային Յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ յուշ երեկոյ՝ Սուրիոյ Հանրապետութեան «Ումայյա» շքանշանակիր քարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի երանացման դատին եւ ծննդեան 128-ամեակին առիթով, Ուրբաթ, 27 Հոկտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ «Աղաճանեան» սրահէն ներս: Յուշ երեկոյին Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդին կողքին ներկայ գտնուեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, հոգեշնորհ հայր սուրբեր, արժանապատիւ քահանայ հայրեր, պատուելի հոգեւորականներ, առաքինազարդ քոյրեր անարատ յղութեան, ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբի հրամանատար գնդապետ Արկատի Տօնոյեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, բարեսիրական, մշակութային եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ, կրթական մշակներ եւ հանդիսականներ:
Յուշ երեկոյին բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը բոլոր նահատակներուն:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարալ Տատաղլեան, ըսելով. «Նուիրական պարտականութիւն մը դրուած է Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մշակութային յանձնախումբին ուսերուն վրայ, երախտագիտութեամբ ընծայել եւ կազմակերպել այս երեկոն՝ ոգեկոչելու նախ երանաշնորհ Քարտինալ Աղաճանեանին ծննդեան 128-ամեակը եւ անոր սրբադասման թեմական քննարկման նիստի բացումը: Ապա, լոյսի տակ դնել անոր ունեցած արժէքները, եկեղեցական ու ազգասիրական իրագործումները, որոնք տարած է յարաճուն սիրով, մշտավառ խանդով, աչքառու գուրգուրանքով եւ հետեւողական ու յարատեւութեան բազմազան արդիւնաւէտութեամբ»:
Գեղարուեստական բովանդակալից յայտագիրով յուշ երեկոն տարբեր փայլք ստացաւ: Նուէր Ներսէսեան ասմունքեց Գէորգ Էմինի «Մենք» բանաստեղծութիւնը: Այնուհետեւ, Ռուզան Պարսումեան (դաշնամուր) նուագեց «Ծիրանի Ծառ», «Ջուր Կու գայ» եւ «Շուշիկի» ստեղծագործութիւնները, ապա «Կախարդական Ծաղիկներ» ստեղծագործութիւնը քանոնով մատուցեց Անժէլ Շէօհմէլեան-Պէյուքեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի: Որմէ ետք, Աննա Սաղպազարեան մեներգեց «Մեծացուսցէ», «Սարերի Հովին», «Լեռներ Հայրենի» եւ «Կիլիկիա» երգերը, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Ներսէս Թօփճեանի:
Սուզան Տատաղլեան ներկայացուց «28 Հոկտեմբեր յիշարժան օր»-ը, անդրադառնալով Քարտինալ Աղաճանեանի դէպի սրբադասում հարթած ճանապարհին: Ան յիշեց, որ 28 Հոկտեմբեր 1958-ին, Հռոմի մէջ կը յիշատակուի Ս. Յովհաննէս ԻԳ. Սրբազան Քահանայապետին ընտրութեան տարեդարձը: Ըստ Յովհաննէս ԻԳ. Պապի վկայութեան, Քարտինալ Աղաճանեան եղած է այն թեկնածուն, որուն անունը բազմաթիւ անգամներ հնչած է քահանայապետ ընտրող քարտինալական ժողովի ընթացքին:
28 Հոկտեմբերին Լատինաց տօնացոյցին համաձայն կը յիշատակուի նաեւ Հայաստանի առաքելաց Ս. Թադէոսի ծիսական տօնը: 28 Հոկտեմբերին է, որ Հռոմի մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ տեղի կ’ունենայ Քարտինալ Աղաճանեանի երանացման եւ սրբադասման դատի թեմական փուլի բացումը, ներկայութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարք Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանի: Այս օրը ողջ հայութեան համար յիշարժան եւ պատմական օր կը հանդիսանայ:
Գոհաբանական Ս. Պատարագ կը մատուցուի Լեւոնեան քահանայապետական դպրեվանքի Ս. Նիկողայոս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, Քարտինալ Աղաճանեանի դամբանին մօտ: 28 Հոկտեմբեր 2022-ին Ս. Յովհաննէս աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ կը կայանայ Աստուծոյ ծառայ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի երանացման եւ սրբադասման դատի թեմական փուլի բացումը, որուն ընթացքին Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարք իր ողջոյնի խօսքին մէջ կ’ըսէ. «Եթէ ես այսօր այստեղ կը գտնուիմ, կը պարտիմ նոյնինքն Քարտինալ Աղաճանեանին, որովհետեւ կոչումս ծնունդ առաւ Աստուծոյ շնորհքէն եւ Աստուծոյ այս սպասաւորին ուսուցումին շնորհիւ, որ եղաւ հաւատքի վկան ու հոգիներու ծառան»:
Քարտինալ Աղաճանեանին կեանքն ու բազմաբեղուն գործունէութիւնը ներկայացուց Արժ. Տ. Կոմիտաս Ա. ՔՀնյ. Տատաղլեան:
Քահանայ հայրը անդրադարձաւ Քարտինալին հայրենասէր, ազգասէր, շինարար, հոգածու եւ մտաւորական վարքին: Ան յիշեց, որ Քարտինալ Աղաճանեանը 1947-ին շրջաբերականով կը ծանուցանէ «Մասիս» ամսաթերթի հրապարակումը: Ան տէր կը կանգնի որբերուն, կը հիմնէ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած աշխարհի առաջին յուշարձանը Պէյրութի պատրիարքարանէն ներս, ինչպէս նաեւ կը կառուցէ որբանոցներ, դպրոցներ եւ եկեղեցիներ:
1939-ին, ֆրանսական իշխանութեան մօտ իր ազդու միջամտութեամբ կը խնայէ Քեսապի գաղթականութեան աղէտը
եւ Քեսապը կը մնայ Սուրիոյ գերիշխանութեան տակ: 8 Մարտ 1952-ին ան ֆրանսական կառավարութեան կողմէ շքանշան կը ստանայ: 24 Հոկտեմբեր 1955-ին պաշտօնական այցելութիւն կու տայ Դամասկոս, ուր Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ Շուքրի Քուաթլի զինք կը պարգեւատրէ սուրիական ամենաբարձր «Ումայյա» շքանշանով, առ ի երախտագիտութիւն ֆրանսական կառավարութեան մօտ իր ազդու միջամտութեան:
Արժանապատիւ քահանայ հայրը լուսարձակի տակ առաւ նաեւ Քարտինալ Աղաճանեանի գրական վաստակը, բանախօսութիւնները, հրատարակած հատորները եւ պատգամները:
Հալէպի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ կառուցման օժանդակող գլխաւոր նուիրատուներէն մէկը կը հանդիսանայ Քարտինալը, այդ պատճառով եկեղեցւոյ սրահը կը կոչուի «Աղաճանեան»:
Քարտինալ Աղաճանեանի ծննդեան 100-ամեակին առիթով, Քեսապի Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ աջ կողմը բարձրացած ժայռին վրայ յիշատակարան գրութեան բացումը կը կատարուի: Պէյրութի մէջ Ս. Եղիա Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս կը կատարուի բացումը Աղաճանեանի կիսանդրիին:1998-ին Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի ջանքերով, Հալէպի մէջ յատուկ փողոց մը կ’անուանուի Քարտինալին անունով, առ ի երախտագիտութիւն Սուրիոյ հանդէպ իր ունեցած ներդրումին:
Յուշ երեկոն եզրափակուեցաւ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի փակման խօսքով: Ան յայտնեց, որ երանաշնորհ Քարտինալ Աղաճանեանը եղած է սրբակեաց հոգեւորական, հմուտ աստուածաբան, հայասէր եւ հայրենասէր անձնաւորութիւն մը: Միրիաթեան բախտաւորութիւն ունեցած է Լեւոնեան վարժարանէն ներս եօթ տարի ապրելու Քարտինալ Աղաճանեանին հետ եւ իր եկեղեցական կազմաւորումին մեծ մասը կը պարտի երանաշնորհ Քարտինալին, յիշելով, որ երբ ան կ’աղօթէր՝ կը յափշտակուէր, երբ ան կը խօսէր սուրբ հայրերու մասին՝ հեզասահօրէն կ’արտայայտուէր եւ զանազան լեզուներով մէջբերումներ կը կատարէր:
Ան նշեց, թէ Քարտինալին ստացած «Ումայյա» շքանշանը կը գտնուի Հռոմի Լեւոնեան Վարժարանին մէջ Քարտինալ Աղաճանեանին նուիրուած յատուկ թանգարանէն ներս:
Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդը շնորհակալութիւն յայտնեց Կոմիտաս Ա. Քհնյ. Տատաղլեանին, որուն մտայղացումն էր այս յուշ երեկոն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մշակութային յանձնախումբին, որ լաւագոյն կերպով կազմակերպեց երեկոն, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագիրի բոլոր մասնակիցներուն եւ երեկոյին ներկայ գտնուողներուն: Ան յիշեց Ջաւախքը, Ախլցխան, Ախլքաղան, Արցախը, Նախիջեւանը, Պաղեստինը, Ղազզան եւ աղօթեց, որ Աստուած խաղաղութիւն հաստատէ:
Յուշ երեկոն փակուեցաւ «Պահպանիչ»-ով:
Աղբիւրը` Գանձասար
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ