Գերերջ. Հոգեւոր Տիրոջ ձեռքով Երանելի Մալոյեանի սրբապատկերին օրհնութիւնն ու նորօծեալ արքեպիսկոպոսին առաջին Ս. Պատարագը
Պաղտատի Հայ ԿաթողիկԷ թեմի նորընտիր առաջնորդ՝ Արհի. Ներսէս Յովսէփ Եպս. Զապարեան հանդիսապետեց իր անդրանիկ Սուրբ Պատարագը, Հալէպի Հայ Կաթողիկէ «Մայր Ամենայն Գթութեանց» աթոռանիստ եկեղեցիին մէջ, մասնակցութեամբ մեծ թիւով հաւատացեալներու։ Նախքան Սուրբ Պատարագը՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքը բացումը կատարեց Երանելի Իգնատիոս Եպս. Մալոյեանի սրբապատկերին, ապա մուտք գործեց եկեղեցի՝ ընկերակցութեամբ Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, եպիսկոպոսական հայրերու, քահանաներու, սարկաւագներու եւ հաւատացեալներու։
Սուրբ Աւետարանի ընթերցումէն ետք, Մինասեան Հոգեւոր Տէրը փոխանցեց հետեւեալ պատգամը. «Այս օրերը միասին ապրեցանք ուրախութեամբ ու ցնծութեամբ, յատկապէս այն հոգեւոր բերկրանքով, զոր բաժնեցինք մեր եղբօր՝ Իրաքի նորընտիր եպիսկոպոս Արհի. Ներսէս Յովսէփ Զապարեանի հետ: Այդ պերճանքը նաեւ ապրեցանք մեր եղբայրակից՝ Միրիաթեան արքեպիսկոպոսին հետ, որ ջանք չխնայեց երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած այս հովուապետական այցելութիւնը իրականացնելու համար։ Շնորհակալութիւն Արհիապատիւ Տէր:
Իսկ անդրադառնալով այս օրհնեալ օրուան հոգեւոր խորհուրդին մասին, նախ կը վերադառնամ այն սկզբունքին, զոր մենք որդեգրեցինք երբ ձեր մօտ եկանք, յիշելով Պօղոս առաքեալի հետեւեալ խօսքը. «Ես եկայ ձեր մօտ՝ ձեզի հաստատ պահելու համար Անոր կամքին մէջ ու ձեզի տալու Անոր երկնային օրհնութիւնը, որուն միջոցաւ կրնաք դիմադրել դժուարութիւններն ու զանոնք յաղթահարէք Անոր շնորհքին մէջ հաստատ մնալով: Այսպիսով, շնորհքներ կը ստանաք եւ մխիթարանքը կ'ապրիք այն յարութեան ու վերելքի յոյսը՝ այս դժուար պահերուն, որպէսզի շարունակէք երթը եւ հաստատէք Քրիստոսի լոյսը ձեր տուներուն մէջ»։
Հոգեւոր Տէրը ապա աւելցուց. «Նոր սերունդ կերտելու յառաջընթացն ու յաջողութեան յոյսը կ'ամբողջացնեն երթը Տիրոջ լոյսին մէջ: Այս խօսքերը կ'ըսեմ, խորապէս գիտակցելով յատկապէս այն իրարանցումին, որ կ'ապրինք ամբողջ աշխարհի տարածքին, սակայն Տէրը պիտի չլքէ իր ժողովուրդն ու զայն դուրս պիտի բերէ այս բոլոր դժուար փորձութիւններէն, լուսաւորէ անոր ճամբան, որպէսզի ապրի երկրային ու յաւերժական երջանկութեան մէջ»:
Հոգեւոր Տէրը նաեւ ըսաւ. «Մենք պէտք է կերտենք մեր զաւակներու ապագան՝ անոնց հոգեւոր ապագան, որպէսզի յաջողին իրենց աշխարհային կեանքին մէջ: Այս ապագայի կերտումը կապուած է մեր հոգեւոր վարքին ու բարեպաշտութեան, միշտ հաստատ մնալով աղօթքին մէջ: Հոս կը շեշտեմ աղօթքի խորհուրդին վրայ, որ միակ անպարտելի միջոցն է: Ան մեր Փրկչի յաղթական միջոցն է, որպէսզի վերադառնանք Իրեն, խոնարհ ու ապաշխարած հոգիով՝ մեր մեղքերուն ու անհաւատներու մեղքերուն քաւութեան համար:
Իմ սիրելի եղբայրներ և քոյրեր, Մինչ մենք կը գտնուինք՝ աղօթքի եւ ապաշխարութեան ճանապարհին, որ մեզ կ'ուղղէ մեր Փրկչին, սրտանց փափաքս կը յայտնեմ ձեր հետ երկրպագութիւն կատարելու Սուրբ Հաղորդութեան առջեւ, ոչ միայն խօսքերով, այլ նաեւ Անոր հետ իսկական միութեամբ՝ Սուրբ Հաղորդութիւնը ստանալով: Ան ձեզ կը սպասէ, որպէսզի Իր հետ հաղորդակցիք եւ ձեր սէրն ու մխիթարանքը արտայայտէք: Ան կը սիրէ ձեզ տեսնել ու լսել, որովհետեւ ան առատաձեռն ու բարի է. եւ ինքն է, որ ըսաւ, թէ "ինչ որ խնդրէք Հօրմէս իմ անունովս, ձեզի պիտի տրուի"»:
Հոգեւոր Տէրը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Ուրեմն եկէ՛ք Անոր մօտ, եկէ՛ք եւ նորոգեցէ՛ք ձեր հաւատքը Անոր հանդէպ, եկէ՛ք եւ ձեր ուխտը նորոգեցէ՛ք, որովհետեւ Ան ողորմելի եւ ամենակալ Աստուած է, Իր ստեղծագործութեան սիրառատ Հայրը, որուն պատկերին համաձայն Անոր կեանքը տրուեցաւ»:
Սուրբ Պատարագի աւարտին, Միրիաթեան արքեպիսկոպոսը շնորհակալական խօսք մը ուղղեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ անոր այցելութեան առիթով եւ հոգեւոր ու մխիթարական կեցուածքներուն համար: Առաջնորդ հայրը Հոգեւոր Տիրոջ եւ ընկերակցող պատուիրակութեան յուշանուէրներ տուաւ տեղւոյն եկեղեցւոյ պատկան մարմիններուն անունով:
Աղբիւրը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ