Կարդինալ Սաքոն յայտարարեց Քիւրտիստան իր փոխադրութիւնը
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ, Բաբելոնի Քաղդէացիներու Պատրիարքը, հանրութեան յայտարարեց իր որոշումը «քաշուելու Պաղտատի պատրիարքական իր աթոռէն ու մեկնելու առաքելութեամբ Իրաքիան Քիւրտիստանի վանքի մը եկեղեցի»։
Յայտարարութիւնը հրատարակուեցաւ արաբերէն լեզուով Քաղդէացի պատրիարքութեան պաշտօնական կայքէջին վրայ 15 Յուլիս 2023ին եւ հետեւանքն է Իրաքի նախագահ Ապտուլ Լաթիֆ Ռաշիտի որոշումին, Երկրի նախկին նախագահ Ժալալ Թալապանիի 2013ին հրապարակած հրամանագիրը չեղեալ նկատելու, հրամանագիր, որով կարդինալ Սաքոն կը ճանչցուէր որպէս Պատրիարք Քաղդէացի Եկեղեցւոյ։
Չեղարկումր «նախադէպ չունի Իրաքի պատմութեան մէջ», հաստատած է կարդինալը՝ ընդգծելով «կառավարութեան լռութիւնը» կատարուածի և քրիստոնեայ համայնքի տառապանքներու վերաբերեալ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ