2022 տարին Սփիւռքի տարի` հռչակուած Արամ Ա Կաթողիկոսին կողմէ
ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐ
Թեմը գաղութէն անկախ միաւոր մը չէ. թեմը ինքնին ժողո-վուրդն է։ Այս առումով, համայնքի կեանքին մէջ գործող կազ¬մա-կերպութիւններուն ու թեմին միջեւ ներդաշնակ գործակցու-թիւնը, վստահաբար, պիտի նպաստէ գաղութի վերակազմա-կերպ¬ման։ Արդ, թելադրելի է, որ համագործակցութիւնը սկսի ծրագիր¬ներու պատրաստութեան ընթացքին։ Համայնքա¬յին կա-ռոյցները մասնա¬կից են թեմական մարմիններու գոր-ծունէութեան, սակայն անոնք ունին իրենց յատուկ կանոնագ-րութիւնները եւ առաջնա¬հեր¬թու¬թիւնները։ Մեր կառոյցները սկսած են մարդուժ կորսնցնել. քա¬նակին առընթեր նշմարելի է նաեւ որակի նահանջ։ Նոր աւիւն հարկ է ներարկել անոնց, ապա¬հովելով երիտասար¬դութեան, արա¬¬կան թէ իգական, տիրական ներկայութիւնը՝ նաեւ ղեկավա¬րու¬թեան մակարդակի վրայ։ Կա¬ռոյցներու կանոնագրու¬թիւն¬նե¬րուն այժմէականացումը եւ տեղական պայմաններուն պատ¬շա-ճեցումը, պահելով հանդերձ անոնց համասփիւռքեան ու համա-հայ¬կական բնոյթն ու նպատակը, անխուսափելի է։ Կառոյցներու միջեւ սերտ գործակ¬ցութիւն ու անոնց գործու¬նէութեանց միջեւ ներդաշնա¬կութիւն ստեղ¬ծելը մեծապէս պիտի նպաստէ գաղութի կեանքին առաւել ծաղկման եւ Սփիւռքի աշխուժացման։
Սփիւռքի վերակազմակերպումը բարդ ու եր¬կա¬րաշունչ ծրագիր է։ Նման հսկայածաւալ ծրագիրի մը իրագոր¬ծումը կ’ենթադրէ հա¬ւա¬քական հաւատք ու նուիրում, ղեկավա¬րու¬թիւն ու յանձնառու¬թիւն։ Ան կը պահանջէ նաեւ մասնագի¬տական մօտե¬ցում ու համա¬պար¬փակ ծրագրում՝ հանգրուանա¬յին կերպով իրա¬գործելի։ Յիշ¬եալ գործընթացին մէջ անհրաժեշտ է նկատի ունե¬նալ տարբեր մի¬ջա¬¬վայ¬րերու մէջ ապրող գա¬ղութ¬ներուն ներքին դրուած¬քը, գոր¬ծող կառոյցներու իւրայատ¬կու¬թիւն¬ները ու շրջա¬պա¬տը, եւ համա¬պա¬տաս¬խան մօտեցում որդեգրել։
Արդ, ինչպէ՞ս կարելի է յիշեալ հսկայ աշխատանքին ձեռնար-կել.-
1) Մթնոլորտի պատրաստութիւնը նախապայման է։ Մեր կա¬ռոյցները, անոնց պատասխանատուները ու անդամները պատ¬րաստ ու յանձնառու պէտք է ըլլան վերակազմակերպումի անյե¬տաձգելի անհրաժեշտութեան։ Այս ուղղութեամբ յօդուածնե-րու պատրաստութիւնը, հրապարակային քննարկումներու ու համա¬գու¬մարներու կազմակերպումը կրնան օգտակար դառնալ տեսա¬կէտներու փոխանակման, մտքերու պատրաստութեան ու դրա¬կան միջավայրի ստեղծման։
2) Իւրաքանչիւր կառոյց ինք պէտք է նախաձեռնէ իր վերա-կազմակերպման, նկատի ունենալով Մեր արծարծած մտահո¬գու-թիւններն ու մատնանշած երեւոյթները, եւ ապա, անհրաժեշ¬տու-թեան պարագային, իր կատա¬րած աշխատանքը համադրելով այլ կառոյցներու հետ։
3) Ծրագրումին հարկ է յաջորդէ գործադրումը։ Սա բնա¬կա-նաբար ամենէն դժուար հանգրուանն է։ Գործադրումը պէտք է կա¬տարուի յառաջատուական ընթացքով եւ ծրագրուած հետեւո-ղա¬կանութեամբ։
Հաւատարիմ իր անցեալին, հայ ժողովուրդը կոչուած է ինք-զինք յարատեւօրէն վերարժեւորման ու վերանո¬րոգման ենթար-կելու՝ համահունչ փոխուող ժա¬մանակներուն, պայմաններուն ու մար¬տա¬հրաւէր¬ներուն։ Ա՛յս տես¬¬¬լականով ու յանձնառութեամբ Սփիւռ¬քը պէտք է վերակազ¬մա¬կերպէ ու վերա¬շնչաւորէ ինքզինք։ Սփիւռ¬քը իր ներկայ վիճակին թողուլ, կը նշա¬նակէ անոր ինքնա-մաշումը արագացնել։ Սփիւռքի վերակազմա¬կեր¬պումը՝ անոր հզօրացումն է, իսկ Սփիւռքի հզօրա¬ցումը Հայաս¬տանին ու Արցա-խին հզօրա¬ցումն է. եւ սա համազ¬գային առաջ¬նահերթու¬թիւն է ու մարտա¬հրաւէր։ Հարկ է անյապաղ լծուիլ աշ¬խա¬տանքի։
Կը թե¬լադ¬րենք մեր Սուրբ Աթոռի թեմերուն անմիջապէս ձեռ-նարկել ծրագ¬րումին, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն ամբող¬ջացնել յառաջի¬կայ Ազգ. Ընդհանուր Ժողովէն առաջ։
Հայրական ջերմ սիրով,
¬Աղօ¬թա¬րար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱ¬ԹՈ¬ՂԻ-ԿՈՍ
ՄԵ¬ԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻ¬ԼԻԿ-ԻՈՅ
1 Յունուար, 2022
Ան¬թիլ¬ի¬աս, Լի¬բա¬նան
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ