2022 տարին Սփիւռքի տարի 2022 տարին Սփիւռքի տարի 

2022 տարին Սփիւռքի տարի` հռչակուած Արամ Ա Կաթողիկոսին կողմէ

Արամ Ա Կաթողիկոսը, նկատի ունենալով վերջին տարիներու, Սփիւռքին առնչուած զանազան խնդիրները ու պարզած ներկայ պատկերը ու համայնքէն ներս անոր ունեցած առանցքային կարեւորութիւնը, Հայրապետական Գիրով մը 2022 տարին հռչակեց Սփիւռքի տարի։ Կիսելով վեհափառ հայրապետին մտահոգութիւններն ու սփիւռքի նկատմամբ պատասխանատուութիւնը ուրախութիւնը կը զգանք ձեզի փոխանցելու՝ հաղորդաշարի ձեւաչափով հայրապետական գիրը ամէն երեքշաբթի օր, հայկական մեր հաղորդումին մէջ։

ԴԷՊԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄ¨ ՄԱՐԶԵՐ ԵՒ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑՔ

Ունկնդրէ լուրը

Մեր մատնանշած մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէր¬ները կը կարօտին խոր, իրատես ու համապարփակ քննարկման։ Աւելի քան երեսուն տարի Հայաստանը եւ Արցախը դարձան Սփիւռքի կեանքին կիզակէտը։ Անկասկած, մեր ազգին այս երկու բեւեռները իրենց խնդիրներով ու հրամայականներով Սփիւռքին համար պէտք է միշտ մնան առաջնահերթութիւն։ Սփիւռքը ինքնավախ¬ճան իրականութիւն մը չէ. ան իր տեսլա¬կանը պէտք է միշտ սեւե¬ռած պահէ Հայաստանի ուղղութեամբ, որ ողնա¬սիւնը կը կազմէ հայ ազգի ներ¬կային ու երաշխիքը՝ անոր ապագային։ Այս խոր գիտակ¬ցու¬թեամբ Սփիւռ¬քը կոչուած է ինքզինք վերա-կազմակերպելու։ Այսօր մեր ազ¬գին մեծա¬մասնութիւնը կ’ապրի Սփիւռքի մէջ։ Հետե¬ւաբար ժամա¬նակն է, որ մեր ազգի պատմութեան այս հանգրուա¬նին ինքնակազմակերպումը դառնայ Սփիւռքին առաջնահերթու¬թիւնը։
Կ’ուզենք կարեւորութեամբ ընդգծել, թէ այլեւս չենք կրնար հիւ¬ծած կառոյցներով, զմռսուած մտածողութեամբ, կաղապար-ուած մօտեցումներով, հնամաշ օրակարգերով Սփիւռքը վերա-կազմա¬կերպել ու վերակենսաւորել։ Սփիւռ¬քը իր կառոյցներով ու օրա¬կարգով, իր կանոնագրութիւններով ու գործե¬լակերպերով պէտք է դառնայ համահունչ նոր ժամանակ¬ներուն ու մարտա-հրաւէր¬ներուն։ Ինչ¬պէ՞ս կարելի է ձեռնարկել այս հսկայ աշխա-տանքին։ Սփիւռքին պարզած ներկայ գոյա¬վիճակին իրա¬պաշտ արժեւո¬րումը եւ ապա ծրագրումը պէտք է դառնան մեկ¬նակէտը ու մղիչ ուժը մեր աշխա¬տանք¬ներուն։ Այս ուղղութեամբ առանցքային է դերը գա¬ղութին մէջ գոր¬ծող բոլոր կազմակերպութիւններուն ու միութիւններուն, ինչ¬պէս նաեւ զանազան մարզերու մասնագէտ ու փորձառու մտաւորա¬կան-ներուն։

ա) ԹԵՄԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐ

Աւանդական սփիւռքի կեանքը կազմակերպուած է եկեղեցւոյ շուրջ։ Իւրա¬քանչիւր գաղութ եկեղեցին նկատած է իր հաւաքական կեանքին կեդրոնը եւ անոր շուրջ հիմնած զանազան մարզերու առնչուած իր հաստատութիւնները։ Եկեղեցին, իր կարգին, չէ կրցած քայլ պահել կեանքի յարափոփոխ պայմաններուն հետ։ Եկեղեցւոյ բարեկարգումը նոյնպէս հրամայական է։ Եկեղեցի-ժողովուրդ յա¬րա¬բերութիւնը նոր որակ ու ոճ պէտք է ստանայ ու եկեղեցին դառ¬նայ ծառայական ներկայութիւն ժողովուրդի կեան¬քէն ներս։ Ուստի, նկատի ունենալով եկեղեցւոյ կեդրոնական դերը գա¬ղութի մը կեանքին մէջ, գաղութի վերակազմակերպումը հարկ է որ սկսի թեմական կեանքէն։
Վերջին Ազգ. Ընդհանուր Ժողովին (5-8 Դեկտեմբեր 2017) թէ՛ Մեր պատգամին եւ թէ ժողովի որոշումներուն մէջ կարեւորու-թեամբ անդրադարձած էինք յատկապէս թեմերու վերակազմա-կերպ¬ման եւ ապա այս ուղղութեամբ յատուկ ուղեցոյց մը ճշդած։ Սակայն, համաճարակը դանդաղեցուց մեր թեմերուն կողմէ կա-տարուելիք ծրագրումի աշխատանքները։ Հոս կ’ուզենք ամ¬փոփ գիծերով պարզել թեմերու շրջագծէն ներս ձեռնարկուելիք աշխա-տանքին ուրուագիծը.-
Թեմի վերակազմակերպման մէջ կարեւոր դեր ունի Հո-գեւորա¬կանը։ Կոչու¬մի գի¬տակ¬ցութիւն ունեցող եւ ներկայ ժամանակնե-
րու մար¬տա¬հրա¬ւէր¬ները դիմագրաւելու հոգեմտաւոր պատրաս¬-տութիւն ունեցող հոգե¬ւորա¬կաններու կազմաւորումը էական է։ Ծուխը, որպէս հիմքը եկեղեց¬ւոյ կեանքին ու առաքելութեան, պէտք է դառնայ վերա¬կազ¬մա¬կերպման գործընթացին¬ կիզակէտը։ Հարկ է եկեղեցւոյ վարչա¬կազմակերպչական կեանքին մէջ գործող մար¬մին¬ները վերաթար¬մացնել՝ պաշտօնի կոչելով ուսեալ եւ գործուն¬եայ տի¬կին¬ներ ու երիտասարդներ։ Անհրաժեշտ է առաջնահերթ կարեւորութիւն ըն¬ծայել ա) քրիստոնէական դաստիա¬րա¬կութեան՝ Կիրակնօրեայ վարժարաններու վերաշխուժացու¬մով, հայկական վարժարան¬ներէն ներս կրօնական նիւթերու դասաւանդումով ու հայ ընտանի¬քէն ներս հոգեւոր ու բարոյա¬կան արժէքներու կեն¬սագործումով։ բ) ընկերային ծառայութեան, զայն դարձնելով եկեղեցւոյ առաքե¬լութեան էական մարզերէն մէկը։ գ) Հայ դպրոցին, վերաշեշտելով անոր հայակերտումի առաքելութիւնը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2022, 07:00