Արցախեան պատուիրակութեան այցը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան
Երեքշաբթի, 24 Մայիս 2022-ի յետմիջօրէի ժամը 3։00-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը ընդունեց Արցախի հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ` Արթիւր Թովմասեանը եւ արտաքին գործերու փոխ նախարարուհի Արմինէ Ալեքսանեանը ինչպէս նեաւ Արցախի հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Դաշնակցութիւն խմբակցութեան նախագահ` Արթիւր Մոսիյեանը։ Հայրենի պատուիրակութեան կ’ընկերակցէին Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ` Տքթ. Էլի Թաշճեան եւ Յակոբ Լատոյեան։
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհիապատիւ Տէր Գէորգ Ասատուրեանը եւ Հայ Կաթողիկէ կղերական դասի անդմաներ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան յատկապէս վերջին տարիներու արցախեան իրադարձութիւններուն հայող հարցեր, որոնց շուրջ Հոգեւոր Տէրը յատկապէս շեշտադրեց ազգային միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը, հայրենիքի համար ճակատագրական այս ժամանակաշրջանը ազգովին յաղթահարելու համար։
Աղբիւրը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան պաշտօնական կայքէջ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ