Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ այցը Փարիզի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ այցը Փարիզի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ  

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ի հանդիպումները Փարիզի մէջ։

Ռաֆայէլ Պետրոսի ԻԱ պիտի այցելէ նաեւ Ֆրանսայի Ծերակոյտը եւ Ազգային Ժողովը եւ պիտի հանդիպի Փարիզի Հայ Կաթողիկէ համայնքի անդամներուն հետ

Վատիկան Նիուզ - Հայկական բաժին

Ունկնդրէ լուրը

Արեւելքի քրիստոնեաներու ծառայութեան նուիրուած «Œuvre d’Orient»-ի հրաւէրով Ֆրանսա գտնուող Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ կաթողիկոս Պատրիարքը աւարտելէ ետք Մարսէյի մէջ ունեցած հանդիպումները փոխադրուեցաւ Փարիզ, ուր երկուշաբթի 22 նոյեմբերի առաւօտեան, ընկերակցութեամբ Փարիզի Սուրբ Խաչ Հայ Կաթողիկէ թեմին առաջնորդ` Արհ Եղիա Եպիսկոպոս Եղիայեանին ու Լիբանանէն ժամանած Պէյրութի Պատրիարքական Հայ Կաթողիկէ թեմին օգնական եպիսկոպոս՝ Գերպծ․ Գէորգ Ասատուրեանի եւ Տ. Կարապետ Քհնյ․ Թադէոսեանի այցելեցին Փարիզի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Սուրբ Յովհաննու Կարապետի աթոռանիստ եկեղեցին, ուր հանդիպում ունեցան նհայ առաքելական եկեղեցւոյ տեղապահ` Հայր Կոմիտաս Յովնանեանի հետ։

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ եւ Փարիզի մէջ լիբանանի դեսպանը
Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ եւ Փարիզի մէջ լիբանանի դեսպանը

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ուղղուեցաւ ապա Փարիզի Լիբանանի դեսպանատուն ուր հանդիպեցաւ Լիբանանի դեպանին հետ, ուր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը առիթը ունեցաւ շնորհաւորելու 22 նոյեմբեր1943ին իրականացած Լիբանանի անկախութեան տօնը, հուսկ իրեն ընկերացող պատուիրակութեան անդամներուն եւ «Œuvre d’Orient»-ի ընդհանուր տնօրէն` Գերապայծառ Փասքալ Կոլնիշին հետ միասին մասնակցեցաւ իրեն ի պատիւ, Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանին մէջ սարքուած սիրոյ ճաշին։

Ամենապատիւ Կաթողիկոս Պատրիարքին Փարիզի մէջ 22 Նոյեմբերի հանդիպումներու շարքին է նախատեսուած է Ֆրանսայի մայրաքաղաքին վիճակաւոր` Արհ․ Միշել Արքեպս․ Օփըդի հետ հանդիպումը։

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց հայրապետի յաջորդ օրերու յայտագիրը կը նախատեսէ այցելութիւն «Œuvre d’Orient»-ի Փարիզի գրասենեակ, հանդիպում Ֆրանսայի կաթողիկէ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ՝ Գերպծ․ Էրիք Եպս․ Տը Մուլէն-Պոֆորին հետ, հուսկ այցելութիւն եւ հանդիպում Ֆրանսայի Վերին Պալատին մէջ, ուր նախատեսուած է նաեւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ մէկ ելոյթը։

Ռաֆայէլ Պետրոսի ԻԱ պիտի այցելէ նաեւ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովը, ուր անոր ի պատիւ տեղի կ՛ունենայ պաշտօնական ընդունելութիւն երեսփոխաններու մասնակցութեամբ։

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հայրապետը այցելութիւն պիտի տայ նաեւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն, ապա Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Փարիզի հայ կաթողիկէ համայնքի անդամներուն հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2021, 11:57