Գերյ. Յովսէփ Թ. Ծ. Վ. Խանցեան Գերյ. Յովսէփ Թ. Ծ. Վ. Խանցեան 

Համառօտ պատմութիւն Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ Վիճակին (Գ)

Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետին յառաջիկայ դեկտեմբերի սկիզբը` Յունաստան կատարելիք առաքելական այցելութեան առիթով, կը ներկայացնենք Գերյ․ Յովսէփ Թ․Ծ․Վ․ Խանցեանի կողմէ շարադրած հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համառօտ պատմութիւնը։ Այսօր կը խօսինք Յունաստանի զանազան վայրերուն մէջ բացուած առաքելութիւններու մասին։

Գլուխ Գ․

Առաքելակայաններ կը բացուին Յունաստանի զանազան վայրերուն մէջ

1924 – 1925-տարիներու բոլոր տեւողութեան, բեղմնաւոր աշխատանք կը տարուի հոգեւոր օգնութիւն հասցնելու Յունաստանի այն վայրերը, ուր հայ կաթողիկէ խմբակներ կը գտնուին։ Այսպէս է որ ծագում կ՛առնեն զանազան առաքելութիւններ Մակեդոկիոյ, Թրակիոյ, Ատտիկէի եւ կղզիներու մէջ։ Խօսինք այս առաքելակայաններու մասին։

Ունկնդրէ լուրը

Ա․ - Սելանիկ եւ Վօլօ

Ժամանակագրական կարգով Սելանիկ կ՛ըլլայ առաքելութեանս առաջին առաքելակայանը։ Փոքր Ասիոյ աղէտէն վերջ, այս քաղաքը կ՛ըլլայ գաղթական յունահայութեան երկրորդ կեդրոնը, ուր աւելի քան 7000 հայ տարագիրներ կը հաստատուին։ Այս հոծ բազմութեան մէջ կան նաեւ շատ մը հայ կաթողիկէ ընտանիքներ, որոնք հոն ապաստանած են Փոքր Ասիոյ զանազան քաղաքներէն։

1922-ին Գերյ․ Մկրտիչ վ․ Մուրատեանը Սելանիկ կը գտնուի ու կը դառնայ Քաղաքին եւ անոր արուարձաններուն մէջ գտնուող հայ կաթողիկէներուն քաջարի հոգեւոր հովիւը։ Իր խնդրանքներուն վրայ Սելանիկ Լազարիսթ հայրերը լայնօրէն կը բանան իրենց հաստատութեանց դռները եւ Զէյթինլիկ կոչուած վայրի իրենց կղերանոցի հսկայ շէնքը սիրայօժար կը տրամադրեն հայ գաղթականներուն։ Նոյն արուարձանին մէջ, Գերյ․ վարդապետը եւս կ՛ունենայ իր պաշտօնատեղին եւ բնակարանը եւ յետ այնու կը լուծուի հոգւոց փրկութեան գործին բայց անոր յառաջացած տարիքը թոյլ չի տար դժբախտաբար, որ Ան մեծ գործունէութիւն մը ունենայ կրօնական մարզէն դուրս։ Այս իսկ պատճառաւ, Սելանիկի առաքելութիւնը չի ստանար այն բարգաւաճումը, զոր պէտք էր ունենալ նման կարեւոր քաղաքի մը մէջ։

Նոյն սկզբնական շրջանին է, որ Վօլոյի մէջ կ՛ունենանք առաքելակայան մը։ Հ․ Կիւրեղ Զօհրապեան կ՛ըլլայ առաջին եկեղեցականը որ Վօլոյի գաղթական հայերուն հոգեւոր մխիթարութիւն կը տանի։ Յունաստանի շրջանը կատարած օրերուն, Հ․ Կիւրեղ այց մըն ալ կուտայ Վօլոյի հայրերուն։ Հոս կը գտնէ շուրջ երկու հազար գաղթական հայեր, որոնց մէջ նաեւ բազմաթիւ հայ կաթողիկէներ, առանց սակայն հոգեւոր հովիւի։ Հայութիւնը ամբողջ անխտրաբար կը կառչի իրենց այցելու այս բարի հովիւին ու կը խնդրէ որ զինքը չլքէ։ Հ․ Կիւրեղ ժամանակ մը կը մնայ Վօլօ, ուր կը զբաղի հոգ հոգւոցով ապա կը շարունակէ իր շրջանը, խոստանալով բոլորին հոգեւոր հովիւ մը ղրկել։ Այս խոստումը սակայն, չ՛իրագործուիր, քահանայի չգոյութեան պատճառաւ։ Այսուհանդերձ, Վօլոյի հայ կաթողիկէ ընտանիքները առանց քահանայի չեն մնար։ Յանձին Գերյ․ Մուրատեան Գերապայծառին, անոնք կ՛ունենան այցելու հովիւ մը, որ տարիներ ամբողջ պարբերաբար կը վարէ Վօլոյի հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը։

Սակայն 1938-ին, Մուրատեան Գերապայծառին մահուամբ, հայ համայնքի սակաւաթիւ հայ կաթողիկէ ընտանիքներուն հոգածութիւնը կը յանձնուի տեղւոյն լատին կղերին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2021, 08:24