Աղօթք Աղօթք 

«Ինչո՞ւ Տէր». Արհ. Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը:

Դառնանք Տիրոջ: Եկեղեցիները թող լեցուին հաւատացեալներու ներկայութեամբ: Ցոյց տանք աշխարհին, որ Աստուծոյ խօսքն ու պատուիրանները աւելի կարեւոր են մեզի համար եւ թէ մարդ միայն հացով չապրիր:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Կիրակի օրուայ պատարագէն առաջ տիկին մը տեսայ, որ մօտեցաւ Յիսուսի խաչափայտին եւ բարձրաձայն աղաղակեց՝ «ինչո՞ւ թոյլ կու տաս որ այս ամէնը պատահի մեզի հետ»: Ուշագրաւ երեւոյթ էր, թէ խաչափայտին վրայ արիւնլուայ գամուած անձի մը աղաղես «ինչու հետս այսպէս կը պատահի»: Թող տանք այս խորհուրդին եւ յառաջ անձինք:

 Տիրոջ աղաղակել եւ իր օգնութիւնը հայցել, թէ սուրբ գրային է եւ թէ արդար: Սաղմոսերգուն կը գրէ ՝ « ինչո՞ւ ով Տէր հեռու կը կենաս եւ տագնապի ժամանակները կը թաքնուիս» (Սղմ. 10:1): Եւ այլ տեղ կը գոչէ՝ « մինչեւ ե՞րբ թշնամիս իմ վրաս պիտի բարձրանայ» ( Սղմ. 13:2): Աստուծոյ բարձրացած աղաղակը երբեք անպատասխան չի մնար: « Տէրը պիտի լսէ երբ իրէն գոչեմ» (Սղմ. 4:3) սաղմոսը կը յայտարարէ: Նոյնինքն Քրիստոս մեզի սորվեցուց, որպէսզի  աղօթենք մեր առօրեայ հացին եւ Չարէն պաշտպանուելու համար:

Հիմա՝ այս բոլորը ըսելէն ետք, ինչ պատասխան կարելի է տալ վերոյիշեալ տիկնոջ  աղաղակին: Ինչո՞ւ աննախընթաց նեղութիւններ ու տագնապներ կ'ապրինք: Եւ ինչո՞ւ Աստուած թոյլ կու տայ այս բոլորին, որպէսզի պատահին:   

Յիսուս Յովհաննէս մկրտիչի ձեռքով մկրտուելէ ետք, Ս. Հոգին զինք անապատ կ'առաջնորդէ ծոմապահութեամբ աղօթելու համար: Քառասուն օրեր անօթի մնալէ ետք, հակառակորդը կը մօտենայ զինք փորձելու: « Եթէ դուն Աստուծոյ Որդին ես, ըսէ որ այս քարերը հաց ըլլան»: Յիսուս կը պատասխանէ՝ « Գրուած է՝ մարդ միայն հացով չէ, որ պիտի ապրի. հապա ամէն խօսքով, որ կ'ելլէ Աստուծոյ բերնէն» (Մտթ. 4:3-4): Հացը կարեւոր գոյատեւելու համար, սակայն ապրելու համար Աստուծոյ խօսքը եւ պատուիրանները նոյնքան եւ աւելի կարեւոր են, քան մեր առօրեայ հացը: Երկար ժամանակէ սորված ենք միայն մեր «հանապազորդդ» հացին համար աղօթել, ապրիլ եւ ջանք դափել: Եւ ահաւասիկ այդ հացը պակսեցաւ: Արդեօ՞ք մեր աղաղակն ու աղօթքը փոխուեցաւ: Սատանան դարձեալ մեր այս նոր «անօթութեան»  մէջ անգամ մը եւս իր նենգութեամբ կը մօտենայ ըսելու՝ «եթէ Աստուծոյ որդիներ էք, ան պարտաւոր է ձեր առօրեայ հացը ապահովելու»: Իսկ մենք, փոխանակ մեր Տիրոջ նման ըսելու՝ մարդ միայն հացով չապրիր, անոր՝ սատանային հետ սակարկութեան կը նստինք: Եւ բնականօրէն Չարին հետ սակարկել, կը նշանակէ վախ, յուսահատութիւն, ընկճում եւ տեսակ-տեսակ հիւանդութիւններ:

Այո՝ Աստուած պիտի օգնէ իր զաւակներուն, եթէ կարենանք խաչեալին նման մեր խաչերը շալկած ըսել՝ «իմ հոգիս քու ձեռքերուն մէջ կը յանձնեմ»:

Դառնանք Տիրոջ: Եկեղեցիները թող լեցուին հաւատացեալներու ներկայութեամբ: Ցոյց տանք աշխարհին, որ Աստուծոյ խօսքն ու պատուիրանները աւելի կարեւոր են մեզի համար եւ թէ մարդ միայն հացով չապրիր: Չդադրինք աղօթելէ եւ աղաղակելէ: Այն ժամանակ, Աստուած պիտի լսէ մեր աղաղակը եւ առաքէ իր հրեշտակները մեզի ծառայելու համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2021, 08:18