Արհ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի Քահանայական ձեռադրութեան 50 ամեակ Արհ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի Քահանայական ձեռադրութեան 50 ամեակ

Յոբելենական գոհաբանական սուրբ պատարագ Արհ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի Քահանայական ձեռադրութեան 50 ամեակին առթիւ։

1971 Յուլիսին իր ծննդավայրը վերադառնալով Արհ Պետրոս Միրիաթեան Քահանայական ձեռնադրութիւնը կ՜ընդունի տեղւոյն առաջնորդ Արհիապատիւ Գէորգ Եպիսկոպոս Լայեքեանի ձեռամբ նշանակուելով Մայր Օգնութեան Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ։
Ունկնդրէ լուրը

Հալէպի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանէն կը տեղեկանանք թէ յառաջիկայ Կիրակի 5 սեպտեմբերի առաւօտեան 10ին Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ յոբելենական գոհաբանական սուրբ պատարագ, զոր պիտի մատուցանէ Բերիոյ Թեմի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդը, Արհ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, իր Քահանայական ձեռադրութեան 50 ամեայ ոսկեայ յոբելեանին առիթով։

Արհ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանը ծնած է Հալէպ` 26 փետրուար 1948ին։ Նախնական ուսումները իր ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք, 1960ին կը մեկնի Լիբանան ու կը մտնէ Զմմառու Միաբանութեան փոքր կղերանոց, ուր կը շարունակէ իր ուսումները մինչեւ Հռոմ մեկնիլը 1966 թուականին, ուր աշակերտելով Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանին, Յիսուսեաններու Գրիգորեան Համալսարանին մէջ կը հետեւի Փիլիսոփայական եւ Աստուածաբանական ուսումներուն, արժանանալով Աստուածաբանական Բարձրագոյն վկայականին։ 1971 ին Ան կ՛աւարտէ նաեւ Լեւոնեան Քահանայապետական դպրեվանքի Հայագիտական եւ պատմաբանասիրական ուսումը իր աւարտաճառի որպէս նիւթ ընտրելով «Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի միութենական նամականին»։

Նոյն տարուայ Յուլիսին իր ծննդավայրը վերադառնալով Արհ Պետրոս Միրիաթեան Քահանայական ձեռնադրութիւնը կ՜ընդունի տեղւոյն առաջնորդ Արհիապատիւ Գէորգ Եպիսկոպոս Լայեքեանի ձեռամբ նշանակուելով Մայր Օգնութեան Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ։

1972 կը հրատարակէ Առաջնորդարանի Պաշտօնական պարբերաթերթը հայերէն լեզուով։

1973էն 1988 կը ստանձնէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ «Ալ Իման» վերաբացուած թեմական ճեմարանի տնօրէնութիւնը։

1978ին կ՛անուանուի դատախազ միջհամայնքային եկեղեցական Ատեանին։

1980ին կը հիմնէ թերաճ մանուկներու օգնութեան նուիրուող «Հաւատք եւ Յոյս» միութիւնը։

1981ին Հալէպի Համալսարանէն կը ստանայ Արաբական Գրականութեան բարձրագոյն վկայականը։

1983ին կը ստանայ ծայրագոյն Վարդապետի աստիճանը եւ կը նշանակուի Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմին ընդհանուր Փոխանորդ։

1989ի օգոստոսի 21ին Հռոմի մէջ գումարուած հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը, զինք կ՜ընտրէ առաջնորդ Հալէպի Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան։ Եպիսկոպոսական օծումը կը ստանայ 1990ին փետրուարի 4ին ձեռամբ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ Գասպարեան Կաթողիկոս Պատրիարքին։

Արհիապատիւ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեան 1992 էն ի վեր կը վարէ հետեւեալ պաշտօնները.

- Առաքելական կառավարիչ Գամիշլիի եւ Բարձր Ճեզիրէի Թեմին

- Անդամ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Մարմնին

- Անդամ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան մնայուն սիւնհոդոսին եւ Դատական Բարձրագոյն ատեանին

- Ատենապետ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Համամիութենական յանձնախումբին

- Ատենապետ Սուրիոյ Սուրբ Գրոց ընկերութեան

- Նախագահ Հալէպի Կաթողիկէ Քրիստոնէական միութեան

Ան` իր հասարակական, մարդասիրական սկզբունքներու վրայ հիմնուած ազգանուէր ծառայութեան, եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման գործին մէջ ներդրումին համար արժանացած է զանազան շքանշաններու, որոնց շարքին «ՆԱՆՍԵՆԵԱՆ» Ոսկէ շքանշանը եւ Հ.Հ. Ոսկէ մետալը։

Գերապայծառ Միրիաթեան հեղինակ է զանազան լեզուներով բազմաթիւ հրատարակութիւններու, ուսումնասիրութիւններու եւ գրութիւններու։

Անցեալ 26 մայիս 2021ին յետ վախճանման Ամենապատիւ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին, դարձաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պատրիարքական Կառավարիչ, պաշտօն զոր պիտի վարէ մինչեւ նոր Պատրիարքի ընտրութիւնը որ նախատեսուած է սեպտեմբեր ամսոյն աւարտին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/09/2021, 08:23