Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ 

Կարդինալ Սաքօ. «Պէտք է մտածել Եկեղեցին կառավարելու նոր ձեւի մը»։

Որոշում կայացաւ պատրիարքութեան անունը Բաբելոնի Քաղդէացիներու Պատրիարքութիւն անուանումէն վերածել պարզապէս Քաղդէացիներու Պատրիարքութիւն անունին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Իրաքի մէջ վերջ գտաւ Քաղդէական եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսը, որուն ընթացքին որոշում կայացաւ նաեւ փոխել պատրիարքութեան անունը ու զայն Բաբելոնի Քաղդէացիներու Պատրիարքութենէն վերածել պարզապէս Քաղդէացիներու Պատրիարքութիւն։ Այս մասին Վատիկան Նիուզի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է Քաղդէացիներու Եկեղեցւոյ Պատրիարքը` Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքոն։

Քաղդէական Եկեղեցւոյ վերանորոգումը

Արդարեւ անցեալ 9էն 14 օգոստոսին Իրաքի մէջ կայացաւ Քաղդէացիներու Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի սիւնհոդոսը նախագահութեամբ Եկեղեցւոյ Գլուխ ու Հայր Պատրիարք Լուիս Ռաֆայէլ Սաքոյին։ Նիստերու ընթացքին սիւնհոդոսական հայրերը կեդրոնական նիւթերու շարքին քննարկեցին Քաղդէական Եկեղեցւոյ վերանորոգումը, ծէսի ու քրիստոնէականի բարեկարգումը, կղերին կազմաւորումը, Իրաքի մէջ քրիստոնեաներուն կացութիւնը ու նաեւ անդրադարձան երկրին քաղաքական եւ ընկերային կեանքի իրավիճակին. որուն շրջագիծէն ներս կոչ ուղղուեցաւ քրիստոնեայ քաղաքական գործիչներուն իրենց ծառայութիւն մատուցելու ի սպաս երկրի բարօրութեան ու բարիքին։

Աշխարհականներու ու կիներու դերը

Կարդինալ Սաքօ դիտել տուաւ որ համաճարակին պատճառաւ ստիպուած եղած էին յետաձգել երկու տարի առաջ նախատեսուած սոյն սիւնհոդոսը, որուն ընթացքին, ըսաւ Ան, խօսեցանք նաեւ սիւնհոդոսականութեան մասին, եկեղեցւոյ մէջ կիներու ու աշխարհականներու դերակատարութեան մասին։

Քաղդէացիներու եկեղեցի

Պատրիարքութեան անունի փոփոխութեան որոշումը բացատրելով Կարդինալ Սաքօ նշեց թէ Բաբելոնը աւելի քաղաքական բնոյթ ունեցող անուն մըն էր, որ ոչ մի կապ ունի Եկեղեցւոյ հետ, ու թէ այժմ եկեղեցւոյ աթոռը կը գտնուի Պաղտատի մէջ ու ճանչցուած է որպէս Քաղդէացիներու եկեղեցի, ուստի որոշուեցաւ որդեգրել աւելի տարածուած եւ ընդունակ այս անունը։

Սիւնհոդոսականութիւնը

Մատնանշելով հուսկ սիւնհոդոսականութեան նիւթին կարդինալ Սաքօ նշեց թէ Արեւելեան Եկեղեցիները երկար փորձառութիւն ունին այդ կապակցութեամբ ու թէ Լատին Եկեղեցին կարող է ներշնչում քաղել այդ փորձառութենէն։ Ան ապա հաստատեց «հարկաւոր է մտածել Եկեղեցին մատակարարելու նոր ձեւի մը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/08/2021, 08:30