Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (Կ)

Այսօրուան հաղորդաշարի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք Հաւատացելոց Պատարագի շարունակութեան:

Կ. Հաղորդում

Ունկնդրէ լուրը

Վերաբերումն Ընծայից

Ընծաներու վերաբերումը կը սկսի, երբ սարկաւագը նախ կը խնկարկէ սուրբ Սեղանը, լռելեայն ըսելով Սաղմոս Ծ. «Ողորմեա ինձ, Աստուած, ըստ մեծի ողորմութեան քում»: Ապա սարկաւագը համբուրելով սուրբ սեղանը եւ պատարագիչին աջը, կը դառնայ դէպի աջակողմեան խորհրդանոցը, կը խնկարկէ Սկիհը և ընծաները, մինչեւ աւարտիլը սաղմոսին: Այնուհետեւ բուրվառը կու տայ ուրիշ սարկաւագի եւ ինք համբուրելով ընծաները, բարձրացուցած կը տանի հիւսիսակողմէն դէպի պատարագիչը. երբ կը հասնին խորանի աստիճանին, վերաբերողը հետեւեալ սաղմոսը կ'ըսէ. «Համբարձէ՛ք, իշխանք, զդրունս ձեր ի վեր, համբարձցին դրունք յաւիտենից, եւ մտցէ Թագաւոր փառաց»: Եւ պատարագողն կը խնկարկէ եւ կը հարցնէ. «Ո՞վ է Սա, Թագաւոր փառաց, Տէր հզօր զօրութեամբ Իւրով, Տէր կարող ի պատերազմի»: Վերաբերողը դարձեալ կ'ըսէ. «Համբարձէ՛ք, իշխանք, զդրունս ձեր ի վեր, համբարձցին դրունք յաւիտենից եւ մտցէ Թագաւոր փառաց»: Քահանան կը հարցնէ. «Ո՞վ է Սա, Թագաւոր փառաց եւ Տէր զօրութեանց». Վերաբերողը կը պատասխանէ. «Սա՛ Ինքն է Թագաւոր Փառաց»: Եւ պատարագիչը խնկարկելով սուրբ սեղանին եւ սկիհին, կ'երկրպագէ ահիւ եւ դողութեամբ, կ'առնէ ընծաները սարկաւագի ձեռքէն, դառնալով կը բարձրացնէ ի տես ժողովրդեան եւ կը խաչակնքէ ժողովուրդը, ըսելով. «Օրհնեալ եկեալ անուամբ Տեառն, օրհնութիւն ի բարձունս»: Դպիրները «Ալէլուիա» կը ձայնեն: Այստեղ, պատարագիչի Սուրբ Սեղանը և Սկիհը խնկարկելը յիշատակն է իւղաբեր կանանց կողմէ յարութեան առաւօտեան Քրիստոսի գերեզմանի համար բերուած խունկին (Ղուկաս 24:1):

Անցեալին՝ Սուրբ Սկիհի վերաբերումը հանդիսաւոր օրերուն կը կատարուէր բեմէն դաս իջնելով, ապա՝ բեմ, իսկ Աւագ Հինգշաբթի օրը բեմէն իջնելով եկեղեցւոյ ամբողջ շրջանը կ'ընէին: Սրբասացութիւնը և վերաբերումը հանդիսաւոր ձեւով կը կատարուին օրուան տօնին համապատասխան հոգեշունչ տաղեր երգելով, ինչպէս նաեւ քշոցներ հնչեցնելով, որոնք ԺԴ. դարու սկիզբին մուտք գործած են հայկական Պատարագին մէջ: Մեր նախնիները այս կարգը բնորոշած են որպէս «Գեղեցիկ ու աստուածավայելուչ կարգ»: Ծէսերուն համեմատ, ընծաներու վերաբերումը սկիզբ կ'առնէ առաւել կամ նուազ հանդիսաւորութեամբ: Այսպէս՝ վերաբերումը բացառիկ շուք կը ստանայ Բիւզանդական ծէսին մէջ: Բացի հայ և յոյն ծէսերէ, միւսները չունին վերաբերումի թափօր. Կան միայն երգեր և խնկարկութիւն: Իսկ յարաբերաբար աւելի պարզ հայ ծէսին մէջ:

Մատուցումն Ընծայից

Վերաբերումէն ետք, ընծաները կը զետեղեն ի սեղանն եւ քահանան կրկին կը լուայ իր ձեռքի մատներուն ծայրերը կոնքին մէջ, որպէս մաքրութեան ու անարատութեան նշան, որովհետեւ իր մատներով պիտի դպչի Քրիստոսի Ս. Մարմնին և Արեան, և ի ծածուկ մէկ տուն սաղմոս կ'ըսէ. «Լուացից սրբութեամբ զձեռս իմ եւ շուրջ եղեց զսեղանով Քով, Տէ՛ր», և գոհութիւն յայտնելով, կը բանայ սկիհին ծածկոցը, որպէսզի երեւի սուրբ նշխարը:

Քարոզ Մատուցման

Ապա սարկաւագը՝ «Եւ եւս հաւատով եւ սրբութեամբ կացցուք» քարոզը կ'ըսէ բարձրաձայն:

Աղօթք Մատուցման

Մինչ սարկաւագը կը քարոզէ, պատարագիչը այդ միջոցին բազկատարած կ'աղօթէ ի ծածուկ Ս. Աթանասի վերագրուած. «Տէր Աստուած զօրութեանց եւ Արարիչ ամենայն լինելութեանց» աղօթքը. Որմէ ետք, կը սկսի ողջոյնի պահը:

Ողջոյն

Հայ ծէսին մէջ խաղաղութեան և սիրոյ ողջոյնը, Լատին ծէսին հակառակ, հայ ծէսին մէջ կը տրուի բուն «Կանոն»-էն առաջ, Տիրոջ հրամանին համաձայն, թէ «նախ հաշտուէ եղբօրդ հետ և ապա եկուր և պատարագդ մատուցանէ» (Մտթ. 5,24):

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/08/2021, 07:51